Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ֆինլանտայի մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող նախագահական պալատին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցումով` այս մասին կը յայտնեն ֆինլանտական լրատուամիջոցները:
«16 յուլիսին Հելսինքիի նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներու երկկողմանի հանդիպումը», նշուած է աղբիւրի հաղորդումին մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ նախագահ Թրամփ Հելսինքի պիտի հասնի կիրակի երեկոյեան, երկուշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենայ երկրի նախագահ Սաուլի Նիինիսթիոյի հետ, որուն պիտի յաջորդէ հանդիպումը Վլատիմիր Փութինի հետ:
Թրամփ Ֆինլանտայէն պիտի մեկնի երկուշաբթի երեկոյեան:
Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Փութին եւ Թրամփ իրենց հանդիպումին ընթացքին կրնան Իրանի աջակցութիւնը վայելող զօրքերու Սուրիայէն հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել` աւելցնելով, որ Մոսկուա այս հարցին շուրջ կը բանակցի Թեհրանի հետ:
Ըստ լրատու գործակալութեան աղբիւրներուն, ռուսական ղեկավարութիւնը նախնական կարգով համաձայն է իրանեան ուժերու Սուրիայէն դուրս բերման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պահանջներուն:
Մինչ այդ, Թրամփ Մոնթանայի մէջ յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը «լաւ գործ» է:
Թրամփի համաձայն, ինք չի կասկածիր, որ Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ: «Գիտէ՞ք ինչ, Փութինի հետ ամէն բան կարգին է… Մեր հետ ամէն բան կարգին է… Ես պատրաստ էի ատոր ամբողջ կեանքիս ընթացքին», ըսած է ան:



