Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են որեւէ քայլի ձեռնարկելու` Վենեզուելա բնակող իրենց քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Այդ մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ` «Տը Լորա Ինկրահամ» ձայնասփիւռային յայտագիրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Մենք պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ որ պիտի պահանջուի մեր մարդոց անվտանգութիւնը ապահովելու համար», ըսած է Փոմփէօ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ ան Վենեզուելա զինուորականներ ուղարկելու խնդրանքով դիմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր. «Վենեզուելայի հարցով բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են»:
Յիշեցնենք, որ Նիքոլաս Մատուրօ խզած էր Միացեալ Նահանգներու հետ դիւանագիտական կապերը եւ ամերիկացի դիւանագէտներուն 72 ժամ տուած երկիրը լքելու համար:
Վենեզուելայի պաշտպանութեան նախարար Վլատիմիր Փատրինօ յայտարարեց, թէ Մատուրօ Վենեզուելայի օրինական նախագահն է, իսկ ընդդիմութիւնը կը փորձէ անոր դէմ յեղաշրջում կատարել: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներն ու այլ պետութիւններ իր երկրին դէմ տնտեսական պատերազմ կը մղեն:
Վենեզուելայի ընդդիմութեան ղեկավար, ինքզինք փոխանցման նախագահ հռչակած Խուան Կուայտօ յայտարարեց, թէ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն եւ անոր անմիջական շրջապատը ներում պիտի ստանան, եթէ ան համաձայնի իշխանութիւնը յանձնել եւ աջակցի քաղաքական խաղաղ անցումին:
35 տարեկան Կուայտօ նշեց, որ հաստատակամ է Մատուրոյի «բռնապետութեան» վերջ տալու, երկրի աւերուած տնտեսութիւնը կայունացնելու եւ կարելի եղածին չափ արագ արդար ընտրութիւններ կազմակերպելու հարցին մէջ:
«Ներումն ու անվտանգութեան երաշխիքները կրնան տրուիլ իւրաքանչիւր անձի, որ պատրաստ է սահմանադրութեան կողմը անցնիլ եւ նպաստել երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգերու վերականգնումին», ըսաւ ան: