Իրան դատապարտած է Հոլանտայի մէջ իր դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներու արտաքսումը:
Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմիին, կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնականը Թեհրանի մէջ Հոլանտայի դեսպանը կանչած է` երկրի կառավարութեան կողմէ պաշտօնական բողոքագիր ներկայացնելու համար:
Ուրբաթ օր հոլանտական Անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ Հոլանտան արտաքսած է իրանցի երկու դիւանագէտներ: Աղբիւրը այլ տեղեկութիւններ չէր հաղորդած:
«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը այդ որոշումը կը նկատէ ապակառուցողական», ըսած է Քասեմի` հոլանտական կառավարութեան քայլը անուանելով «անտրամաբանական եւ իրաւաբանօրէն արդարացում չունեցող»: