Աւստրիոյ փոխվարչապետ Հայնց Քրիսթիան Շթրախեն երկրին մէջ բնակող եւ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ի նպաստ քուէարկած թուրքերուն կոչ ուղղած է լքելու Աւստրիան ու վերադառնալ Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր»-ը:
«Աւստրիոյ մէջ ապրող եւ Էրտողանին ձայն տուած թուրքերուն կ՛առաջարկեմ Թուրքիա վերադառնալ», ընկերային ցանցերէն մէկուն իր էջին մէջ գրած է Շթրախեն:
Աւստրիոյ փոխվարչապետի այս գրառումը արժանացած է տասնեակ հազարաւոր մարդոց հաւանութեան:
Աւստրիոյ մէջ բնակող ու Թուրքիոյ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող թուրքերէն Էրտողանի ի նպաստ քուէարկած է 72,3 առ հարիւրը:
Նախապէս Աւստրիոյ աջակողմեան «Ազատութիւն» կուսակցութեան անդամ Եոհան Կուտենուս իր կարգին Աւստրիոյ քաղաքացի եւ Էրտողանին քուէարկած թուրքերուն խորհուրդ տուած էր վերադառնալ Թուրքիա: Ըստ անոր, Աւստրիոյ մէջ բնակող եւ երկքաղաքացութիւն ունեցող թուրքերը, որոնք կ՛աջակցին Էրտողանին, այդպէս ալ չեն համարկուած տեղւոյն հասարակութեան, եւ Էրտողանին քուէ տալը ատոր վառ ապացոյցն է: