Ապտի. «Շարհի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Որեւէ Յաջողութիւն Կախեալ Է Թուրքիոյ Դերակատարութենէն»
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի յայտնեց. «Դամասկոսի մէջ մեր վերջին բանակցութիւններուն հասարակաց պնդում եւ ուժեղ կամք կար համաձայնութեան կէտերու գործադրումը արագացնելու: Եւ կարեւորագոյն կէտը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու եւ քրտական ներքին ապահովութեան ուժերու սուրիական պաշտպանութեան ու ներքին գործոց նախարարութիւններու ծիրին մէջ համարկման մեքանիզմին առնչուած սկզբունքային փոխադարձ հասկացողութեան հասնիլն է»: Ան այս մասին յայտնեց ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Պատասխանելով...




















