Ճափոնի Մէջ Ողողումներուն Պատճառով Արձանագրուած Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 176-ի
Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ այցելեց երկրին արեւմտեան շրջանը, որ կլիմայական պայմաններու պատճառով թատերաբեմ դարձած էր 36 տարուան մէջ յոռեգոյնը նկատուող աղէտին: Յորդառատ անձրեւներու իբրեւ հետեւանք յառաջացած ողողումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերու թիւին բարձրացումով աճած են առողջապահական ու ընկերային, ինչպէս նաեւ նոր ողողումներու մտավախութիւնները: Ճափոնական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ զոհերուն թիւը առնուազն 176 է, սակայն տասնեակներու ճակատագիրը կը շարունակէ անյայտ մնալ: Կառավարութեան գլխաւոր...




















