Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենեզուելայի Տագնապին Վերաբերող Միջազգային Կեցուածքներ. Թուրքիա Կը Կանգնի Մատուրոյի Կողքին

January 25, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարք մը երկիրներ Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը յայտարարեցին:

Քրեմլին շատ վտանգաւոր նկատեց Վենեզուելայի դէպքերուն զինուորական արտաքին որեւէ միջամտութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Նիքոլաս Մատուրոյի` նոյն ատեն դատապարտելով «երկրին մէջ իշխանութեան բռնաբարումը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Վենեզուելան ռազմավարական գործընկեր է, որուն կը զօրակցինք եւ պիտի զօրակցինք: Կը զգուշացնենք Միացեալ Նահանգները Վենեզուելայի մէջ զինուորական որեւէ միջամտութենէն, որ աղէտալի բեմագրութիւն մը պիտի ըլլայ»:

«Վենեզուելայի կողքին պիտի կանգնինք պաշտպանելու անոր գերիշխանութիւնը եւ այլոց ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու սկզբունքը», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան երկիրներու կողմէ Խուան Կուայտոն Վենեզուելայի նախագահ ճանչնալը անոնց` «Վենեզուելայի մէջ քաոսի ստեղծման մեղսակցութեան» ապացոյցն է: Ան յայտնեց, թէ Վենեզուելայի մէջ արտաքին միջամտութեանց ցուցանիշներ գոյութիւն ունին, «եւ մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք այդ զարգացումներուն»:

Քուէյթի կառավարութիւնը «վճռական զօրակցութիւն» յայտնեց Մատուրոյի: Քուպայի նախագահ Միկել Տիազ Քանիլ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Մատուրոյի` ընդդէմ «կայսերապաշտութեան պոլիվարեան յեղափոխութիւնը վարկաբեկելու եւ անոր կայունութիւնը քայքայելու փորձերուն»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց` Վենեզուելայի մէջ «աղէտ» մը կանխարգիլելու համար երկխօսութիւն կատարելու: Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց` ականջ տալու վենեզուելացի ժողովուրդին ձայնին եւ ազատ ու հաւաստի ընտրութիւններ կատարելու:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի կոչ ուղղեց` անմիջապէս սկսելու քաղաքական հոլովոյթի մը, որ կը յանգեցնէ ազատ, հաւաստի եւ սահմանադրական կարգի համահունչ ընտրութիւններու: Ան ըսաւ, որ ապահովական մարմիններու կողմէ կիրարկուած չափազանցուած բռնարարքները բոլորովին անընդունելի են եւ տագնապը չեն լուծեր:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը Մատուրոյի կոչ ուղղեց` հրաժարելու:

Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնած է Մատուրոյի եւ անոր ըսած. «Ամուր մնայ, մենք կողքիդ ենք»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Մատուրոյի եւ, անդրադառնալով Կուայտոյի ինքզինք երկրի նախագահ հռչակման, յայտնեց. «Այդպիսի յայտարարութիւնը քաոսի կ՛առաջնորդէ: Ընտրուած նախագահ մը կայ, եւ այլ անձ մը ինքզինք նախագահ կը յայտարարէ, իսկ կարգ մը երկիրներ կը գիտակցին ատոր: Այդ մէկը կրնայ քաոս պատճառել: Մենք դէմ ենք պետութիւններու մեկուսացման եւ կը յուսանք, որ կացութիւնը խաղաղ ուղիով կը լուծուի»:

Չինաստան, Իրան, Սուրիա եւ Պաղեստինեան իշխանութիւնը մերժեցին Վենեզուելայի ներքին հարցերուն ամերիկեան միջամտութիւնը:

Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա իրենց կարգին զօրակցեցան Մատուրոյի:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ողջունեց քաջութիւնը վենեզուելացիներուն, որոնք ցոյց կը կատարեն իրենց ազատութեան համար` ընդգծելով. «Եւրոպան կը զօրակցի Վենեզուելայի մէջ ժողովրդավարութեան վերականգնման»:

Նախորդը

«Սուրիոյ Տագնապի Սկիզբէն Ի Վեր Անգարան Եւ Դամասկոսը Առաջին Անգամ Ըլլալով Անուղղակի Հաղորդակցութեան Մէջ Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.