Մոսկուայի Մէջ «Շինիչ Մթնոլորտի Մէջ» Փութին – Էրտողան Հանդիպում
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջինիս հետ հանդիպումը տեղի ունեցած է շինիչ մթնոլորտի մէջ եւ կեդրոնացած է Սուրիոյ հարցին վրայ:
«Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման համակարգին աջակցիլը պէտք չէ ըլլայ ի վնաս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, եւ այդ առնչութեամբ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ աշխատանքը կանգուն է, եւ կը յուսանք, որ շարունակուի», աւելցուց ան:
«Եթէ Միացեալ Նահանգներ գործադրեն Սուրիայէն հեռացման իրենց ծրագիրը, ատիկա կրնայ կայունացնել կացութիւնը սուրիական պետութեան այն շրջանին մէջ, որ ներկայիս քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ է», նշեց Ռուսիոյ նախագահը:
Ան ըսաւ, թէ Ռուսիան կը զօրակցի քիւրտերուն հետ երկխօսութիւն կատարելու Դամասկոսի ջանքերուն:
Փութին նշեց, որ Իտլիպի հարցը Էրտողանի հետ մանրամասն քննարկումի ենթարկուած է:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուա պատրաստակամ է Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ Սուրիոյ հարցին շուրջ վեհաժողով մը հիւրընկալելու:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին խոստացաւ, որ Թուրքիան Ռուսիոյ հետ պիտի շարունակէ Իտլիպ նահանգին մէջ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարը: Ան նաեւ վերահաստատեց Անգարայի պատրաստակամութիւնը` պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ:
Էրտողան ըսաւ, թէ Մոսկուան եւ Անգարան մինչեւ հիմա «որեւէ խնդիր» չեն ունեցած Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման ապագայ գօտիի մը քննարկման ընթացքին: Ան աւելցուց, որ այդ ապագայ գօտիի շրջագիծին շուրջ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
Էրտողան նշեց, որ «Սուրիոյ կայունութեան հիմնաքարը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութիւնն է, եւ քննարկեցինք Ուաշինկթընի` իր ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու որոշումը, ինչպէս նաեւ թրքական սահմանին մօտ ապահովական գօտի ստեղծելու շուրջ քննարկումները կը շարունակուին»:
Թուրքիոյ նախագահութիւնը յայտնեց, որ Էրտողան Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է իրենց ուժերը Սուրիայէն հեռացնեն թրքական զինեալ ուժերուն հետ համակարգումով»:



