Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կը պատրաստուին այցելելու Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ «Թրենտ»-ի, Եըլտըրըմ եւ Չաւուշօղլու կը պատրաստուին մասնակցելու 15-17 մարտին նախատեսուած Պաքուի 5-րդ համաշխարհային համախմբումին:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ անոնք հանդիպումներու շարք մը ունենան ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:



