Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ գին վճարել, եթէ հրաժարի Ուքրանիոյ հարցով բանակցիլ: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:
«Եթէ Ռուսիան շարունակէ պահպանել իր անզիջող, ռազմատենչ դիրքորոշումը եւ հրաժարի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստիլ, ապա ստիպուած պիտի ըլլայ ատոր գինը վճարել», ըսած է Մաքրոն:
Թրամփ Եւս Կը Սպառնայ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ եթէ Ուքրանիոյ կացութիւնը չկարգաւորուի, Միացեալ Նահանգներ կրնան քննարկել Քիեւին «Թոմահոք» հրթիռներ մատակարարելու հարցը:
«Ես կրնամ ըսել. եթէ պատերազմը կարելի չըլլայ դադրեցնել, ես անոնց պիտի ուղարկեմ «Թոմահոք» հրթիռներ», ըսած է Թրամփ` անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հաւանական զրոյցին:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ վստահութիւն յայտնած է, թէ Փութին պիտի համաձայնի Ուքրանիոյ տագնապի խաղաղ լուծման:
Ան նաեւ հաստատած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ ունեցած «արդիւնաւէտ զրոյց»-ի մասին տեղեկութիւնները: