Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է օրինագիծ մը, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփին կ՛արգիլէ երկիրը դուրս բերել ՕԹԱՆ-ի կազմէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու` ՕԹԱՆ-ի կազմէն դուրս բերումը արգիլող օրինագիծին թեր քուէարկած է 357 քոնկրեսական, իսկ դէմ` ընդամէնը 22 քոնկրեսական:
Բայց եւ այնպէս, որպէսզի նոր օրինագիծը օրէնքի վերածուի, պէտք է հաստատուի նաեւ Քոնկրեսի վերին պալատին` Ծերակոյտին կողմէ, ինչպէս նաեւ ստորագրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ: