Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Չինաստանէն Ներածուող Ապրանքներու Վրայ Լրացուցիչ 100 Առ Հարիւր Մաքսատուրքերու Սահմանումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է սահմանումը Չինաստանէն ներածուող ապրանքներու վրայ լրացուցիչ մաքսատուրքերու, որոնք ուժի մէջ պիտի մտնեն 1 նոյեմբերէն:

«Ամերիկան Չինաստանի նկատմամբ պիտի սահմանէ 100 առ հարիւր մաքսատուրք, բացի այն մաքսատուրքէն, որ անոնք ներկայիս կը վճարեն», Թրամփ գրած է իր «Թրութ Սոշըլ» կայքին վրայ` աւելցնելով, որ մաքսատուրքերը կրնան սահմանուիլ աւելի շուտ` «Չինաստանի հետագայ քայլերէն կախեալ»:

Թրամփի այս որոշումէն առաջ` 9 հոկտեբերին,  Փեքին յայտարարած էր հազուագիւտ մետաղներու արտածման նկատմամբ վերահսկողութիւնը խստացնելու մասին: Այժմ այդ մետաղներու նոյնիսկ փոքր քանակի արտածման պարագային կը պահանջուի արտօնագիր: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ հազուագիւտ մետաղներու արդիւնահանման, հալեցման եւ տարանջատման կապուած ճարտարագիտութիւններու արտածման:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը այդ քայլը որակած է «չափազանց թշնամական»:

Թրամփ մէկ օր առաջ կասկածի տակ առած էր նպատակայարմարութիւնը Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ հանդիպումին, որ նախատեսուած է հոկտեմբերի վերջաւորութեան Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ:

 

Նախորդը

Ֆիտան. «Կազայի Վերաշինութիւնն Ու Կառավարումը Պէտք Է Պաղեստինցիները Ստանձնեն»

Յաջորդը

Զելենսքին Յորդորած Է Թրամփին Միջնորդելու Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?