Միջազգային

Մաքրոն Մտադիր Է Շարունակել  Բարեփոխումները` Հակառակ Բողոքներուն

Մաքրոն Մտադիր Է Շարունակել Բարեփոխումները` Հակառակ Բողոքներուն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, թէ հակառակ երկիրի բնակչութեան դժգոհութեան եւ բողոքներուն, պիտի շարունակէ նախապէս իր սկսած բարեփոխումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: «Ճգնաժամի լուծումը այն չէ, որ հրաժարինք անկէ, որ կատարած ենք վերջին 18 ամսուան ընթացքին», ըսած է Մաքրոն Վերսայի մէջ տեղի ունեցած ընթրիքի ընթացքին, որ անոր կողմէ կազմակերպուած էր «Մայքրոսոֆթ», «Սնեփչեթ», «Ճէյ.Փի. Մորկըն Չէյզ» ընկերութիւններու...

«Քիեւ Եւ Մոսկուա Կրնան Մինչեւ Տարեվերջ  Համաձայնութիւն Գոյացնել Եւրոպա  Կազ Մատակարարելու Հարցին Շուրջ»  Կ՛ըսէ Սեֆքովիչ

«Քիեւ Եւ Մոսկուա Կրնան Մինչեւ Տարեվերջ Համաձայնութիւն Գոյացնել Եւրոպա Կազ Մատակարարելու Հարցին Շուրջ» Կ՛ըսէ Սեֆքովիչ

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարոշ Սեֆքովիչ ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնատարներու հետ Պրիւքսելի մէջ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ Ուքրանիան եւ Ռուսիան պէտք է կարենան մինչեւ 2019-ի վերջը համաձայնութիւն գոյացնել Եւրոպա բնական կազ մատակարարելու հարցին առնչութեամբ: «Եթէ ամէն ինչ հարթ անցնի, եւ եթէ բոլոր մասնակիցները նոյն նպատակին ձգտին, վստահ եմ, որ այս հոլովոյթը մինչեւ տարեվերջ յաջողութեամբ պիտի աւարտի», յայտարարած է ան:...

Գերմանացի Երեսփոխանը Դիտողութիւն  Ստացած Է Պաքուէն Ստացած Եկամուտները  Չհրապարակելուն Համար

Գերմանացի Երեսփոխանը Դիտողութիւն Ստացած Է Պաքուէն Ստացած Եկամուտները Չհրապարակելուն Համար

Գերմանիոյ խորհրդարանը դիտողութիւն տուած է Գերմանիոյ իշխող կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Քարին Շթրենցին` սահմանուած ժամկէտին ընթացքին իր յաւելեալ եկամուտներուն մասին տեղեկութիւն չներկայացնելուն համար: Գերմանական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով, խօսքը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ստացուած գումարներուն մասին է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Գերմանական «Տեր Թակեսշփիկըլ» օրաթերթը կը գրէ, թէ դիտողութենէն բացի երեսփոխանը կրնայ նաեւ 10-էն 99 հազար եւրոյի տուգանքի ենթարկուիլ: Նոյն ատեն,...

Թրամփ-Ըն Երկրորդ Հանդիպումը`  Փետրուարի Վերջաւորութեան

Թրամփ-Ըն Երկրորդ Հանդիպումը` Փետրուարի Վերջաւորութեան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ պիտի ունենայ երկրորդ հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ փետրուարի վերջաւորութեան: «Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահի եւ հիւլէական հարցին շուրջ Փիոնկիանկի գլխաւոր բանագնացի հանդիպումէն ետք յայտարարած է Սպիտակ տունը: Յայտարարութիւնը կատարուած է Ուաշինկթընի մէջ Հիւսիսային Քորէայի պատուիրակ Քիմ Եոնկ Չոլի այցելութեան առնչուած դիւանագիտական խառնաշփոթի...

Բողոքի Ցոյց` Պոլսոյ Ամերիկեան  Հիւպատոսարանին Առջեւ

Բողոքի Ցոյց` Պոլսոյ Ամերիկեան Հիւպատոսարանին Առջեւ

Պոլսոյ մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի շէնքին դիմաց: Ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեքի ղեկավարած «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամները ցոյցի ընթացքին դատապարտած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Թուրքիոյ ուղղած սպառնալիքները: Յիշեցնենք, որ Թրամփ սպառնացած էր տնտեսապէս քանդել Թուրքիան, եթէ Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ յարձակում գործէ: Թրքական ՏՀԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կուսակցութեան Պոլսոյ գրասենեակին կազմակերպած բողոքի ցոյցին ընթացքին...

Իրերայաջորդ 2-րդ Օրն Ըլլալով.  Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան  Համակարգերը Դէմ Դրին Երեք Ճակատներէ  Կատարուած Իսրայէլեան Լայնածաւալ Յարձակումին

Իրերայաջորդ 2-րդ Օրն Ըլլալով. Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Երեք Ճակատներէ Կատարուած Իսրայէլեան Լայնածաւալ Յարձակումին

Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը երէկ կէս գիշերէն ետք դէմ դրին իսրայէլեան հրթիռային լայնածաւալ յարձակումի մը, որ կ՛երկարէր մինչեւ Սուէյտա նահանգ: Իսրայէլեան յարձակումին դիմակայումը կեդրոնացած էր մասնաւորաբար Քասուայի շրջանին եւ Քնէյթրայի վերեւ: Մինչ սուրիական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ տասնեակներով թշնամական թիրախներ վնասազերծուած են, մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 11 զոհեր: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, սակայն, հաղորդեց, որ...

«Թուրքիան Պատրաստ Է Զբաղելու  Մընպեժի Անվտանգութեամբ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պատրաստ Է Զբաղելու Մընպեժի Անվտանգութեամբ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան պատրաստ է զբաղելու Սուրիոյ Մընպեժ նահանգի անվտանգութեամբ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան յիշեցուցած է, որ նախորդ շաբաթ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած պայթումին պատճառով Մընպեժի մէջ ամերիկացի չորս քաղաքացիներ զոհուած էին: Էրտողան զրոյցի ընթացքին ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ քիւրտերու աջակցութիւնը...

Փոմփէօ Իրանէն Կը Պահանջէ Վերջ Տալ «Պատանդներ Պահելու Ահաբեկչական Արշաւին»

Փոմփէօ Իրանէն Կը Պահանջէ Վերջ Տալ «Պատանդներ Պահելու Ահաբեկչական Արշաւին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով դիմած է Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան` կոչ ուղղելով ազատ արձակելու Միացեալ Նահանգներու Իրանի մէջ բանտարկուած քաղաքացիները եւ վերջ տալու «պատանդներ պահելու ահաբեկչական արշաւին»: Փոմփէօ իր գրառումին մէջ նշեց. «Խամենէին, Հասան Ռուհանին եւ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆը պէտք է վերջ տան պատանդներ պահելու ահաբեկչական արշաւին եւ անյապաղ ազատ արձակեն Պապ Լեւինսընը,...

Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն  Մէջ Նոր Ճգնաժամ Կը Հասուննայ

Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Ճգնաժամ Կը Հասուննայ

Թուրքիոյ դատախազութիւնը կը պահանջէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտել Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի աւելի քան 20 տարուան աշխատակից Մեթին Թոփուզը` լրտեսութեան եւ 2016-ի յեղաշրջման փորձին աջակցելու մեղադրանքով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթտ Փրես»-ը, որ ծանօթացած է 78 էջնոց մեղադրական եզրակացութեան: Թուրք քննիչները կը պնդեն, թէ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեան աշխատակիցը աշխուժ կապի մէջ եղած է թուրք...

Բրիտանիոյ Կառավարութիւնը Սկսած Է  «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Երկրորդ  Հանրաքուէի Քննարկումին

«ՍԹԱՐԹ-ի Երկարաձգումը Կը Բխի Ռուսիոյ Շահերէն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիա դաշնակիցներու հետ աշխատանք կը տանի ստեղծելու համար բազմաբեւեռ աշխարհ մը. բան մը, որ չեն ընդունիր Միացեալ Նահանգները: Լաւրով նշեց. «Ուաշինկթըն մեզ Միջին ու կարճ հասողութեամբ հրթիռներու դաշնագիրը (ՍԹԱՐԹ) խախտելու մէջ ամբաստանելուն վրայ կը պնդէ, ինչ որ ճիշդ չէ»: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ այդ առնչութեամբ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները...

«Աֆրինի, Ժարապլուսի  Եւ Պապի Մէջ Թաղեցինք  Ահաբեկչական Խմբաւորումները»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Աֆրինի, Ժարապլուսի Եւ Պապի Մէջ Թաղեցինք Ահաբեկչական Խմբաւորումները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Օրտու նահանգին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմակերպած ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Թրքական բանակը Աֆրինի մէջ թաղեց ահաբեկչական խմբաւորումները, զանոնք թաղեցինք Սուրիոյ Ժարապլուս եւ Պապ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Ժուտի եւ Թանտուրք շրջաններուն մէջ»: Մեկնաբանելով Աֆրինի դէմ յարձակումը` Էրտողան շեշտեց. «Անոնք երբեք պիտի չկարենան արգելակել մեր պայքարը»` նշելով: «Աֆրինի...

Սուրիական Հակաօդային Համակարգերը  Ձախողութեան Մատնեցին  Իսրայէլեան Յարձակում Մը

Սուրիական Հակաօդային Համակարգերը Ձախողութեան Մատնեցին Իսրայէլեան Յարձակում Մը

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են հարաւային շրջանին դէմ իսրայէլեան օդային յարձակումի մը եւ արգելք հանդիսացած են, որ այդ յարձակումը իր նպատակներէն որեւէ մէկը իրականացնէ: Դամասկոսի մէջ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ ըստ տեղեկութեանց, իսրայէլեան յարձակումի ընթացքին արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը ոչնչացուած է: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիոյ հակաօդային...

Իսրայէլ Եւ Չատ Վերականգնեցին  Իրենց Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները

Իսրայէլ Եւ Չատ Վերականգնեցին Իրենց Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իր երկիրը վերականգնած է Չատի հետ իր կապերը: Ան կեդրոնական ափրիկեան այդ երկիր իր այցելութեան ընթացքին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Կը վերանորոգենք երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները»: Ան նախապէս Չատ կատարած իր այցելութիւնը նկատած էր «պատմական եւ կարեւոր բեկում մը»: Չատի նախագահ Իտրիս Տեպի Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ձեր այցելութեան նպատակը մեր...

Դամասկոսի Մէջ Պայթում

Դամասկոսի Մէջ Պայթում

Սուրիական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մայրաքաղաքի շրջանին մէջ լսուած է պայթումի մը ձայնը: Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ պայթումի ձայնը լսուած է Դամասկոսի հարաւային Մութահալլեք շրջանին մէջ` աւելցնելով, որ նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, ատիկա ահաբեկչական արարք մըն է: Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի նախագահ Ռամի Ապտել Ռահման ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Աֆրինի մէջ շրջանին...

Ազրպէյճանական Ընդդիմութիւնը Բազմամարդ  Ցոյց Կազմակերպած Է Պաքուի Մէջ

Ազրպէյճանական Ընդդիմութիւնը Բազմամարդ Ցոյց Կազմակերպած Է Պաքուի Մէջ

Պաքուի մէջ ընդդիմութիւնը ցոյց կազմակերպած է պլոկըր Մեհման Հուսէյնովը եւ միւս քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու պահանջով: «Թուրան» գործակալութեան հաղորդումով, հանրահաւաքը սովորականէն աւելի բազմամարդ էր, թէեւ ոստիկանութիւնը անվտանգութեան արտակարգ միջոցառումներ ձեռնարկած էր` քանի մը անգամ ստուգելով «Մեխսուլ» մարզադաշտ մտնողները: Ընդդիմադիրները ստիպուած եղած էին այդտեղ հաւաքուիլ, քանի որ իշխանութիւնները մերժած են քաղաքի կեդրոնին մէջ` բաց հրապարակին վրայ ցոյց կազմակերպելու անոնց դիմումը: Կը...

Փոմփէօ Քննադատած Է Իրանը`  «Փայամ» Արբանեակի Գործարկման Համար

Փոմփէօ Քննադատած Է Իրանը` «Փայամ» Արբանեակի Գործարկման Համար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ իրանեան արտադրութիւն եղող «Փայամ» արբանեակի գործարկումը կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Փոմփէօ ընդգծած է, որ արբանեակի արձակման ճարտարագիտութիւնները գրեթէ նոյնն են, ինչ որ է միջցամաքային թեւաւոր հրթիռներու ստեղծման ճարտարագիտութիւնը: «Այս արձակումը, ըստ էութեան, Իրանի յառաջընթացն է` դէպի այդպիսի զէնքի ստեղծման վերջնական...

Դեմոկրատականները Մերժած Են  Թրամփի Փոխզիջումները

Դեմոկրատականները Մերժած Են Թրամփի Փոխզիջումները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխզիջումային տարբերակ առաջարկած է Դեմոկրատական կուսակցութեան` յաղթահարելու համար կառավարութեան աշխատանքներու մասնակի սառեցումի տագնապը, որ արդէն կը շարունակուի աւելի քան չորս շաբաթ է ի վեր եւ ամէնէն երկարն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Թրամփ շաբաթ օր Սպիտակ տունէն ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ յայտնած է, թէ պատրաստ է մեղմացնելու դիրքորոշումը...

Միջազգային Դաշինքը Ոչնչացուցած Է ՏԱՀԵՇ-ի`  Սուրիական Մզկիթի Մը Մէջ  Տեղակայուած Հրամանատարական Կազմը

Միջազգային Դաշինքը Ոչնչացուցած Է ՏԱՀԵՇ-ի` Սուրիական Մզկիթի Մը Մէջ Տեղակայուած Հրամանատարական Կազմը

Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Միջազգային դաշինքը հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ արեւելքը գտնուող մզկիթներէն մէկուն` ոչնչացնելով ՏԱՀԵՇ-ի` այնտեղ տեղակայուած հրամանատարական կազմը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ զինեալները կը գտնուէին Սաֆաֆիա գիւղի մզկիթին մէջ: «ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը կը շարունակէ խախտել զինեալ տագնապին մասին օրէնքը եւ կ՛օգտագործէ օրէնքով պաշտպանուած շէնքերն ու շինութիւնները, օրինակ` հիւանդանոցներն ու մզկիթները, այս պատճառով ալ...

Թրամփ Ջնջեց Ամերիկեան Պատուիրակութեան  Ուղեւորութիւնը Տաւոս

Թրամփ Ջնջեց Ամերիկեան Պատուիրակութեան Ուղեւորութիւնը Տաւոս

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շարունակուող պիւտճէական ճգնաժամին պատճառով ջնջած է ամերիկեան պատուիրակութեան ուղեւորութիւնը Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողով: Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրս: «Որովհետեւ 800 հազար ամերիկացի հիանալի  աշխատողներ աշխատավարձ չեն ստանար, ինչպէս նաեւ իր խմբակի աշխատանքը պատշաճ մակարդակով ապահովելու համար, նախագահ Թրամփ ջնջեց իր պատուիրակութեան ուղեւորութիւնը Զուիցերիա` Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական վեհաժողով», ըսաւ...

Բրիտանիոյ Կառավարութիւնը Սկսած Է  «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Երկրորդ  Հանրաքուէի Քննարկումին

Բրիտանիոյ Կառավարութիւնը Սկսած Է «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Երկրորդ Հանրաքուէի Քննարկումին

Բրիտանիոյ կառավարութիւնը սկսած է խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հետ քննարկելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէն կրկնելու կարելիութիւնը, սակայն նախարարաց խորհուրդի առաջարկած տարազը չէ բաւարարած ընդդիմութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած են քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակիցները: Այդ խորհրդակցութիւնները կատարուած են վարչապետ Թերեզա Մէյի նախաձեռնութեամբ: Նախկին ընդհանուր դատախազ, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Տոմինիք Կրիւ լրագրողներուն պատմած է, թէ կառավարութեան ներկայացուցիչները խորհրդարանականներուն յանձնած են...

Page 552 of 884 1 … 551 552 553 … 884

Արխիւներ