Սիսի. «Թրամփը Կը Հրաւիրեմ Եգիպտոս` Ներկայ Գտնուելու Ստորագրութեանը Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան, Եթէ Համաձայնութիւնը Գոյանայ»
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը հրաւիրեց Եգիպտոս` ներկայ գտնուելու Կազայի պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան ստորագրման, եթէ անիկա գոյանայ: «Պէտք է առիթը օգտագործել եւ նախանձախնդիր ըլլալ Կազայի պատերազմին վերջ տալու Շարմ Շէյխի բանակցութիւններու յաջողութեան», նշեց Սիսի: Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլորը ժրաջան աշխատանք կը տանին պատերազմի դադրեցման...




















