Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատեն, այդ քայլը անպատասխան պիտի չմնայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:
«Եթէ այդպիսի բան ընէք` պատասխան պիտի ստանաք: Այդպիսի մտածողութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւններ չեն զարգացներ», ըսած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու` Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու որդեգրման եւ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալու որոշումին եւ նշած, որ Թուրքիան դէմ է այդ քայլերուն:
«Միացեալ Նահանգներու այս քայլը ճիշդ չենք նկատեր: Նոր կառավարութիւնը դուրս կու գայ հիւլէական համաձայնագիրէն: Սակայն եւրոպական երկիրներն ու Իրանը կ՛ուզեն շարունակել զայն: Ամերիկա կ՛ըսէ. «Ես որոշած եմ, միւս երկիրներն ալ ստիպուած են ենթարկուիլ այդ որոշումին», այդպէս չեն ըներ», ըսած է Չաւուշօղլու:
«Հիւրրիեթ» կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու խօսելով Մընպեժի մասին ըսած է. «Նախապատրաստական փուլի մէջ շարք մը քայլեր ձեռնարկուած են: Այժմ ամերիկեան կողմին հետ միասին գործելու եւ Մընպեժի կեդրոն մտնելու ժամանակն է: Այս ընթացքին տարածքի քիւրտ զիւնեալները պէտք է դուրս գան Մընպեժէն ու յանձնեն բոլոր զէնքերը»:



