Միջազգային

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը: Փութին հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւնը լաւ արդիւնքներ պիտի տայ»: «Երկու երկիրներու միացեալ յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքը, եւ մենք պատրաստ ենք շարք մը ծրագիրներ իրականացնելու», նշեց Փութին: Նախքան այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Մոսկուա այցելութեան ընթացքին պաշտօնապէս Ռուսիոյ պիտի դիմէ...

Հեկսեթ. «Եթէ Ուքրանիոյ Պատերազմը Չաւարտի, Մենք Ու Մեր Դաշնակիցները Պատրաստ Ենք Զսպում Կատարելու»

Հեկսեթ. «Եթէ Ուքրանիոյ Պատերազմը Չաւարտի, Մենք Ու Մեր Դաշնակիցները Պատրաստ Ենք Զսպում Կատարելու»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարեց. «ժամանակն է վերջ տալու Ուքրանիոյ պատերազմին, եւ եթէ չաւարտի, Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները պատրաստ են զսպում կատարելու»: Ըստ անոր, Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները «անոր շարունակուող յարձակումին պատճառով Ռուսիոյ գին պարտադրելու» անհրաժեշտ քայլերը պիտի որդեգրեն: Հեկսեթ ՕԹԱՆ-ի նստավայրին մէջ ժողովի ընթացքին նշեց. «Եթէ պէտք է այդ քայլը որդեգրենք, ապա Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը...

Համասն Ու Իսրայէլը Կը Սկսին Թրամփի Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւններու  2-րդ Փուլը

Համասն Ու Իսրայէլը Կը Սկսին Թրամփի Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւններու 2-րդ Փուլը

Եգիպտոսի մէջ սկսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, որ կը կեդրոնանայ Համասի զինաթափման, Կազայի պատերազմէն ետք կառավարման եւ արաբական խաղաղապահ ուժերու մասնակցութեամբ շրջանի անվտանգութեան վրայ: Առաջարկները կը ներառեն Եգիպտոսի եւ Յորդանանի կողմէ կազմուած հազար հոգինոց պաղեստինեան ոստիկանական ուժերու ստեղծում` մինչեւ 10 հազար մարդ ընդգրկելու կարելիութեամբ: Բայց եւ այնպէս, լուրջ դժուարութիւններ կը մնան....

«Դատաբժշկական Փորձաքննութիւնը Հաստատեց` Համասի Կողմէ Յանձնուած 4-րդ Դիակը Չի Համապատասխաներ Գերիներէն Ոեւէ Մէկուն»  Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Բանակը

«Դատաբժշկական Փորձաքննութիւնը Հաստատեց` Համասի Կողմէ Յանձնուած 4-րդ Դիակը Չի Համապատասխաներ Գերիներէն Ոեւէ Մէկուն» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Բանակը

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ դատաբժշկական փորձաքննութիւնը հաստատած է, որ Համաս շարժումին յանձնած չորս դիակներէն մէկը չի համապատասխաներ իսրայէլացի գերիներէն ոեւէ մէկուն: Իսրայէլեան բանակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց, որ Համաս անհրաժեշտ ամէն ջանք պէտք է թափէ գերիներու դիակները վերադարձնելու:

Ժինփինկի Հետ Թրամփի  Հանդիպումի Թուականը Ճշդուած Է

Ժինփինկի Հետ Թրամփի Հանդիպումի Թուականը Ճշդուած Է

Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչ Ճէյմս Կարիր յայտնեց. «Հակառակ Թրամփի հանդիպումին նկատմամբ կասկած արտայայտելուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր չին պաշտօնակից Շի Ժինփինկի միջեւ հանդիպումին ժամանակը ճշդուած է»: «Հազուագիւտ մետաղներու արտածումներուն վրայ չինական հսկողութեան քայլերը չափազանցուած են, եւ անոնք յանկարծ ոչինչէն երեւան եկան», նշեց Կարիր: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց այս հարցով Չինաստանի հետ տարակարծութիւններու կարգաւորման նկատմամբ եւ նշեց. «Անցեալին յաջողեցանք...

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ երկուշաբթի երեկոյեան գումարուեցաւ Կազայի մէջ խաղաղութեան վեհաժողովը` նախագահութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, մասնակցութեամբ պետութիւններու եւ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի քան 31 ղեկավարներու: Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Քաթարի ղեկավարները ստորագրեցին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ համաձայնութեան վերաբերեալ համապարփակ փաստաթուղթ մը: Թրամփ վեհաժողովի բացման իր խօսքին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց...

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նշեց. «Աշխատանք պիտի տանինք Կազայի մէջ միջազգային ուժ տեղակայելու եւ պիտի օգնենք պաղեստինեան ապահովական ուժերու մարզումին` ներքին ապահովութեան պահպանման համար»: «Ասիկա պատմական օր մըն է, եւ մեր դիմաց կան փուլեր, որոնց ուղղութեամբ պէտք է աշխատիլ», նշեց Մաքրոն: «Միայն մէկ անձ կրնար Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զսպել, ան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է», ըսաւ ան` աւելցնելով....

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Ամերիկեան «Տը Նեշընըլ» օրաթերթը հաղորդեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը քննարկէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապի անունները ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու ենթակայ անուններու ցուցակէն ջնջելու օրինագիծ մը: «Միացեալ Նահանգներու բանաձեւած օրինագիծը 9 հոկտեմբերին քննարկուեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներուն միջեւ: Որոշումը պիտի արտօնէ սուրիական կառավարութեան ֆինանսական հաշիւներու, միջոցներու եւ տնտեսական ներուժի հոսքը», նշեց օրաթերթը: «Որոշումի որդեգրման պարագային, զէնքերու...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին Կ՛ողջունէ Կազայի Հարցի Կարգաւորումէն Ետք Ուքրանիոյ Տագնապին Վրայ Կեդրոնանալու Թրամփի Մտադրութիւնը

Քրեմլին կ՛ողջունէ Կազայի մէջ կարգաւորումէն ետք ուքրանական պատերազմին վրայ կեդրոնանալու Թրամփի մտադրութիւնը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մենք կ՛ողջունենք նման մտադրութիւնները: Մենք կ՛ողջունենք քաղաքական կամքի պահպանումը` խաղաղ կարգաւորման որոնումները դիւրացնելու համար: Մենք արդէն լաւապէս ծանօթ ենք Ուիթքոֆին: Ան արդիւնաւէտ է: Ան ապացուցած է Միջին Արեւելքի մէջ իր արդիւնաւէտութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ անոր տաղանդը պիտի շարունակէ նպաստել...

Լուքաշենքօ. «Ես Նոպելեան Մրցանակէն Կը Հրաժարէի»

Լուքաշենքօ. «Ես Նոպելեան Մրցանակէն Կը Հրաժարէի»

«Խորհուրդ կու տամ Տանըլտ Թրամփին շատ չտխրիլ, որ չէ արժանացած խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին», երէկ յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ` պնդելով, որ եթէ ինք Նոպելեան դափնեկիր դառնար, ապա կը հրաժարէր մրցանակէն: «Աշխարհի մէջ ապրող մարդիկ պէտք է իմանան, թէ ի՛նչ կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներն ու անոր ղեկավարը միջազգային ասպարէզին մէջ: Մարդոց գնահատականը շատ աւելի կարեւոր է, քան քաղաքականացուած Նոպելեան կոմիտէինը», ըսած...

Զօր. Կուտարզի. «12-Օրեայ Պատերազմի Ընթացքին Դրացի Երկիրներէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Իրան Ներթափանցած Են»

Զօր. Կուտարզի. «12-Օրեայ Պատերազմի Ընթացքին Դրացի Երկիրներէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Իրան Ներթափանցած Են»

Իրանի սահմանապահ ոստիկանութեան հրամանատար զօր. Ահմետ Ալի Կուտարզի յայտարարած է, թէ Իսրայէլի հետ 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին Իրանի տարածք ներթափանցած են անօդաչու թռչող սարքեր «շարք մը դրացի երկիրներէ», ինչ որ փաստագրուած է` բողոք ներկայացնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Զօր. Կուտարզի այս յայտարարութիւնը կատարած է երկրի իրաւապահ մարմիններու գործունէութեան նուիրուած արարողութեան ժամանակ: «12-օրեայ պատերազմի ընթացքին, որ մեզի պարտադրուած...

Փեսքով. «ՕԹԱՆ-ը Տէ Ֆաքթօ  Կը Պատերազմի Ռուսիոյ Դէմ»

Անդրադառնալով Եւրոպայի Մէջ Նկատուած Անօդաչու Թռչող Սարքերու Հարցին` Փեսքով. «Եւրոպայի Մէջ Կան Բազմաթիւ Քաղաքական Գործիչներ, Որոնք Այժմ Հակուած Են Ամէն Ինչի Մէջ Ռուսիան Մեղադրելու»

Եւրոպայի մէջ կան բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, որոնք այժմ հակուած են ամէն ինչի մէջ Ռուսիան մեղադրելու, եւ ատիկա կ՛ընեն անհիմն ու անխոհեմ կերպով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Եւրոպայի մէջ կան բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, որոնք այժմ հակուած են ամէն ինչի համար Ռուսիան մեղադրելու: Անոնք միշտ ատիկա կ՛ընեն առանց որեւէ հիմքի, անխտիր»: «Եւ...

Բնագիտութեան Եւ Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուած Է Ամերիկացի Եւ Ճափոնցի Գիտնականներուն

Բնագիտութեան Եւ Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուած Է Ամերիկացի Եւ Ճափոնցի Գիտնականներուն

Բնագիտութեան կամ բժշկութեան բնագաւառին մէջ Նոպելեան մրցանակի 2025 թուականի դափնեկիրներն են ամերիկացիներ Մերի Պրունքոուն, Ֆրետ Ռամտելը եւ ճափոնցի Շիմոն Սաքակուչին` «շրջապատային ախտամերժական հանդուրժողականութեան վերաբերեալ իրենց յայտնագործութիւններուն համար»: Այս մասին նշուած  է Նոպելեան մրցանակի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: «Այս տարուան մրցանակակիրները յայտնաբերած են, թէ ախտամերժական համակարգի աշխատանքը ինչպէ՛ս կը վերահսկուի: Մարմինի հզօր ախտամերժական համակարգը պէտք է կարգաւորուի, հակառակ պարագային անիկա կրնայ յարձակիլ...

Մետվետեւ. «Ռուսական Անօդաչու Թռչող Սարքեր»-ու Շուրջ Խուճապը Կրնայ Յառաջանալ Տարբեր Պատճառներով. Գլխաւորը Այն Է, Որ Եւրոպացիները Անմիջականօրէն Պատերազմի Վտանգը Զգան»

Մետվետեւ. «Ռուսական Անօդաչու Թռչող Սարքեր»-ու Շուրջ Խուճապը Կրնայ Յառաջանալ Տարբեր Պատճառներով. Գլխաւորը Այն Է, Որ Եւրոպացիները Անմիջականօրէն Պատերազմի Վտանգը Զգան»

Եւրոպական քաղաքները պատուած են անծանօթ թռչող անօդաչու թռչող սարքերու համաճարակով: Անօդաչու թռչող սարքերը ամէնուր են` ռազմակայաններու մօտ, օդակայաններու, դաշտերու եւ քաղաքներու վերեւ: Թէ որո՛ւ կը պատկանին անոնք, անյայտ է: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւը: «Որո՞նք են տեսութիւնները. 1.- Փանթերիստներու կողմէ սադրանքներ` զէնքի մատակարարումը բարելաւելու եւ պատերազմ հրահրելու համար: 2.- Այս երկիրներուն մէջ...

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Կտրուկ Կերպով Կը Դատապարտէ Վրաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դերին Վերաբերեալ Ապատեղեկատուութիւնը»

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Կտրուկ Կերպով Կը Դատապարտէ Վրաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դերին Վերաբերեալ Ապատեղեկատուութիւնը»

Եւրոպական Միութիւնը կտրականապէս կը մերժէ եւ կը դատապարտէ Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դերին վերաբերեալ ապատեղեկատուութիւնը եւ կը դատապարտէ Եւրոպական Միութեան դեսպանին նկատմամբ անձնական յարձակումները: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Քաւելաշվիլի նախապէս յայտարարած էր, որ արտասահմանեան գաղտնի սպասարկութիւններու կողմէ կազմակերպուած ուժերը Վրաստանի քաղաքացիներուն կոչ ուղղած էին տապալելու իշխանութիւնը: Նախագահը...

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Շարմ Շէյխ ուղղուելու ընթացքին նշեց, որ «ամբողջ աշխարհը խանդավառ է, եւ այս պահը Միջին Արեւելքի համար խաղաղութիւն կը նշանակէ»` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի մէջ շատ իւրայատուկ ժամանակաշրջանէ կ՛անցնինք»: «Կազայի համաձայնութեան երկրորդ փուլին շուրջ բանակցութիւնները սկսան», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Համաձայնութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ Իրան հիւլէական զէնք մը ունենար»: «Կը կարծեմ, որ Իրան շարժումին պիտի...

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ այցելեց Իսրայէլ եւ Քնեսեթին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Ներկայ պահը նոր միջին Արեւելքի պատմական արշալոյսն Է»` աւելցնելով, որ գերիներու փոխանակման գործարքը «անկարելի ձեռքբերում մըն էր, որ իրողութեան վերածուեցաւ»: «Իրագործեցինք այն, ինչ որ ըսուեցաւ, թէ անկարելի է, եւ պատանդները վերադարձուցինք: Այս յաղթանակներուն մեծ պարգեւը ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանի խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումն է», նշեց...

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Ֆրանսայի նոր նշանակուած վարչապետ Սեպասթիան ԼըՔորնիւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարեց` ընդգծելով, որ անոր հիմնական պարտականութիւնը տարեվերջէն առաջ պետական ամավարկի որդեգրումն է: ԼըՔորնիւ շեշտեց, որ «երկրին շահը կարեւորագոյնն է»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարներուն, որոնք ընդունեցին «իրենց ազատ կամքով, անձնական կամ կուսակցական որեւէ նկատառումներէ հեռու» կառավարութեան մաս կազմել: Էլիզէի պալատը նախքան այդ հրապարակած էր ԼըՔորնիւի գլխաւորած կառավարութեան կազմը, որ կը բաղկանայ 34...

«3+3» Շրջանային Խորհրդատուական Մեքանիզիմի Արդիականութիւնը Կը Մեծնայ»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը

«3+3» Շրջանային Խորհրդատուական Մեքանիզիմի Արդիականութիւնը Կը Մեծնայ» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը

Բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման համար չափազանց կարեւոր է շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան, բարեկեցութեան եւ համագործակցութեան ապահովման ուղղուած նախաձեռնութիւններու ամրապնդումը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ` Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու եռակողմ հանդիպման ժամանակ: Շահին Մուսթաֆայեւ նշած է, որ այս ծիրին մէջ կ՛աճի Ազրպէյճանի նախագահին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «3+3» շրջանային խորհրդատուական մեքանիզմի արդիականութիւնը: «Այս նախաձեռնութիւնը...

Մաքրոն. «Ֆրանսան Կազայի Ապագային Մէջ Պաղեստինեան Իշխանութեան Կողքին Շատ Յատուկ Դերակատարութիւն Պիտի Ունենայ»

Մաքրոն. «Ֆրանսան Կազայի Ապագային Մէջ Պաղեստինեան Իշխանութեան Կողքին Շատ Յատուկ Դերակատարութիւն Պիտի Ունենայ»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ողջունեց «Համասի` Կազայէն իսրայէլացի ողջ գերիները ազատ արձակել սկսիլը»: Ֆրանսայի նախագահը նշեց. «Խաղաղութիւնը Իսրայէլի, Կազայի եւ շրջանին համար կարելի դարձաւ»: Մաքրոն Կազայի վերաբերեալ վեհաժողովին մասնակցելու համար Շարմ Շէյխ հասնելէ ետք յայտնեց. «Կը բաժնեմ ընտանիքներուն եւ իսրայէլացի ժողովուրդին եօթը գերիներու Կարմիր խաչին յանձնուելէն ետք ուրախութիւնը»: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Պաղեստինեան իշխանութեան կողքին շատ յատուկ դերակատարութիւն մը պիտի...

Page 60 of 882 1 … 59 60 61 … 882

Արխիւներ