Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ Հիւսիսային Քորէայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները պիտի գործեն մինչեւ Քորէական թերակղզիի ամբողջական ապահիւլէականացումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա» կայքը:
Փոմփէօ այս յայտարարութիւնը կատարած է Փիոնկիանկ այցելութենէն ետք Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումին:
Փոմփէոյի համաձայն, Հիւսիսային Քորէա կատարած այցելութեան ընթացքին ինք ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկած է ապահիւլէականացման հասկացողութեան նշանակութիւնը:
Նոյն հանդիպումի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը թերակղզիի ապահիւլէականացման հոլովոյթը աւարտին հասցնելու նկատմամբ:
Անոր համաձայն, Փիոնկիանկ կը պատրաստուի ոչնչացնելու հրթիռային շարժիչներու փորձարկման կեդրոնը:
Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարը Փոմփէոյի հետ հանդիպումին առնչութեամբ յայտնած է, որ ծայրայեղ դժգոհ է ատոր արդիւնքներէն: Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարին կարծիքով` 6-7 յուլիսին տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին ամերիկեան կողմը «ապահիւլէականացման բացառապէս միակողմանի եւ կողոպտիչ պահանջներ» ներկայացուցած է, ինչը կը հակասէ Սինկափուրի վեհաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն:
«Ամերիկեան կողմը միայն միակողմանի եւ կողոպտիչ պահանջներ ներկայացուցած է ապահիւլէականացման համար` խօսելով ամբողջական, վերահսկուող եւ անդառնալի ապահիւլէականացման մասին», կ՛ըսուի Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: