Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտի. «Շարհի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Որեւէ Յաջողութիւն Կախեալ Է Թուրքիոյ Դերակատարութենէն»

October 14, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի յայտնեց. «Դամասկոսի մէջ մեր վերջին բանակցութիւններուն հասարակաց պնդում եւ ուժեղ կամք կար համաձայնութեան կէտերու գործադրումը արագացնելու: Եւ կարեւորագոյն կէտը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու եւ քրտական ներքին ապահովութեան ուժերու սուրիական պաշտպանութեան ու ներքին գործոց նախարարութիւններու ծիրին մէջ համարկման մեքանիզմին առնչուած սկզբունքային փոխադարձ հասկացողութեան հասնիլն է»: Ան այս մասին յայտնեց ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Պատասխանելով Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին հարցումի մը` Ապտի ըսաւ. «Բանակցութիւններուն մէջ որեւէ յաջողութիւն հաստատօրէն կախեալ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ դերակատարութենէն»:

Ան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիան «ընթացող բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ օգնող ու նպաստող դեր կը կատարէ»:

«Սուրիոյ մէջ ապակեդրոնացեալ դրութիւն կը պահանջենք, եւ ատիկա մինչեւ հիմա դրական ընկալում չունի, եւ ատոր շուրջ չհամաձայնեցանք: Տակաւին հասարակաց եւ բոլորին կողմէ ընդունելի տարազի մը շուրջ կը բանակցինք», նշեց Ապտի:

«Հասարակաց կէտերը, որոնց շուրջ համաձայնեցանք, տարակարծութեան նիւթ եղող կէտերէն աւելի են», շեշտեց Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավարը:

«Համաձայն ենք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան, ազգային խորհրդանիշերու միասնականութեան, երկրի քաղաքական որոշումի անկախութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին», նշեց ան` աւելցնելով. «Համաձայն ենք, որ Սուրիան պատերազմի ժամանակին չվերադառնայ, ինչպէս նաեւ կայունութիւն ու անվտանգութիւն ըլլայ: Կը կարծեմ, որ ասոնք բաւարար ազդակներ են, որ տեւական համաձայնութեան հասնինք»:

Ապտի ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ վերջին հանդիպումի ընթացքին պահանջած է, որ Սուրիոյ գործող սահմանադրական հռչակագիրին կարգ մը կէտերը բարեփոխման կամ յաւելման ենթարկուին, մասնաւորաբար այն կէտերը, որոնք սահմանադրութեան մէջ քիւրտ ժողովուրդի իրաւունքներուն կը վերաբերին, «եւ այդ առնչութեամբ դրական ընկալում կար, եւ կը յուսանք, որ ատիկա շատ շուտով տեղի ունենայ»:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Եթէ Ռուսիան Շարունակէ Իր Անզիջում Դիրքորոշումը Պահպանել, Ստիպուած Պիտի Ըլլայ Ատոր Գինը Վճարել»

Յաջորդը

Մաքրոն. «Ֆրանսան Կազայի Ապագային Մէջ Պաղեստինեան Իշխանութեան Կողքին Շատ Յատուկ Դերակատարութիւն Պիտի Ունենայ»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.