Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Քաղաքագէտներու, Ներառեալ Վարչապետին Վրայ Յարձակումներ Գործելու Ծրագիր Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

October 14, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքական կառավարական աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Վարչապետ Պարթ Տէ Ուեվեր թիրախն էր ծայրայեղականներու կողմէ ոգեշնչուած ծրագիրի մը, որուն նպատակը ականուած անօդաչու թռչող սարքերով քաղաքական գործիչներու վրայ յարձակում գործելն էր»:

Պելճիքայի ընդհանուր դատախազութիւնը նախքան այդ յայտարարած էր, թէ այս հարցով երեք անձեր ձերբակալուած են:

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Փրեւօ ֆրանսական լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին երկրի վարչապետը թիրախաւորելու ծրագիրը «ցնցիչ» որակեց` երախտագիտութիւն յայտնելով ապահովական ծառայութիւններուն եւ արդարադատութեան, որոնց «արագ աշխատանքը արտօնեց յոռեգոյնէն խուսափիլ»:

Դաշնակցային ընդհանուր դատախազ Անն Ֆրանսեն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հիւսիսային Անթուերփ քաղաքին մէջ «ահաբեկչական սպանութեան փորձի եւ ահաբեկչական խմբաւորման գործունէութեան մասնակցութեան» շուրջ հետաքննութեան ծիրին մէջ երեք անձեր ձերբակալուած են:

«Կարգ մը տուեալներ ցոյց կու տան, թէ կասկածեալները մտադիր էին քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ ժիհատական գաղափարախօսութենէն ներշնչուած ահաբեկչական յարձակում գործել», նշեց ան:

«Նաեւ ցուցանիշեր գոյութիւն ունին, թէ անոնք կը ջանային կառուցել բեռներ կրելու կարող անօդաչու թռչող սարք», աւելցուց դաշնակցային ընդհանուր դատախազը:

Ան յայտնեց. «Կասկածելիներէն մէկուն տան խուզարկման ընթացքին յայտնաբերուեցաւ ձեռակերտ ական մը, որ տակաւին պատրաստ չէր օգտագործման, ինչպէս նաեւ պայուսակ մը, որ մետաղեայ գնդիկներ կը պարունակէր»:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Ներգրաւուած Է Նախագահ Ռայիսիի Մահուան Մէջ» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխան Մը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.