Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Թուրքիան Բոլորովին Նոր Փուլ Կը Թեւակոխէ»

July 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ այսօր տեղի ունենալիք երդման արարողութենէն ետք Թուրքիան պիտի թեւակոխէ պատմական բոլորովին նոր փուլ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

Էրտողան իր պաշտօնավարման նոր ժամկէտը պիտի ստանձնէ երկրի կառավարման նախագահական համակարգ անցնելով:

«Ժողովուրդը մեզի նկատմամբ իր վստահութիւնը յայտնած էր իր տուած 26 միլիոն ձայնով: Ասիկա կարեւոր քննութիւն է մեզի համար: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը դարձեալ խորհրդարանին մէջ յառաջատար է, սակայն առանձինը մեծամասնութիւն չէ կազմած: Մենք պէտք է քննենք մեր ժողովուրդի` մեզի տուած այս նուրբ նկատողութիւնը», ըսած է Էրտողան:

Ան նաեւ նշած է, որ երդման արարողութենէն ետք պիտի կատարէ իր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնները. նախ պիտի մեկնի Ազրպէյճան, ապա` ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն, իսկ այնուհետեւ Պրիւքսելի մէջ պիտի մասնակցի ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին:

Ժիրինովսքի «Անձնական Հրաւէրով» Այսօր Կը Մասնակցի
Էրտողանի Երդման Արարողութեան

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի կ՛այցելէ Թուրքիա` վերընտրուած նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան մասնակցելու համար: Կուսակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ժիրինովսքի Թուրքիա պիտի մեկնի Էրտողանի «անձնական հրաւէրով»:

Յիշեցինք, որ Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէներու 52,6 առ հարիւրը ստանալով վերընտրուած Էրտողանի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր:

«Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի 8 յուլիսին կը մեկնի Անգարա, որպէսզի 9 յուլիսին մասնակցի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան», յայտնած են կուսակցութենէն:

 

Նախորդը

Փոմփէօ. «Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Պիտի Գործեն Մինչեւ Քորէական Թերակղզիի Ամբողջական Ապահիւլէականացումը»

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Դամասկոս-Ամման Ճամբան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.