Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հասարակութիւնը վարչակարգին դէմ հանելու աշխատանք կատարելու պարտականութիւնը ունեցող միացեալ խմբակ մը յառաջացուցած են:
Խմբակը կազմուած է Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցոյցերուն լոյսին տակ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան ազդեցութիւնը եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ անոր ներկայութիւնը սանձելու ջանքերուն ծիրին մէջ:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ատիկա մաս կը կազմէ անցեալ տարի Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Իրանը զսպելու վերաբերեալ ստորագրուած փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթին:
Ստեղծուած խմբակը պիտի փորձէ շահագործել իրանեան վարչակազմին ներքին տկար կէտերը` անոր վրայ ճնշումը աւելցնելու համար, որպէսզի Իրանի վարմունքին մէջ փոփոխութիւններ յառաջանան:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայիր պեն Շապաթ քանի մը շաբաթ առաջ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Պոլթընի հետ եւ քննարկած այս հարցը:
Վերջին շաբաթներուն, Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ սկսած են ընկերային ցանցերու միջոցով պատգամներ յղել իրանցի ժողովուրդին, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորս տեսերիզներ պատրաստած է Իրանի մէջ ցոյցերը քաջալերելու համար:



