Ըստ Մատուրոյի. Թրամփ Քոլոմպիոյ Կառավարութեան Հրամայած Է Ահաբեկել Զինք
Նիքոլաս Մատուրօ հակադարձեց արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու եւրոպական կոչերուն` յայտնելով, որ ընտրութիւնը կատարուեցաւ, եւ եթէ կայսերապաշտները նոր ընտրութիւն կ՛ուզեն, ապա պէտք է սպասեն մինչեւ 2025: Մատուրօ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ամբաստանեց Քոլոմպիոյ կառավարութեան եւ մաֆիային զինք ահաբեկելու հրաման տուած ըլլալու յանցանքով` նշելով, որ եթէ ինք սպաննուի, ապա պատասխանատուները այդ երկու երկիրներն են: Ան պատրաստակամութիւն...




















