Միջազգային

Ճափոնի Մէջ Ողողումներուն Պատճառով  Արձանագրուած Է 100 Զոհ

Ճափոնի Մէջ Ողողումներուն Պատճառով Արձանագրուած Է 100 Զոհ

Ճափոնի կառավարութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ արեւմտեան Ճափոնի մէջ առատ անձրեւի պատճառով յառաջացած ողողումներուն եւ հողի սահանքներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը 100 է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Տասնեակներով մարդոց ճակատագիրը կը մնայ անյայտ, իսկ ելեկտրականութեան մատակարարումը ստացած է ծանր հարուած: Արեւմտեան Ճափոնի որոշ շրջաններու մէջ հինգշաբթի օրուընէ ի վեր սովորաբար յուլիս ամսուան ժամանակաշրջանին տեղացող անձրեւէն եռապատիկը անձրեւ տեղացած է:...

Թուրքիոյ Մէջ Գնացքի Արկածի  Զոհերու Թիւը Հասած Է 24-ի

Թուրքիոյ Մէջ Գնացքի Արկածի Զոհերու Թիւը Հասած Է 24-ի

Թուրքիոյ մէջ գնացքի արկածի զոհերու թիւը հասած է 24-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը` նշելով, որ նախապէս հաղորդուած էր 10 զոհի մասին: Դէպքին պատճառով արձանագրուած են 338 վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուած են հիւանդանոց: 8 յուլիսի ցերեկը Պոլիսէն Ուզունքէօփրիւ ուղղուող գնացքի վակոններէն հինգը դուրս եկած էին գիծերէն Եւ շրջուած: Գնացքին մէջ գտնուած է 362 ճամբորդ եւ 6 հոգինոց անձնակազմ: Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը...

Չինական Լրատուամիջոցներուն Հրամայուած Է  Մեղմացնել Թրամփի Նկատմամբ Քննադատութիւնը

Չինական Լրատուամիջոցներուն Հրամայուած Է Մեղմացնել Թրամփի Նկատմամբ Քննադատութիւնը

Չինաստանի որոշ պետական լրատուամիջոցներ իշխանութիւններէն հրահանգ ստացած են մեղմացնել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հասցէին քննադատութեան ալիքն ու հրապարակումներու մէջ յարձակողականութիւն չցուցաբերել: Այս մասին կը հաղորդէ «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ»-ը` նկատելով, որ երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները խիստ լարուած են Ուաշինկթընի հրահրած առեւտրական պատերազմին պատճառով: Բայց եւ այնպէս, Չինաստան կ՛ուզէ զերծ մնալ Միացեալ Նահանգներու դէմ բացայայտ քննադատութենէ եւ վիրաւորանքներէ: «Մեզի ըսած են,...

Եւրոպական Միութիւնը Հաւաստեց,  Որ Քիեւին 1 Միլիառ Եւրոյի Օգնութեան Հաւանութիւն  Տուած Է Ուքրանիոյ Հետ Վեհաժողովէն Առաջ

Եւրոպական Միութիւնը Հաւաստեց, Որ Քիեւին 1 Միլիառ Եւրոյի Օգնութեան Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Հետ Վեհաժողովէն Առաջ

Եւրոպական խորհուրդը հաւաստած է, թէ Քիեւին 1 միլիառ եւրոյի ելեւմտական օժանդակութեան ծրագիրին հաւանութիւն տուած է` Ուքրանիոյ հետ վեհաժողովէն առաջ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այդ մասին յայտարարութիւնը Եւրոպական Միութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ ուքրաներէնով եւ անգլերէնով հրապարակուած է Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի Եւրոպական Միութիւն-Ուքրանիա վեհաժողովին հասնելէն մէկ ժամ առաջ: Այս որոշումը չի նշանակեր, թէ դրամը հիմա պիտի տրամադրուի, որովհետեւ միջոցներու յատկացման պայմաններուն...

Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան  Պատժամիջոցներու  Երկարաձգման Որոշումը Մտաւ Ուժի Մէջ

Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցներու Երկարաձգման Որոշումը Մտաւ Ուժի Մէջ

Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան տնտեսական պատժամիջոցները վեց ամիսով երկարաձգելու մասին որոշումը 9 յուլիսին մտաւ ուժի մէջ: Այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնական պարբերաթերթին մէջ, ուր նաեւ հրապարակուած է նշեալ որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: «5 յուլիս 2018-ին (Եւրոպական Միութեան) խորհուրդը մինչեւ 31 յունուար 2019 երկարաձգեց տնտեսական պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են Ռուսիոյ տնտեսութեան յատուկ հատուածներու դէմ: Որոշումը ուժի մէջ...

Թեհրան Դատապարտած Է Իրանցի Դիւանագէտներու Հոլանտայէն Արտաքսումը

Թեհրան Դատապարտած Է Իրանցի Դիւանագէտներու Հոլանտայէն Արտաքսումը

Իրան դատապարտած է Հոլանտայի մէջ իր դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներու արտաքսումը: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմիին,  կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնականը Թեհրանի մէջ Հոլանտայի դեսպանը կանչած է` երկրի կառավարութեան կողմէ պաշտօնական բողոքագիր ներկայացնելու համար: Ուրբաթ օր հոլանտական Անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ Հոլանտան  արտաքսած է իրանցի երկու դիւանագէտներ: Աղբիւրը այլ...

Սուրիական Բանակը Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Դամասկոս-Ամման Ճամբան

Սուրիական Բանակը Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Դամասկոս-Ամման Ճամբան

Սուրիական բանակը Յորդանանի հետ սահմանին վրայ Նուսէյպ անցման կէտը ազատագրելէ եւ հաշտութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ շարք մը գիւղեր մուտք գործելէ ետք, իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առաւ Դամասկոս-Ամման միջազգային ճամբան: Սուրիական բանակը անմիջապէս սկսաւ ճամբուն երկայնքին զինուորական կէտեր հաստատել: Սուրիական բանակէն հրամանատար մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիական բանակին համար հարաւային Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւնը հաշտութիւնն ու արիւնահեղութեան կանխարգիլումն է,...

Էրտողան. «Թուրքիան Բոլորովին Նոր Փուլ Կը Թեւակոխէ»

Էրտողան. «Թուրքիան Բոլորովին Նոր Փուլ Կը Թեւակոխէ»

Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ այսօր տեղի ունենալիք երդման արարողութենէն ետք Թուրքիան պիտի թեւակոխէ պատմական բոլորովին նոր փուլ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: Էրտողան իր պաշտօնավարման նոր ժամկէտը պիտի ստանձնէ երկրի կառավարման նախագահական համակարգ անցնելով: «Ժողովուրդը մեզի նկատմամբ իր վստահութիւնը յայտնած էր իր տուած 26 միլիոն ձայնով: Ասիկա կարեւոր քննութիւն է մեզի համար: Իշխող...

Փոմփէօ. «Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Պիտի Գործեն Մինչեւ Քորէական Թերակղզիի Ամբողջական Ապահիւլէականացումը»

Փոմփէօ. «Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Պիտի Գործեն Մինչեւ Քորէական Թերակղզիի Ամբողջական Ապահիւլէականացումը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ Հիւսիսային Քորէայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները պիտի գործեն մինչեւ Քորէական թերակղզիի ամբողջական ապահիւլէականացումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա» կայքը: Փոմփէօ այս յայտարարութիւնը կատարած է Փիոնկիանկ այցելութենէն ետք Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումին: Փոմփէոյի համաձայն, Հիւսիսային Քորէա կատարած այցելութեան ընթացքին ինք ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկած է ապահիւլէականացման հասկացողութեան նշանակութիւնը:...

Թուրքիոյ Մէջ Աշխատանքէ Հեռացուած Է 18.632 Պետական Պաշտօնեայ

Թուրքիոյ Մէջ Աշխատանքէ Հեռացուած Է 18.632 Պետական Պաշտօնեայ

Թուրքիոյ իշխանութիւնները հրամանագիրով մը աշխատանքէ հեռացուցած են 18.632 պետական պաշտօնեաներ, ներառեալ ոստիկաններ, զինուորականներ եւ ակադեմիկոսներ: «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ գծով որոշումը հրապարակուած է երէկ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ աշխատանքէ հեռացուածներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն ոստիկանները` 8998 մարդ: Անոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապի մէջ ըլլալու եւ երկրի ազգային անվտանգութեան սպառնալու համար: Աղբիւրը կը...

«Աւստրիոյ Մէջ Ապրող Եւ Էրտողանին Քուէարկած Թուրքերուն Կ՛առաջարկեմ Թուրքիա Վերադառնալ»   Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Փոխվարչապետ

«Աւստրիոյ Մէջ Ապրող Եւ Էրտողանին Քուէարկած Թուրքերուն Կ՛առաջարկեմ Թուրքիա Վերադառնալ» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Փոխվարչապետ

Աւստրիոյ փոխվարչապետ Հայնց Քրիսթիան Շթրախեն երկրին մէջ բնակող եւ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ի նպաստ քուէարկած թուրքերուն կոչ ուղղած է լքելու Աւստրիան ու վերադառնալ Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր»-ը: «Աւստրիոյ մէջ ապրող եւ Էրտողանին ձայն տուած թուրքերուն կ՛առաջարկեմ Թուրքիա վերադառնալ», ընկերային ցանցերէն մէկուն իր էջին մէջ գրած է Շթրախեն: Աւստրիոյ փոխվարչապետի այս գրառումը...

Փեքին Ուաշինկթընը Կ՛ամբաստանէ Տնտեսութեան  Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Առեւտրական  Պատերազմը Շղթայազերծելու Մէջ

Փեքին Ուաշինկթընը Կ՛ամբաստանէ Տնտեսութեան Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Առեւտրական Պատերազմը Շղթայազերծելու Մէջ

Չինաստան երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ չինական արտադրութիւններուն վրայ 34 միլիառ տոլար արժողութեամբ մաքսատուրքի սահմանումէն ետք, ստիպուած է պարտադիր պատասխան քայլեր որդեգրել: Փեքին Ուաշինկթընը ամբաստանեց «տնտեսութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն առեւտրական պատերազմը» շղթայազերծելու յանցանքով` նշելով, որ ատիկա առեւտրական իշխանատիրութեան օրինակ է եւ կրնայ «միջազգային շուկաներու մէջ խուճապ»-ի յանգիլ: Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Չինաստան խոստացաւ, որ առաջին...

Ֆինլանտական Լրատուամիջոցներ Հաղորդած Են  Փութին-Թրամփ Հանդիպման Վայրը

Ֆինլանտական Լրատուամիջոցներ Հաղորդած Են Փութին-Թրամփ Հանդիպման Վայրը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ֆինլանտայի մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող նախագահական պալատին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցումով` այս մասին կը յայտնեն ֆինլանտական լրատուամիջոցները: «16 յուլիսին Հելսինքիի նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներու երկկողմանի հանդիպումը», նշուած է աղբիւրի հաղորդումին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ նախագահ Թրամփ Հելսինքի պիտի հասնի...

Չորեքշաբթի Օրուան Երկրաշարժին Պատճառը  Իսրայէլի Կողմէ Հիւլէական Փորձարկումն Էր

Չորեքշաբթի Օրուան Երկրաշարժին Պատճառը Իսրայէլի Կողմէ Հիւլէական Փորձարկումն Էր

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ չորեքշաբթի օր հիւսիսային Իսրայէլի մէջ արձանագրուած երկրաշարժին պատճառը Իսրայէլի կողմէ հիւլէական փորձարկումն էր: Նշենք, որ երկրաշարժը զգացուած էր նաեւ Լիբանանի մէջ: Իսրայէլեան «Հատշոթ 24» կայքը հաղորդեց, որ 2,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը բնական պատճառներով տեղի չէ ունեցած, այլ հիւլէական փորձարկումի ընթացքին: Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած 7-րդ երկրաշարժը 4,2 աստիճանի էր...

Անգարա Դարձեալ Կը Սպառնայ Պատասխանել  Ամերիկեան Հաւանական Պատժամիջոցներուն

Անգարա Դարձեալ Կը Սպառնայ Պատասխանել Ամերիկեան Հաւանական Պատժամիջոցներուն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատեն, այդ քայլը անպատասխան պիտի չմնայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Եթէ այդպիսի բան ընէք` պատասխան պիտի ստանաք: Այդպիսի մտածողութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւններ չեն զարգացներ», ըսած է Չաւուշօղլու: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու`...

«Թուրքիան Առնուազն Հինգ Տարի Պէտք Է  Մոռնայ Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Մասին»  Կ՛ըսէ Փիրի

«Թուրքիան Առնուազն Հինգ Տարի Պէտք Է Մոռնայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Մասին» Կ՛ըսէ Փիրի

Յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին Թուրքիան պէտք է մոռնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի` Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի: Թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Փիրի շեշտած է, որ հակառակ իրենց բազմաթիւ զգուշացումներուն` Թուրքիոյ իշխանութիւնները որեւէ քայլի չեն ձեռնարկած երկիրը Եւրոպական Միութեան պահանջներուն համապատասխանեցնելու համար: «Մենք տակաւին անցեալ տարի յայտարարած էինք, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ առանց...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իսրայէլ Իրանի Մէջ  Յեղաշրջում Յառաջացնելու Խմբակ Մը Կազմած Են

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իսրայէլ Իրանի Մէջ Յեղաշրջում Յառաջացնելու Խմբակ Մը Կազմած Են

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հասարակութիւնը վարչակարգին դէմ հանելու աշխատանք կատարելու պարտականութիւնը ունեցող միացեալ խմբակ մը յառաջացուցած են: Խմբակը կազմուած է Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած  ցոյցերուն լոյսին տակ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան ազդեցութիւնը եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ անոր ներկայութիւնը սանձելու ջանքերուն ծիրին մէջ: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է,...

Ռուհանի. «Եւրոպայի Առաջարկածը Բաւարար Չէ»

Ռուհանի. «Եւրոպայի Առաջարկածը Բաւարար Չէ»

Իրանի Հետ Համաձայնագիրը Ստորագրած Երկիրները Յանձնառու Են Անոր Պայմաններուն Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ համաձայնագիրէն  Ուաշինկթընի հեռացման հետեւանքները փոխհատուցելու համար եւրոպացիներուն առաջարկած թղթածրարը ներկայ փուլին գոհացուցիչ չէ: Ռուհանի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ըսաւ. «Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ համաձայնագիրին մէջ գործակցութեան երթը շարունակելու շուրջ եւրոպական առաջարկներու թղթածրարը Իսլամական հանրապետութեան բոլոր պահանջները...

Միացեալ Նահանգներ Վայրկենական  Եւ Կարծր Քայլերով Կը Սպառնան Ռուսիոյ

Միացեալ Նահանգներ Վայրկենական Եւ Կարծր Քայլերով Կը Սպառնան Ռուսիոյ

Եթէ Ռուսիան փորձէ միջամտել Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, ապա ամերիկեան կողմը ստիպուած պիտի ըլլայ «վիշապային միջոցներու» ձեռնարկել: Այս մասին ռուսական «Քոմմերսանթ»-ին յայտնած է ծերակուտական Ճոն Նիլի Քենետին: «Մենք զգուշացուցած ենք մեր զրուցակիցները, որ եթէ Ռուսիան շարունակէ միջամտել Միացեալ Նահանգներու ներքին գործերուն եւ Քոնկրեսի` նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, մեր արձագանգը պիտի ըլլայ վայրկենական եւ շատ կարծր», ըսած է...

Թուրքիա Յաւելեալ Սպառազինութիւն  Կ՛ուղարկէ Սուրիա.  Անգարա Կը Զգուշացնէ Իտլիպի Մէջ  Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիի  Համաձայնութեան Որեւէ Խախտումէ

Թուրքիա Յաւելեալ Սպառազինութիւն Կ՛ուղարկէ Սուրիա. Անգարա Կը Զգուշացնէ Իտլիպի Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիի Համաձայնութեան Որեւէ Խախտումէ

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ զգուշացուցին Իտլիպի մէջ Լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի կողմէ երաշխաւորուած համաձայնութեան որեւէ խախտումէ: Աղբիւրները, մեկնաբանելով Իտլիպի արեւելեան շրջաններուն մէջ զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող կարգ մը շրջաններու դէմ ռուսական օդային հարուածներու լուրը, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Թուրքիան մօտէն կը հետեւի կացութեան եւ անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները կ՛ունենայ Մոսկուայի եւ Թեհրանի հետ` նկատի ունենալով, որ անոնք իր...

Page 600 of 883 1 … 599 600 601 … 883

Արխիւներ