Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ Շարմ Շէյխի բանակցութիւններուն մէջ միջնորդները հինգշաբթի արշալոյսին յայտարարեցին, թէ երկու կողմերը գոյացուցած են համաձայնութիւն մը, որ պիտի արտօնէ դադրեցնել Կազայի պատերազմը:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի արշալոյսին յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ Համաս շարժումը Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան առաջին փուլի գործադրութեան բոլոր կէտերուն ու մեքանիզմներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, ինչ որ պիտի յանգեցնէ Կազայի պատերազմի դադրեցման:
Նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Միջնորդները կը յայտարարեն, թէ գիշերը համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան առաջին փուլի գործադրութեան բոլոր կէտերուն եւ մեքանիզմներուն շուրջ»:
Ան աւելցուց, որ այս համաձայնութիւնը «կը յանգեցնէ պատերազմի դադրեցման, իսրայէլացի կալանաւորուածներու եւ պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւններու հասանելիութեան»:
Գերիներու Ազատ Արձակման
Օրուան Շուրջ Անորոշութիւն
Գերիներու ազատ արձակման շուրջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան հակասական տեղեկութիւններ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ եւ «Սի.Էն.Էն.»-ը հաղորդեցին, թէ գերիներու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ կամ կիրակի օր: «Էսոշիէյթըտ Փրես», մէջբերելով իր աղբիւրները, հաղորդեց, որ Համաս բոլոր ողջ մնացած 20 գերիները ազատ պիտի արձակէ շաբաթավերջին, եւ իսրայէլեան ուժերը պիտի հեռանան Կազայի շրջաններուն մեծամասնութենէն:
Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր մը «Ռոյթըրզ»-ին ըսաւ, թէ Իսրայէլ կը նախատեսէ, որ գերիները սկսին ազատ արձակուիլ շաբաթ օր:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Գերիներու, ներառեալ սպաննուածները, ազատ արձակումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օր»:
Համասէն աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ գերիներու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ համաձայնութեան գործադրութեան սկիզբի առաջին 72 ժամուան ընթացքին:
Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Թուրքիան պիտի մասնակցի Կազայի մէջ գերիներու դիակները գտնելու միացեալ աշխատանքային ուժին»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ այդ ուժին Թուրքիոյ կողքին մաս պիտի կազմեն Միացեալ Նահանգները, Քաթարը, Եգիպտոսը եւ Իսրայէլը:
Համաձայնութեան Կէտերը
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Համասէն ղեկավարի մը համաձայն, նախ եւ առաջ ողջ մնացած իսրայէլացի գերիները պիտի փոխանակուին 250 ցկեանս բանտարկուած պաղեստինցիներու եւ հոկտեմբեր 2023-էն ետք ձերբակալուած 1700 պաղեստինցիներու հետ:
Պաղեստինեան լաւատեղեակ աղբիւր մը իր կարգին յայտարարեց, թէ այդ փոխանակումը պէտք է տեղի ունենայ համաձայնութեան գործադրութեան սկսելէն ետք 72 ժամուան ընթացքին:
Ան աւելցուց, որ համաձայնութեան պաշտօնապէս ստորագրութենէն ետք զինադադարին յաջորդող առաջին 5 օրերու ընթացքին օրական մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած առնուազն 400 բեռնակառքեր մուտք պիտի գործեն Կազա, ապա յաջորդող օրերուն անոնց թիւը պիտի բարձրանայ:
Համաձայնութեան գործադրութեան սկսելէն անմիջապէս ետք տեղահանուածները պիտի սկսին հարաւէն վերադառնալ Կազա քաղաք եւ Կազայի հիւսիսային շրջան:
Ինչ կը վերաբերի Կազայի շուրջ համաձայնութեան երկրորդ փուլի գործադրութեան շուրջ բանակցութիւններուն, ապա անոնք պիտի սկսին առաջին փուլի գործադրութիւնը սկսելէն անմիջապէս ետք:
Համաձայնութիւնը նաեւ կը նշէ, թէ իսրայէլեան բանակը պիտի սկսի Կազայէն հեռանալ նախապէս գոյացած եւ Սպիտակ տան կողմէ յայտարարուած Թրամփի ծրագիրին հիմամբ:
Յիշեցնենք, որ այդ ծրագիրին հիմամբ Կազան ապազինեալ շրջան պէտք է ըլլայ եւ պէտք է վերաշինուի:
Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան յայտնեց. «Պաղեստինեան խմբաւորումները Կազայի կառավարման պատասխանատուութեան ստանձնման համար 40 անուններ առաջարկեցին, Կազայի կառավարումը ազգային հարց է, եւ որեւէ արտաքին միջամտութիւն պիտի չընդունինք»:
Թրամփ. «Իսրայէլ Եւ Համաս Ստորագրեցին
Խաղաղութեան Մեր Ծրագիրը»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իսրայէլն ու Համասը համաձայն գտնուեցան խաղաղութեան մեր ծրագիրի առաջին փուլին»` նշելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի պատերազմին վերջ տալու:
«Իսրայէլ իր ուժերը պիտի հեռացնէ դէպի համաձայնեցուած գիծ մը` իբրեւ ուժեղ ու տեւական խաղաղութեան ուղղութեամբ առաջին քայլ», ըսաւ ան:
«Կազայի մէջ պահուող գերիները հաւանաբար երկուշաբթի օր ազատ արձակուին», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Մեծ աջակցութիւն ստացանք եւ ամբողջ աշխարհի ջանքերը կեդրոնացան Կազայի շուրջ համաձայնութեան վրայ»:
«Կազայի վերաշինութիւնը պիտի տեսնէք, եւ մենք խաղաղութեան յանձնախումբ մը կազմելու վրայ ենք, եւ մարդոց հոգ պիտի տարուի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շրջանի պետութիւնները կ՛ուզեն Կազայի մէջ վերաշինութիւն կատարել, եւ ատոր մէջ եւ Կազան խաղաղ պահելու մէջ անոնց պիտի օգնենք»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ըսի, թէ Իսրայէլ չի կրնար աշխարհի դէմ պատերազմիլ, եւ ան ատիկա լաւ հասկցաւ», նշեց Թրամփ:
«Ես չափազանց վստահ եմ, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ: Կը Կարծեմ, որ Իրան խաղաղութեան հոլովոյթին մաս պիտի կազմէ», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Ան ըսաւ, որ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլ այցելէ` աւելցնելով. «Թերեւս Քնեսեթի մէջ խօսք արտասանեմ: Կ՛ուզեն, որ Քնեսեթի մէջ խօսք արտասանեմ, եւ ատիկա հաստատօրէն պիտի կատարեմ, եթէ այդ մէկը ուզեն»:
«Ամբողջ աշխարհի ջանքերը այս համաձայնութեան վրայ կեդրոնացան, ներառեալ ջանքերը այն պետութիւններուն, որոնք իրարու թշնամի էին, եւ ատիկա մեծ ձեռքբերում է», շեշտեց Թրամփ:
Նշենք, որ ան նախքան այդ յայտնած էր, որ հաւանաբար Եգիպտոս այցելէ եւ կրնայ Կազա այցելել:
Խաղաղութեան Նախագահ
Առաջին փուլի շուրջ համաձայնութեան գոյացման մասին Թրամփի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, Սպիտակ տունը «Էքս»-ի վրայ հրապարակեց անոր լուսանկարը, որուն վրայ գրուած էր` «Խաղաղութեան նախագահը»:
Արձագանգներ
Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան գոյացման մէջ դերակատարութիւնը` նշելով. «Անկասկած, ատոր համար խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի արժանի է»:
Ան համաձայնութիւնը որակեց «հաշտութեան, առողջացման եւ մեր շրջանին համար յոյսի նոր հորիզոն բանալու առիթ մը»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Թրամփին ու վարչապետ Նեթանիահուին` «համաձայնութեան առաջնորդած իրենց ղեկավարութեան համար»:
Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի իր կարգին Թրամփը կոչեց «իսկական խաղաղարար»:
Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու յայտարարեց. «Այսօր Իսրայէլի համար մեծ օր է, եւ վաղը համաձայնութեան հաւանութիւն տալու համար կառավարութեան նիստ պիտի գումարեմ»` նշելով. «Միասնաբար պիտի շարունակենք մեր բոլոր նպատակները իրագործել եւ մեր դրացիներուն հետ խաղաղութիւնը ամրապնդել»:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ողջունեց «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու համաձայնութեան գոյացումը յայտարարելը»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես առնչակից կողմերը յորդորեց այս պատմական առիթը օգտագործելու` հաստատելու քաղաքական հաւաստի հոլովոյթ մը, որ կ՛առաջնորդէ իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալուն, պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ իրագործելու երկու պետութիւններու լուծումը, որ իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն կարող կը դարձնէ խաղաղ ու ապահով ապրելու` աւելցնելով. «Վտանգները երբեւէ այսքան վտանգաւոր չեն եղած»:
