Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Տագնապի Սկիզբէն Ի Վեր Անգարան Եւ Դամասկոսը Առաջին Անգամ Ըլլալով Անուղղակի Հաղորդակցութեան Մէջ Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

January 25, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Անգարան եւ Դամասկոսը առաջին անգամ ըլլալով անուղղակի հաղորդակցութեան մէջ են: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն` «Ա Հապեր»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Անհրաժեշտութեան պարագային որոշակի հաղորդագրութիւններ կը հրապարակուին», նշած է Չաւուշօղլու` շեշտելով, որ կապը տակաւին անմիջական չէ:

Ըստ թրքական դիւանագիտութեան պետին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման որոշումին մասին յայտարարելէ առաջ նախ այդ մասին տեղեակ պահած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Նշենք, որ Սպիտակ տունը նախապէս հերքած էր թրքական կողմի այդ պնդումը:

Չաւուշօղլու նաեւ պնդած էր, որ ներկայիս որոշ ուժեր կը փորձեն Միացեալ Նահանգները տարհամոզել իրենց ուժերը Սուրիայէն հեռացնելէն:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի վերաբերեալ տակաւին հաստատ ոչինչ կայ` նշելով, որ Փութին-Էրտողան վեհաժողովի ընթացքին քննարկուած են այդ գօտիի ստեղծման մանրամասնութիւնները:

«Եփրատի արեւելեան ափին համար լաւագոյն լուծումը Մընպեժի շրջանի հարցէն ծրագիրի բնորդի գործադրումն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ուղեգիծերը համահունչ են` բացի քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն հետ Ուաշինկթընի յարաբերութեան հարցէն:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ բռնագրաւումի նպատակ չունինք: Թուրքիան միակ երկիրն է, որ այդտեղ կը գտնուի բացառապէս մարդասիրական նպատակներով»` աւելցնելով, որ ներկայ գործողութիւններուն նպատակը «մեր ազգային անվտանգութիւնն ու այդտեղի բնակչութեան անվտանգութիւնը պաշտպանելն է»:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Օդային Պաշտպանութեան Համակարգեր Կը Զետեղէ Թել Աւիւի Մէջ

Յաջորդը

Վենեզուելայի Տագնապին Վերաբերող Միջազգային Կեցուածքներ. Թուրքիա Կը Կանգնի Մատուրոյի Կողքին

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.