Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերու բռնագրաւումին տակ գտնուող Պապ շրջանի մարդաշատ այգիներէն մէկուն մօտ պայթում տեղի ունեցած է:
Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ պայթումին պատճառով զոհուած են երեք խաղաղ բնակիչներ եւ վիրաւորուած 8 ուրիշներ:
Ականատեսները յայտնած են, թէ պայթումը կատարած է մոթորսիքլեթով այգիին մօտեցած անյայտ անձ մը: Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ այս հարցով կայ մէկ կալանաւորուած:
Օրեր առաջ մեծ պայթում տեղի ունեցած էր նաեւ թրքական զինեալ ուժերու կողմէ բռնագրաւուած Աֆրինի մէջ: Արձանագրուած էր երեք զոհ:
Արաբական մամուլը ահաբեկչական յարձակումին համար մեղադրած էր Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ծայրայեղական խմբաւորումներէն մէկը: Թրքական իշխանամէտ լրատուամիջոցները, սակայն, նշած էին, որ պայթումը կրնայ տարածքին մէջ քիւրտ զինեալներու «գործունէութեան փորձ» ըլլալ:



