Միջազգային

Իրանեան Կողմէն Հնչած Սպառնալիքէն Ետք.  Ամերիկեան Բանակը Կը Խոստանայ Պահպանել  Հորմուզի Նեղուցին Վրայ Նաւարկման Ազատութիւնը

Իրանեան Կողմէն Հնչած Սպառնալիքէն Ետք. Ամերիկեան Բանակը Կը Խոստանայ Պահպանել Հորմուզի Նեղուցին Վրայ Նաւարկման Ազատութիւնը

Հորմուզի նեղուցը փակելու Իրանի սպառնալիքէն ետք, ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան բանբեր Պիլ Օրպըն խոստացաւ պահպանել քարիւղատար նաւերու Արաբական ծովի մէջ քարիւղատար ազատութիւնը: «Ամերիկեան ծովուժն ու շրջանային դաշնակիցները պատրաստ են երաշխաւորելու միջազգային օրէնքով արտօնուած վայրերուն մէջ նաւարկումի ազատութիւնն ու ապրանքներու ազատ մղումը», ըսաւ ան: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի տեղակալ Իսմայիլ Քոուսարի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Իրան պատրաստ է Արաբական...

Իրան Բողոքագիր Ներկայացուցած Է Ֆրանսային  Եւ Գերմանիոյ` Իրանցի Դիւանագէտի  Ձերբակալութեան Պատճառով

Իրան Բողոքագիր Ներկայացուցած Է Ֆրանսային Եւ Գերմանիոյ` Իրանցի Դիւանագէտի Ձերբակալութեան Պատճառով

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր ներկայացուցած է Ֆրանսային եւ Գերմանիոյ` իրանցի դիւանագէտի ձերբակալման համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Պահրամ Քասեմի: Նշենք, որ Գերմանիոյ մէջ ձերբակալուած է Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած իրանցի դիւանագէտը` Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչութեան նախապատրաստման մասին գործի ծիրին մէջ: Աւստրիա պահանջած է դիւանագէտը զրկել անձեռնմխելիութենէ: Ահաբեկչութեան կանխարգիլման մասին լուրը լրատուամիջոցներուն մէջ...

Քեպեքի Մէջ Տաքի Ալիքին  Պատճառով Մահացած Են 19 Անձեր

Քեպեքի Մէջ Տաքի Ալիքին Պատճառով Մահացած Են 19 Անձեր

Քանատայի առողջապահութեան մարզի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ Քեպեքի մէջ անցեալ շաբաթավերջէն ի վեր արձանագրուող տաքի ալիքին պատճառով մահացած են 19 անձեր: Մոնրէալի մէջ հասարակական առողջութեան շրջանային պատասխանատուն իր կարգին նշեց, որ Մոնրէալի մէջ տաք ալիքի զոհերուն թիւը հասած է 12-ի: Քանատական «Լա Թրիպիւն» օրաթերթը` վկայակոչելով առողջապահութեան տեղական իշխանութիւնները, կը հաղորդէ, որ մայրաքաղաք Քեպեքի արեւելեան շրջաններուն մէջ վերջին 48 ժամուան ընթացքին 5...

Բրիտանական Ոստիկանութիւնը Յաջողած Է  Գտնել Սքրիփալներու  Գործով Երկու Կասկածելիներ

Բրիտանական Ոստիկանութիւնը Յաջողած Է Գտնել Սքրիփալներու Գործով Երկու Կասկածելիներ

Շուրջ չորս ամիս տեւած հետաքննութենէ ետք, բրիտանական ոստիկանութիւնը յաջողած է գտնել ռուսական հետախուզական ծառայութեան նախկին աշխատակից Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր` Եուլիա Սքրիփալի թունաւորման գործով երկու կասկածելիներ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթը` յղում կատարելով Սքոթլանտ Եարտէն իր աղբիւրին: Կը նշուի, որ կասկածելիները լքած են Բրիտանիոյ տարածքը յանցանքի իրականացումէն ետք 24 ժամուան ընթացքին. ոստիկանութեան տուեալներով` անոնք այժմ կը...

Աւստրալիոյ Մէջ Սաստիկ Տաքին Պատճառով  Կուպրը Հալած Է Եւ Կպած  Ինքնաշարժներու Անիւներուն

Աւստրալիոյ Մէջ Սաստիկ Տաքին Պատճառով Կուպրը Հալած Է Եւ Կպած Ինքնաշարժներու Անիւներուն

Աւստրալիոյ Քուինզլանտ նահանգին մէջ սաստիկ տաքին պատճառով հալած է ճամբու կուպրը, որ ամբողջովին պատած է ինքնաշարժներուն անիւներն ու իսկական քաոս յառաջացուցած ճամբաներուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լենթա» կայքը: Վնասներ կրած վարորդներէն առնուազն 50-ը դրամական փոխհատուցում պիտի ստանայ տաքին պատճառով կրած իր վնասին համար: Փոխադրութեան նախարարութիւնը արդէն փակած է քանի մը ճամբայ` զանոնք շտապ կերպով վերանորոգելու համար: Իշխանութիւնները բացատրած են,...

Սուրիական Բանակը Իր Վերահսկողութեան  Տակ Առած Է Տարաայի Շուրջ 60 Առ Հարիւրը

Սուրիական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Տարաայի Շուրջ 60 Առ Հարիւրը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յառաջանալով այժմ կը գտնուի Յորդանանի հետ սահմանին վրայ` Նուսէյպ անցակէտէն միայն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Սուրիական բանակը իր յառաջխաղացքը շարունակելով իր վերահսկողութեան տակ առաւ Տարաա նահանգի շուրջ 60 առ հարիւրը: Մինչ այդ, մարդասիրական օժանդակութեամբ ու դեղորայքով բեռնաւորուած ինքնաշարժներ մուտք գործեցին այն գիւղերն ու գիւղաքաղաքները, որոնք միացած էին Տարաայի գիւղական շրջանին մէջ հաշտութեան...

Եւրոպական Խորհրդարանը Պայմաններ  Ներկայացուցած Է Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան  Համաձայնագիրի Կնքումին Համար

Եւրոպական Խորհրդարանը Պայմաններ Ներկայացուցած Է Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան Համաձայնագիրի Կնքումին Համար

Եւրոպական խորհրդարանը շարք մը պայմաններ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի կնքումին համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Եւրոպական խորհրդարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ապագայ համաձայնագիրը պէտք է ապահովէ հիմնական ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ ենթադրէ պայքար փտածութեան, դրամներու լուացման եւ հարկերէն խուսափելու դէմ: Առանցքային պայմաններէն մէկն է քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը: Խորհուրդ պարունակող փաստաթուղթը, ուղղուած` Եւրոպական...

Քրեմլին. «Փութին-Թրամփ Հանդիպման Վայրին  Եւ Թուականին Մասին  Պիտի Յայտարարենք Յարմար Պահուն»

«Փութին-Թրամփ Հանդիպման Քաղաքը Պիտի Յայտարարուի Հետագային» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց, թէ քննարկուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի 16 յուլիսին նախատեսուած ժողովը ֆինլանտական Ֆանթա քաղաքին մէջ գումարելու հարցը` նշելով, որ քաղաքին անունը պիտի յայտարարուի հետագային: «Ոչ ոք Փութինի եւ Թրամփի միջեւ վեհաժողովի գումարումին համար մտածեց Ֆանթա քաղաքին մասին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հանդիպման վայրին վերաբերող լուրը պիտի յայտարարուի «պատշաճ ժամանակին»:...

«Իրանի Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան  Պատժամիջոցները Կը Խախտեն  Միջազգային Օրէնքը»  Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Նախագահը

«Իրանի Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները Կը Խախտեն Միջազգային Օրէնքը» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Նախագահը

Իրանի դէմ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ համաձայնագիրին պատճառով հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք կ՛ազդեն երրորդ երկիրներու եւ Աւստրիոյ վրայ, միջազգային օրէնքի խախտում են: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ երէկ Վիեննայի մէջ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելեն: «Աւստրիան եւ Եւրոպական Միութիւնը նպատակ ունին բարելաւել պայմանները Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար: Դուք կը հասկնաք, թէ ես ինչի կ՛ակնարկեմ: Աւստրիան...

«Մընպեժի Համաձայնութիւնը Ուաշինկթընի Հետ  Աշխուժ Բանակցութիւններու Առաջին Արդիւնքն Է»  Կ՛ըսէ Եալչըն

«Մընպեժի Համաձայնութիւնը Ուաշինկթընի Հետ Աշխուժ Բանակցութիւններու Առաջին Արդիւնքն Է» Կ՛ըսէ Եալչըն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Ումիթ Եալչըն յայտնեց, որ իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներուն միջեւ գոյացած Մընպեժի համաձայնութիւնը վերջին շրջանին երկու կողմերուն միջեւ ընթացած աշխուժ բանակցութիւններուն առաջին շօշափելի արդիւնքն է: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին երկու երկիրներու աշխատանքային միացեալ խմբակին գումարելիք ժողովները պիտի շարունակեն մնալ կարեւոր մեքանիզմ մը` լուծելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը, որոնք երկար ատենէ...

Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Է  Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Գտնուող  Ահաբեկիչներու Դիրքերը

Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Է Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Գտնուող Ահաբեկիչներու Դիրքերը

Ռուսական օդուժը հարուածած են Իտլիպ նահանգի հարաւ-արեւմուտքը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: Կը նշուի, որ օդային հարուածները հասցուած են Ժըսր Շուղուր քաղաքին մօտ` Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ: Քաղաքը կը գտնուէր ահաբեկիչներու վերահսկողութեան տակ: Օդային հարուածը հասցուած է անյայտ զինեալներու կողմէ ռուսական Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանին դէմ կատարուած յարձակումի փորձէն ետք:

Աքսոյ. «Թրքական Բանակը Տակաւին  Պիտի Չհեռանայ Աֆրինէն»

Աքսոյ. «Թրքական Բանակը Տակաւին Պիտի Չհեռանայ Աֆրինէն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը տակաւին որոշ ատեն պիտի չհեռանան Սուրիոյ Աֆրին քաղաքէն: Այս մասին կը հաղորդէ ՏՀԱ-ն: Աքսոյ նշած է, որ իրենք մինչեւ օրս կը շարունակեն տեղւոյն անվտանգութեան ուժերու ուսուցման եւ զինման հոլովոյթը: Յիշեցնենք, որ թրքական զինեալ ուժերը Սուրիոյ մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» անունը կրող գործողութիւնները շղթայազերծած էին 20 յունուարին:  

«Քոնկրեսի Անդամները Իրենց Ռուս  Պաշտօնակիցներուն Հետ Դռնփակ Հանդիպում  Խնդրեցին, Եւ Մենք Համաձայն Գտնուեցանք»  Կ՛ըսէ Վոլոտին

«Քոնկրեսի Անդամները Իրենց Ռուս Պաշտօնակիցներուն Հետ Դռնփակ Հանդիպում Խնդրեցին, Եւ Մենք Համաձայն Գտնուեցանք» Կ՛ըսէ Վոլոտին

Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին յայտնեց. «Ամերիկեան կողմը ամերիկեան Քոնկրեսի պատուիրակութեան եւ ռուս երեսփոխաններու միջեւ առանց լրագրողներու ներկայութեան դռնփակ հանդիպում խնդրեց»: «Ամերիկեան կողմի դիմումին հիմամբ` որոշեցինք ժողովը գումարել դռնփակ` նկատի ունենալով, որ այդ մէկը լուրջ երկխօսութեան գոյութիւնը ցոյց կու տայ, եւ կը կարծեմ, թէ պէտք է այս հարցին մէջ ատոր զօրակցիլ», նշեց ան: Նշենք, որ Քոնկրեսէն անդամներ մտադիր են Մոսկուայի մէջ...

Աւստրիոյ Կառավարութիւնը Գերմանիայէն  Անմիջապէս Ետք Պիտի Պաշտպանէ  Իր Սահմանները Ապօրինի Գաղթականներէն

Աւստրիոյ Կառավարութիւնը Գերմանիայէն Անմիջապէս Ետք Պիտի Պաշտպանէ Իր Սահմանները Ապօրինի Գաղթականներէն

Աւստրիան Գերմանիայէն անմիջապէս ետք պատրաստ է ձեռնարկելու ապօրինի գաղթականներու հոսքերէն հարաւային սահմանի պաշտպանութեան ազգային քայլերու: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտնած է Աւստրիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը: «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութեան (ՔԺՄ) եւ Քրիստոնեայ-ընկերային միութեան (ՔԸՄ) համաձայնութիւնը կը նշէ, որ Գերմանիան կ՛ուզէ ձեռնարկել ներգաղթի հոսքին դէմ պայքարի ազգային քայլերու: Եթէ այս որոշումը դառնայ Գերմանիոյ կառավարութեան դիրքորոշումը, այդ ժամանակ մենք հարկադրուած պիտի ըլլանք...

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի.  Ուաշինկթըն Կրնայ Իրանի Յեղափոխական  Պահակագունդը Ներառել Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւններու Ցանկին Վրայ

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի. Ուաշինկթըն Կրնայ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Ներառել Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Ցանկին Վրայ

«Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ ներառելու կարելիութիւնը: Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ այդ հարցին քննարկումը կը շարունակուի քանի մը ամիսներէ ի վեր, սակայն այդ քննարկման մասնակիցները մինչեւ հիմա այդ հարցին շուրջ համաձայնութիւն չեն գոյացուցած: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ...

Թրամփ Կը Սպառնայ Առեւտուրի Միջազգային  Կազմակերպութեան Դէմ Քայլերու Դիմել

Թրամփ Կը Սպառնայ Առեւտուրի Միջազգային Կազմակերպութեան Դէմ Քայլերու Դիմել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնաց Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութեան դէմ քայլերու դիմել: Նախքան այդ, հաղորդուած էր, որ ան կը փափաքի միջազգային առեւտուրը կազմակերպող այդ կազմակերպութենէն դուրս գալ: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու յայտնած է, որ Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութիւնը «Միացեալ Նահանգներու հետ շատ վատ վարուեցաւ, եւ կը յուսամ, որ իրենց գործելաոճը կը փոխեն: Բազմաթիւ տարիներ շարունակեցին մեզի հետ շատ վատ վարուիլ,...

Պաքու Եւ Ազրպէյճանական Այլ Քաղաքներ  Յայտնուած Են Խաւարի Մէջ

Պաքու Եւ Ազրպէյճանական Այլ Քաղաքներ Յայտնուած Են Խաւարի Մէջ

Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն, ինչպէս նաեւ երկրի շարք մը շրջաններ 2-էն 3 յուլիսի լուսցող գիշերը ելեկտրականութեան հոսանքէ զրկուելու պատճառով յայտնուած են լայնածաւալ խաւարի մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնէին, որ ելեկտրականութենէ զանգուածային զրկումին պատճառը Մինկեչաուրի ելեկտրակայանին մէջ տեղի ունեցած արկածն էր: Աւելի ուշ, Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութիւնը բացատրողական յայտարարութիւն մը հրապարակեց` յայտնելով, թէ արկածի պատճառ դարձած է երկրին մէջ...

Շուէտ Ստանձնեց Ապահովութեան  Խորհուրդի Նախագահութիւնը

Շուէտ Ստանձնեց Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահութիւնը

Շուէտ 1 յուլիսէն սկսեալ մէկ ամսուան տեւողութեամբ ստանձնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկութ Վալսթրոմ յայտնեց, թէ իր երկիրը 1 յուլիսէն 1 օգոստոս երկարող ժամանակամիջոցին պիտի վարէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը` նշելով, որ Շուէտ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ այնպիսի պահու մը, երբ աշխարհի տարածքին մեծաթիւ մարդիկ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ, իսկ ուրիշներ պաշտպանուածութիւն կը փնտռեն: Ան շեշտեց,...

«Արաբական Երկիրները Մերժեցին  «Դարու Գործարք»-ը»  Կ՛ըսէ Օրէյքաթ

«Արաբական Երկիրները Մերժեցին «Դարու Գործարք»-ը» Կ՛ըսէ Օրէյքաթ

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) գործադիր կոմիտէի քարտուղար Սաէպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իբրեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի քաղաքական լուծում ներկայացուող «դարու գործարք»-ին նկատմամբ արաբական միաձայն մերժում գոյութիւն ունի: «Դարու գործարքը մերժելու շուրջ արաբական միաձայնութիւն գոյութիւն ունի: Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Թրամփի խորհրդական Քուշներին, ու անոր (Թրամփի, «Ա.») պատուիրակ Ճէյսըն Կրինպլաթին յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն ուզածին նման 1967-ի սահմաններով անկախ եւ...

«Սի. Էն. Էն.». «Թրամփ Կը Յուսայ Համաձայնութիւն  Ձեռք Բերել Փութինի Հետ` Սուրիայէն Ամերիկեան  Ուժերը Դուրս Բերելու Վերաբերեալ»

Ըստ Ֆինլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Լրագրողները Ֆինլանտա Պիտի Ներխուժեն Փութին-Թրամփ Վեհաժողովին Առիթով

Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախատեսեց, որ շուրջ երկու հազար օտար լրագրողներ լրատուութիւնը պիտի կատարեն 16 յուլիսին Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ նախատեսուած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ գումարուելիք վեհաժողովին: Նախարարութիւնը նշեց, որ վեհաժողովին լրատուութիւնը կատարելու արտօնագիրներու դիմումները նախարարութիւն կը հասնին բազմաթիւ աղբիւրներէ, մասնաւորաբար նախարարութեան ու գլխաւոր գրասենեակի ճամբով: «Կը կարծենք, որ շուրջ երկու հազար լրագրող...

Page 601 of 883 1 … 600 601 602 … 883

Արխիւներ