Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Որեւէ Երկրի Պիտի Չարտօնէ Իր Շահերուն Դէմ Դաշինք Ձեւաւորել» Կ՛ըսէ Արաղճի

January 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան որեւէ երկրի պիտի չարտօնէ իր շահերուն դէմ դաշինք ձեւաւորել: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Փրզեմիսլաւ Լանկի հետ հանդիպումին ժամանակ ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ապպաս Արաղճի:

«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը մշտապէս ձգտած է շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման եւ ատիկա ապացուցած է ՏԱՀԵՇ-ի պէս ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի միջոցով», ըսած է Արաղճի:

«Մենք շրջանային կամ արտաշրջանային որեւէ երկրի պիտի չարտօնենք մեր շահերուն դէմ դաշինք ձեւաւորել», աւելցուցած է ան:

Ան նշած է, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամը պայմանաւորուած է Իսրայէլի յարձակողապաշտ քաղաքականութեամբ, եւ շրջանի հիմնական մարտահրաւէրը սիոնական վարչակարգն է ու ատոր վարած յարձակողապաշտ եւ ամբողջատիրական քաղաքականութիւնը:

Ըստ անոր, այնքան ատեն որ Պաղեստինի ժողովուրդի իրաւունքները չեն վերականգնած, Արեւմտեան Ասիոյ շրջանին մէջ անդորր պիտի չհաստատուի:

Անդրադառնալով Վարշաւայի մէջ տեղի ունենալիք «Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովի օրակարգին` Արաղճի ըսած է, թէ օրակարգը կը վկայէ միակողմանի մօտեցման մասին եւ կ՛ապացուցէ, որ Միացեալ Նահանգներ այդպիսի խորհրդաժողով կազմակերպելով այլ նպատակներ կը հետապնդեն:

Ըստ ԻՐՆԱ-ի, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը նշած է, որ իր երկիրը ամբողջովին կը պաշտպանէ Իրանի հետ կնքուած Հիւլէական համապարփակ համաձայնագիրը` վստահեցնելով, որ խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին Միջին Արեւելքի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան առնչուած ընդհանուր նիւթեր, եւ ատիկա պիտի չունենայ հակաիրանեան ուղղուածութիւն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիան պիտի չմասնակցի յառաջիկայ ամիս Վարշաւայի մէջ նախատեսուած վեհաժողովին:

 

Նախորդը

«Ուքրանիան Իսրայէլէն Կը Սորվի` Ինչպէս Պաշտպանել Սեփական Երկիրն Ու Ստեղծել Հզօր Բանակ» Կ՛ըսէ Փորոշենքօ

Յաջորդը

«Լիպիոյ Կայունութիւնը Չի Համապատասխաներ Ֆրանսայի Շահերուն» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Փոխվարչապետը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.