Երուսաղէմի մեծագոյն քրիստոնէական եկեղեցիները 28 փետրուարի առաւօտուն վերաբացած են Ս. Յարութեան տաճարի դռները` վերջ տալով եռօրեայ բողոքին, որ ուղղուած էր քաղաքապետարանի` եկեղեցիներէն ու վանքերէն հարկեր գանձելու որոշումին դէմ:
Երուսաղէմի քաղաքապետարանի հաշուարկներուն համաձայն, եկեղեցիները քաղաքի պիւտճէին պարտք են աւելի քան 186 միլիոն տոլար:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ եկեղեցականները ուխտաւորներու համար դարձեալ հասանելի դարձուցած են Յիսուսի խաչելութեան, գերեզմանոցի եւ յարութեան սրբավայրերը, որովհետեւ Երուսաղէմի իշխանութիւնները հարկերու սահմանումին շուրջ բանակցութիւններու սկսելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:
Կը հաղորդուի, որ տաճարի վերաբացումէն ետք հարիւրաւոր ուխտաւորներ եկած են եկեղեցի:
Ս. Յարութեան տաճարի փակուած դռները բացած են Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնք իշխանութիւններու որոշումին դէմ բողոքի կազմակերպիչներն էին:
Եկեղեցական ղեկավարները իրենց հրապարակած յայտարարութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնած են երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին` խնդիրին վերաբերեալ «կառուցողական միջամտութեան» համար` պատրաստակամութիւն յայտնելով համագործակցելու փոխզիջումի տարբերակ գտնելու ուղղութեամբ աշխատող միջկառավարական աշխատանքային խումբին հետ:
Բացի ատկէ, Իսրայէլ համաձայնած է զիջում կատարել եկեղեցիներուն հետ մէկ այլ վիճակայարոյց հարցի մէջ` սառեցնելով հողերու գրաւման մասին օրինագիծը: