Միջազգային

Խաշոկճիի Սպանութիւնը Պիտի  Հետաքննէ ՄԱԿ-ի Յատուկ Յանձնախումբը

Խաշոկճիի Սպանութիւնը Պիտի Հետաքննէ ՄԱԿ-ի Յատուկ Յանձնախումբը

ՄԱԿ-ի մէջ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ արդէն այս ամիս պիտի սկսի հետաքննել ընդդիմադիր սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի արտադատական մահապատիժներու քննութեամբ զբաղող յատուկ զեկուցող Ակնես Քալամարտ յայտնած է, որ անձամբ պիտի գլխաւորէ այդ հետաքննութիւնը: Ան նշած է, որ նախ 28 յունուարէն 3 փետրուար պիտի այցելէ Թուրքիա` փորձելով ուսումնասիրել սպանութեան հանգամանքներն...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Եւ Դամասկոսի Միջեւ Որեւէ Համաձայնութիւն Պէտք Է Երաշխաւորէ Մեր Անձնականութիւնը»  Կ՛ըսէ Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարը

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Եւ Դամասկոսի Միջեւ Որեւէ Համաձայնութիւն Պէտք Է Երաշխաւորէ Մեր Անձնականութիւնը» Կ՛ըսէ Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարը

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Քոպանի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր ղեկավարած ուժերը պաշպանած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը եւ այդ շրջանները ազատագրած, ուստի իրաւունք ունին այդ շրջաններուն պաշտպանութիւնը շարունակելու: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան ընդարձակ տարածքներէն ՏԱՀԵՇ-ի վտարումէն ետք, Սուրիոյ կառավարութեան հետ որեւէ քաղաքական համաձայնութիւն պէտք է այդ ուժերուն...

Թրքական Բանակի Վերահսկողութեան Տակ  Գտնուող Պապի Մէջ Ահաբեկչական Պայթում

Թրքական Բանակի Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Պապի Մէջ Ահաբեկչական Պայթում

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերու բռնագրաւումին տակ գտնուող Պապ շրջանի մարդաշատ այգիներէն մէկուն մօտ պայթում տեղի ունեցած է: Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ պայթումին պատճառով զոհուած են երեք խաղաղ բնակիչներ եւ վիրաւորուած 8 ուրիշներ: Ականատեսները յայտնած են, թէ պայթումը կատարած է մոթորսիքլեթով այգիին մօտեցած անյայտ անձ մը: Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ այս հարցով կայ մէկ կալանաւորուած: Օրեր առաջ...

Փոմփէօ Չի Բացառեր Վենեզուելա  Զօրք Ուղարկելու Կարելիութիւնը

Փոմփէօ Չի Բացառեր Վենեզուելա Զօրք Ուղարկելու Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են որեւէ քայլի ձեռնարկելու` Վենեզուելա բնակող իրենց քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Այդ մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ` «Տը Լորա Ինկրահամ» ձայնասփիւռային յայտագիրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Մենք պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ որ պիտի պահանջուի մեր մարդոց անվտանգութիւնը ապահովելու համար», ըսած է Փոմփէօ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ ան Վենեզուելա...

Վենեզուելայի Տագնապին Վերաբերող  Միջազգային Կեցուածքներ.  Թուրքիա Կը Կանգնի Մատուրոյի Կողքին

Վենեզուելայի Տագնապին Վերաբերող Միջազգային Կեցուածքներ. Թուրքիա Կը Կանգնի Մատուրոյի Կողքին

Շարք մը երկիրներ Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը յայտարարեցին: Քրեմլին շատ վտանգաւոր նկատեց Վենեզուելայի դէպքերուն զինուորական արտաքին որեւէ միջամտութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Նիքոլաս Մատուրոյի` նոյն ատեն դատապարտելով «երկրին մէջ իշխանութեան բռնաբարումը»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Վենեզուելան ռազմավարական գործընկեր է, որուն կը զօրակցինք եւ պիտի զօրակցինք: Կը զգուշացնենք Միացեալ Նահանգները Վենեզուելայի մէջ զինուորական որեւէ միջամտութենէն, որ աղէտալի բեմագրութիւն...

«Սուրիոյ Տագնապի Սկիզբէն Ի Վեր Անգարան  Եւ Դամասկոսը Առաջին Անգամ Ըլլալով  Անուղղակի Հաղորդակցութեան Մէջ Են»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Սուրիոյ Տագնապի Սկիզբէն Ի Վեր Անգարան Եւ Դամասկոսը Առաջին Անգամ Ըլլալով Անուղղակի Հաղորդակցութեան Մէջ Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Անգարան եւ Դամասկոսը առաջին անգամ ըլլալով անուղղակի հաղորդակցութեան մէջ են: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն` «Ա Հապեր»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Անհրաժեշտութեան պարագային որոշակի հաղորդագրութիւններ կը հրապարակուին», նշած է Չաւուշօղլու` շեշտելով, որ կապը տակաւին անմիջական չէ: Ըստ թրքական դիւանագիտութեան պետին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման որոշումին մասին...

Իսրայէլեան Բանակը Օդային Պաշտպանութեան  Համակարգեր Կը Զետեղէ Թել Աւիւի Մէջ

Իսրայէլեան Բանակը Օդային Պաշտպանութեան Համակարգեր Կը Զետեղէ Թել Աւիւի Մէջ

Իսրայէլեան «Ուալա» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կարճ եւ միջին հասողութեամբ օդային պաշտպանութեան «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգեր զետեղած է Թել Աւիւի Ժոշ Տան շրջանին մէջ: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը իր կարգին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը Թել Աւիւի մէջ եւ անոր մերձակայքը  այդ համակարգերը զետեղած է երկրին հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններուն մէջ տիրող լարուած կացութեան պատճառով: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ մէկ օր առաջ հաղորդած...

«Իսրայէլ Արաբական Աշխարհին Հետ  Գաղտնի Եւ Բացայայտ Դաշինքներ Ունի»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Իսրայէլ Արաբական Աշխարհին Հետ Գաղտնի Եւ Բացայայտ Դաշինքներ Ունի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Իսրայէլ արաբական աշխարհին հետ գաղտնի եւ բացայայտ դաշինքներ ունի»: «Մեր ոխերիմ թշնամին Իրանն է, որ կը սպառնայ մեզ բնաջնջել` իր համար ստեղծելով կեդրոններ Հըզպալլայի ճամբով Լիբանանի մէջ, եւ ուրիշներ` Կազայի մէջ, իսկ այժմ կը ջանայ երրորդ կեդրոն մը ստեղծել Կոլանի բարձունքներու սուրիական բաժինին վրայ», ըսաւ ան: «Իսրայէլ ցաւ պատճառող հարուածներ կը հասցնէ Իրանին», յայտնեց ան`...

«Դեղին Բաճկոններ»-ը Ցուցակ Կազմած Են  Մասնակցելու Համար Եւրոպական  Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն

«Դեղին Բաճկոններ»-ը Ցուցակ Կազմած Են Մասնակցելու Համար Եւրոպական Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն

«Դեղին բաճկոններ» ֆրանսական շարժումը իր թեկնածուներու ցուցակը պաշտօնապէս ներկայացուցած է` մասնակցելու համար Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան մայիսին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս Էնֆօ» ձայնասփիւռի կայանը: Ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, ցուցակը ստացած է «Քաղաքական նախաձեռնութեան միաւորում» անունը: Զայն կը գլխաւորէ նորմանտական Էր գաւառէն հիւանդապահուհի մը, որ 31 տարեկան է: Առայժմ յայտարարուած են ի վերջոյ 79 մարդ ներառելիք ցուցակի...

Սիւննիներն Ու Քիւրտերը Իրաքէն Անջատ   Նկատող Ամերիկեան Բանաձեւը  Մերժող Իրաքեան Կեցուածքներ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Երկիրը ՕԹԱՆ-էն Դուրս Բերել Արգիլող Օրինագիծ Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է օրինագիծ մը, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփին կ՛արգիլէ երկիրը դուրս բերել ՕԹԱՆ-ի կազմէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու` ՕԹԱՆ-ի կազմէն դուրս բերումը արգիլող օրինագիծին թեր քուէարկած է 357 քոնկրեսական, իսկ դէմ` ընդամէնը 22 քոնկրեսական: Բայց եւ այնպէս, որպէսզի նոր օրինագիծը օրէնքի վերածուի, պէտք է...

Էրտողան. «Ապագայ Ապահովական Գօտիին Շուրջ  Քննարկումները Կը Շարունակուին»

Էրտողան. «Ապագայ Ապահովական Գօտիին Շուրջ Քննարկումները Կը Շարունակուին»

Մոսկուայի Մէջ «Շինիչ Մթնոլորտի Մէջ» Փութին - Էրտողան Հանդիպում Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջինիս հետ հանդիպումը տեղի ունեցած է շինիչ մթնոլորտի մէջ եւ կեդրոնացած է Սուրիոյ հարցին վրայ: «Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման համակարգին աջակցիլը պէտք չէ ըլլայ ի վնաս ահաբեկչութեան...

Վենեզուելայի Խորհրդարանի Նախագահը  Ինքզինք Հռչակեց Երկրի Նախագահ

Վենեզուելայի Խորհրդարանի Նախագահը Ինքզինք Հռչակեց Երկրի Նախագահ

Վենեզուելայի ընդդիմադիր խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտօ երէկ ինքզինք հռչակեց երկրի փոխանցման նախագահ: Տասնեակ հազարաւոր վենեզուելացիներ ընդառաջելով Կուայտոյի կոչին փողոց դուրս եկան` բողոքելու նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կուայտոն ճանչցաւ իբրեւ Վենեզուելայի փոխանցման նախագահ: Ան յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Մատուրոյի ղեկավարութիւնը «ապօրինի» է եւ Կուայտոյի ղեկավարութեամբ խորհրդարանը «կառավարութեան միակ օրինական թեւն է»: «Վենեզուելայի ժողովուրդը քաջաբար դէմ...

«Մենք Կ՛ուզենք Մընպեժի Հարցին Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Հետ  Փոխըմբռնումի Հասնիլ, Սակայն Ատիկա  Չի Նշանակեր, Որ Յաւերժ Պիտի Սպասենք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մենք Կ՛ուզենք Մընպեժի Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Հետ Փոխըմբռնումի Հասնիլ, Սակայն Ատիկա Չի Նշանակեր, Որ Յաւերժ Պիտի Սպասենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան Մընպեժի հարցին մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ փոխըմբռնումի հասնելու յոյս ունի, սակայն չի կրնար յաւերժ սպասել: Թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Մենք ի սրտէ կ՛ուզենք, որ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ մեր քննարկումները յանգեցնեն փոխըմբռնումի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մենք յաւերժ պիտի սպասենք», ըսած...

Սուրիա Կը Սպառնայ Հարուածել  Թել Աւիւի Միջազգային Օդակայանը

Սուրիա Կը Սպառնայ Հարուածել Թել Աւիւի Միջազգային Օդակայանը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի զգուշացուց, որ իր երկիրը կրնայ Թել Աւիւի միջազգային օդակայանը ռմբակոծել, եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը համապատասխան քայլերու չձեռնարկէ Իսրայէլի` սուրիական հողերուն դէմ կատարած յարձակումներուն առնչութեամբ: Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հարց տուաւ, թէ Սուրիան պէ՞տք է յիշեցնէ, որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի հիմամբ կրնայ նոյնպիսի քայլով մը հակադարձել ու...

Սուրիական Բանակը Ետ Մղած Է  Ժապհաթ Նուսրայի Լայնածաւալ Յարձակումը

Սուրիական Բանակը Ետ Մղած Է Ժապհաթ Նուսրայի Լայնածաւալ Յարձակումը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը ետ մղած է Իտլիպի արեւելքը գտնուող Ապուլ Զուհուր ճակատին վրայ Ժապհաթ Նուսրայի յարձակումը, որ խախտում մըն էր Իտլիպի մէջ Լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ համաձայնութեան: Սուրիական բանակը դէմ դրած է զինեալներու երեք խմբակներու` Ապուլ Զուհուրի արեւմուտքը գտնուող իր դիրքեր ներթափանցելու փորձին: Մարտական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած են բուռն բախումներ,...

Ծերակոյտը Այսօր Նոր Օրինագիծերու  Շնորհիւ Կրնայ Վերջ Տալ Երկարատեւութեան  Մրցանիշ Հաստատած  Կառավարութեան Աշխատանքի Սառեցման

Ծերակոյտը Այսօր Նոր Օրինագիծերու Շնորհիւ Կրնայ Վերջ Տալ Երկարատեւութեան Մրցանիշ Հաստատած Կառավարութեան Աշխատանքի Սառեցման

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը կը պատրաստուի այսօր քուէարկութեան դնելու երկու օրինագիծեր, որոնց որդեգրման պարագային կրնան վերջ տալ պիւտճէի բացակայութեան պատճառով դաշնակցային կառավարութեան աշխատանքի` 22 դեկտեմբերէն ի վեր շարունակուող սառեցման: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ առաջին օրինագիծը կը վերաբերի նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ վիճայարոյց պատի 5,7 միլիառ տոլարով ֆինանսաւորման: Հանրապետականներու նախաձեռնութեամբ ներկայացուած օրինագիծը կ՛առաջարկէ յատկացնել Թրամփի պահանջած...

«Լիպիոյ Կայունութիւնը Չի  Համապատասխաներ Ֆրանսայի Շահերուն»  Կ՛ըսէ Իտալիոյ Փոխվարչապետը

«Լիպիոյ Կայունութիւնը Չի Համապատասխաներ Ֆրանսայի Շահերուն» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Փոխվարչապետը

Իտալիոյ փոխվարչապետ Մաթէօ Սալվինի յայտնեց. «Ֆրանսան չ՛ուզեր բռնարարքներէ տառապող Լիպիոյ մէջ կացութեան հանդարտեցումը, թերեւս որովհետեւ իր քարիւղային շահերը կը հակադրուին Իտալիոյ շահերուն»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ Իտալիոյ դեսպանը իր մօտ կանչած էր, երբ Իտալիոյ մէկ այլ փոխվարչապետը` Լուիճի տի Մայոն Ֆրանսան ամբաստանած էր Ափրիկէի մէջ աղքատութիւն տարածելու եւ մեծ թիւով գաղթականներ դէպի Եւրոպա մղելու յանցանքով:

«Իրան Որեւէ Երկրի Պիտի Չարտօնէ  Իր Շահերուն Դէմ Դաշինք Ձեւաւորել»  Կ՛ըսէ Արաղճի

«Իրան Որեւէ Երկրի Պիտի Չարտօնէ Իր Շահերուն Դէմ Դաշինք Ձեւաւորել» Կ՛ըսէ Արաղճի

Իրան որեւէ երկրի պիտի չարտօնէ իր շահերուն դէմ դաշինք ձեւաւորել: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Փրզեմիսլաւ Լանկի հետ հանդիպումին ժամանակ ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ապպաս Արաղճի: «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը մշտապէս ձգտած է շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման եւ ատիկա ապացուցած է ՏԱՀԵՇ-ի պէս ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ...

«Ուքրանիան Իսրայէլէն Կը Սորվի` Ինչպէս  Պաշտպանել Սեփական  Երկիրն Ու Ստեղծել Հզօր Բանակ»  Կ՛ըսէ Փորոշենքօ

«Ուքրանիան Իսրայէլէն Կը Սորվի` Ինչպէս Պաշտպանել Սեփական Երկիրն Ու Ստեղծել Հզօր Բանակ» Կ՛ըսէ Փորոշենքօ

Ուքրանիան Իսրայէլէն կը սորվի` ինչպէս պաշտպանել սեփական երկիրն ու ստեղծել հզօր բանակ: Այս մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ: «Վեսթի.քօ» կայքը կը հաղորդէ, որ Փորոշենքօ Նեթանիահուն հրաւիրած է Ուքրանիա` երկրի խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանելու: Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է, որ Նեթանիահուն Օտեսայի մէջ հիւրընկալելու համաձայնութիւն գոյացած է` Օտեսան...

Փոմփէօ Եւ Չաւուշօղլու Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն` Սուրիոյ Քիւրտ  Զինեալներու Խնդիրին Շուրջ

Փոմփէօ Եւ Չաւուշօղլու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Սուրիոյ Քիւրտ Զինեալներու Խնդիրին Շուրջ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալատինօ: Կողմերը քննարկած են Սուրիոյ հիւսիսը գործող քիւրտ զինեալներու հարցը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն աստիճանական հեռացումը: Փալատինօ յայտնած է, որ Փոմփէօ զրոյցի ընթացքին...

Page 551 of 884 1 … 550 551 552 … 884

Արխիւներ