Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքին Յորդորած Է Թրամփին Միջնորդելու Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման

October 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` յորդորելով անոր միջնորդելու Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատելու հարցին մէջ, ինչպէս ան ըրաւ Միջին Արեւելքի մէջ:

«Ես շնորհաւորած եմ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Միջին Արեւելքի համաձայնագիրին համար, որ ան կրցաւ ապահովել, ինչ որ ակնառու նուաճում է», Զելենսքի գրած է Դիմատետրի վրայ:

Ուքրանիոյ ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է. «Եթէ պատերազմը կարելի է կանգնեցնել մէկ շրջանի մէջ, ապա անկասկած կարելի է կանգնեցնել նաեւ միւս պատերազմները, ներառեալ Ռուսիոյ պատերազմը»:

Ան «Թելեկրամ»-ի վրայ ալ նոյն գրառումը կատարելէ ետք աւելցուցած է. «Նախագահ Թրամփին մեր ուժանիւթի ոլորտին վրայ ռուսական յարձակումներուն մասին տեղեակ պահեցի: Շնորհակալութիւն մեզի աջակցելու պատրաստակամութեան համար: Մենք քննարկեցինք օդային պաշտպանութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները եւ այն համաձայնագիրները, որոնց մենք կը պատրաստուինք ատոր համար: Կան լաւ տարբերակներ, հզօր գաղափարներ:

«Մեզի անհրաժեշտ է ռուսերու պատրաստակամութիւնը` մասնակցելու իրական դիւանագիտութեան: Ասիկա կրնար ապահովուիլ ուժի միջոցով: Շնորհակալութի՛ւն, պարոն նախագահ»:

ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Ուիթաթըր յայտարարեց, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռուսիոյ վրայ ճնշելու եւ ուքրանական տագնապը լուծելու համար «շատ աւելի» խաղաքարտեր ունի:

Ամերիկացի դիւանագէտը Պրիւքսելի մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ շեշտած է, որ գրեթէ չորս տարիէ ի վեր շարունակուող տագնապին երկու կողմերն ալ ստիպուած պիտի ըլլան զիջումներ կատարել` խաղաղութիւն հաստատելու համար:

 

Նախորդը

Թրամփ Չինաստանէն Ներածուող Ապրանքներու Վրայ Լրացուցիչ 100 Առ Հարիւր Մաքսատուրքերու Սահմանումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Քոպախիծէ. «Պատրաստ Ենք Որոշակի Ճամբու Քարտէսով Վերականգնելու Միացեալ Նահագներու Հետ Յարաբերութիւնները»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.