Կութիերես գնահատեց Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ թափած ջանքերը` «իրագործելու համար այս ձեռքբերումը, որուն չափազանց կարիքը ունինք»:
Աւստրալիոյ վարչապետ Անթոնի Ալպանեզ ողջունեց Թրամփի կողմէ Իսրայէլի եւ Համասի Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագիրի առաջին փուլի համաձայնութեան ստորագրման յայտարարութիւնը` նշելով, որ այդ քայլը դէպի խաղաղութիւն անհրաժեշտ յառաջընթաց է, եւ կողմերուն կոչ ուղղեց` յարգելու Թրամփի ծրագիրի կէտերը:
Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի շնորհաւորեց Թրամփը անոր ղեկավարութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ` բանակցութիւններուն աջակցելու իրենց ժրաջան աշխատանքին համար:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս գովաբանեց համաձայնութիւնը եւ զայն որակեց «դիւանագիտական ձեռքբերում»` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը անոր գործադրութեան աջակցելու ջանք պիտի չխնայէ»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «Մենք ուրախ ենք, որ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ Թուրքիոյ օգնութեամբ բանակցութիւնները Կազայի մէջ զինադադարի յանգեցան»:
Ան Միացեալ Նահանգներու նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց համաձայնութեան համար եւ Ամերիկային ու Քաթարին` իսրայէլեան կառավարութիւնը համաձայնելու քաջալերելու քաղաքական կամք ցուցաբերելնուն համար, ինչպէս նաեւ «մեծ գոհունակութիւն» արտայայտեց:
«Մօտէն պիտի հետեւինք համաձայնութեան խիստ գործադրութեան եւ պիտի շարունակենք նպաստել գործողութեան: Պիտի շարունակենք մեր պայքարը գերիշխան, 1967-ի սահմաններուն հիմամբ ամբողջական աշխարհագրական տարածք եւ Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման համար», շեշտեց Էրտողան:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի նշեց. «Միջին Արեւելքէն լաւ լուրեր կու գան, եւ պատրաստ ենք Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման օգնելու»:
«Պատրաստ ենք Կազայի վերաշինութեան մասնակցելու եւ ուժեր ուղարկելու, եթէ միջազգային խաղաղապահ ուժ կազմուի», յայտնեց Թայանի:
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես յայտնեց. «Պէտք է Կազայի մէջ համաձայնութեան գործադրութեան համար ամէն բան ընենք»:
«Նեթանիահուի կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութեան եւ դէպի վերջնական խաղաղութիւն իսկական քայլեր որդեգրէ», նշեց Սպանիոյ դիւանագիտութեան պետը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ողջունեց «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ քաթարցի, եգիպտացի եւ թուրք միջնորդներու ջանքերով» գոյացած համաձայնութիւնը, եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` խստօրէն յարգելու համաձայնութեան կէտերը:
«Համաձայնութիւնը պէտք է պատերազմին աւարտ եւ երկու պետութիւններ սկզբունքին վրայ հիմնուած քաղաքական լուծումի սկիզբ ըլլայ», նշեց Մաքրոն:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեց. «Կազայի համաձայնութիւնը միայն պատերազմի էջը չի փակեր, այլ նաեւ շրջանի ժողովուրդներուն վաղուան նկատմամբ արդար ու կայուն յոյս կը ներշնչէ»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւնը` նշելով. «Անիկա կարեւոր քայլ է դէպի շրջանին մէջ համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան հաստատում»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ողջունեց համաձայնութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «անոր պիտի հետեւին երկու տարիէ ի վեր շարունակուող պատերազմին վերջ տալու քայլեր»:
«Կազայի մէջ ներկայիս զինադադար հաստատելու համաձայնութեան որդեգրումը կրնայ միայն ընդհանուր գոհունակութիւն պատճառել: Կ՛ողջունենք բոլոր այս ջանքերը», նշեց ան` աւելցնելով. «Կը յուսանք, որ այսօր անոր ստորագրումը տեղի ունենայ, եւ անոր հետեւին փոխադարձ հասկացողութիւններու գործադրութեան քայլեր»: