Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեքին Ուաշինկթընը Կ՛ամբաստանէ Տնտեսութեան Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Առեւտրական Պատերազմը Շղթայազերծելու Մէջ

July 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստան երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ չինական արտադրութիւններուն վրայ 34 միլիառ տոլար արժողութեամբ մաքսատուրքի սահմանումէն ետք, ստիպուած է պարտադիր պատասխան քայլեր որդեգրել:

Փեքին Ուաշինկթընը ամբաստանեց «տնտեսութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն առեւտրական պատերազմը» շղթայազերծելու յանցանքով` նշելով, որ ատիկա առեւտրական իշխանատիրութեան օրինակ է եւ կրնայ «միջազգային շուկաներու մէջ խուճապ»-ի յանգիլ:

Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Չինաստան խոստացաւ, որ առաջին քայլը իր կողմէ պիտի չըլլայ, սակայն ստիպուած է պարտադիր պատասխան քայլ առնելու` պաշտպանելու համար երկրին ու ժողովուրդին հիմնական շահերը»:

Ան յայտնեց, որ Փեքին հարցը պիտի ներկայացնէ Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութեան եւ այլ երկիրներու հետ պիտի աշխատի «պաշտպանելու ազատ առեւտուրը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, թէ չինական ապրանքներու վրայ 34 միլիառ տոլար արժողութեամբ տուրքերը ի զօրու պիտի դառնան ուրբաթ օրուընէ սկսեալ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց ամերիկեան արտադրութիւններուն վրայ տուրքերու սահմանումը` «իբրեւ պատասխան Ուաշինկթընի որդեգրած քայլերուն»:

Նախորդը

Ֆինլանտական Լրատուամիջոցներ Հաղորդած Են Փութին-Թրամփ Հանդիպման Վայրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.