Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը կը պատրաստուի այսօր քուէարկութեան դնելու երկու օրինագիծեր, որոնց որդեգրման պարագային կրնան վերջ տալ պիւտճէի բացակայութեան պատճառով դաշնակցային կառավարութեան աշխատանքի` 22 դեկտեմբերէն ի վեր շարունակուող սառեցման:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ առաջին օրինագիծը կը վերաբերի նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ վիճայարոյց պատի 5,7 միլիառ տոլարով ֆինանսաւորման:
Հանրապետականներու նախաձեռնութեամբ ներկայացուած օրինագիծը կ՛առաջարկէ յատկացնել Թրամփի պահանջած գումարը, որուն դիմաց իշխանութիւնները պէտք է ժամանակաւոր պաշտպանութիւն տրամադրեն փաստաթուղթեր չունեցող երիտասարդ ներգաղթեալներուն:
Երկրորդ օրինագիծը կ՛առաջարկէ պետական կառոյցներու աշխատանքի սառեցման պատճառով ներկայիս չաշխատող դաշնակցային գործակալութիւններու աշխատանքը ֆինանսաւորել մինչեւ 8 փետրուար:
Ծերակուտականներ Միչ ՄքՔոնըլ եւ Չաք Շումըր յայտարարած են, թէ օրինագիծերուն որդեգրման պարագային լուրջ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի 800 հազար դաշնակցային պաշտօնեայ առանց ամսականի ձգած կառավարութեան աշխատանքի սառեցման վերջ տալու հարցին մէջ:
«Մարդիկ մեզի կը հարցնեն` այս խառնաշփոթէն ելք չկա՞յ: Արդեօք առանց աշխատավարձի մնացած 800 հազար դաշնակցային աշխատողներու բեռը թեթեւցնելու միջոց չկա՞յ: Արդեօք կարելի չէ՞ վերաբանալ դաշնակցային գործակալութիւնները եւ ետքը բանակցիլ սահմանային անվտանգութեան շուրջ: Հիմա մենք կ՛ըսենք, որ այդպիսի միջոց կայ», յայտարարած է Չաք Շումըր:
Նախապէս, «Սթանտըրտ էնտ Փուրզ» վարկանշային գործակալութեան գլխաւոր տնտեսագէտ Պեթ Էնն Պովինոն յայտարարած էր, թէ կառավարութեան աշխատանքի սառեցման պատճառով կորուստները արդէն հասած են 3,6 միլիառ տոլարի:
Հաղորդուած էր նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կառավարութեան աշխատանքի սառեցումը երկարատեւութեան մրցանիշ հաստատած է:
Մինչ այդ, ամէնէն երկարատեւ սառեցումը տեղի ունեցած է դեկտեմբեր 1995-էն յունուար 1996 երկարող ժամանակահատուածին մէջ եւ տեւած 21 օր:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային հաստատութիւններու մէկ մասը մասամբ դադրեցուցած է իր աշխատանքը, որովհետեւ չէ որդեգրուած պիւտճէն, որուն շուրջ Թրամփի եւ դեմոկրատականներուն միջեւ լուրջ ճակատում սկսած է: Նախագահը ապօրինի գաղթականներու ներհոսքը դադրեցնելու նպատակով Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատ կառուցելու համար Քոնկրեսէն 5,7 միլիառ տոլար կը պահանջէ, սակայն դեմոկրատականները դէմ են պատի կառուցման: