«Դեղին բաճկոններ» ֆրանսական շարժումը իր թեկնածուներու ցուցակը պաշտօնապէս ներկայացուցած է` մասնակցելու համար Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան մայիսին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս Էնֆօ» ձայնասփիւռի կայանը:
Ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, ցուցակը ստացած է «Քաղաքական նախաձեռնութեան միաւորում» անունը: Զայն կը գլխաւորէ նորմանտական Էր գաւառէն հիւանդապահուհի մը, որ 31 տարեկան է: Առայժմ յայտարարուած են ի վերջոյ 79 մարդ ներառելիք ցուցակի միայն տասը թեկնածուներ:
Առաջին տասնեակին վրայ տեղ գտած են ձեռնարկատէր, իրաւաբան, տնային տնտեսուհի, ինքնաշարժ բեռնիչի վարորդ եւ 29-էն մինչեւ 53 տարեկան այլ թեկնածուներ:
«Դեղին բաճկոններ» շարժումը նոյեմբերի կիսուն սկիզբ առաւ Ֆրանսայի մէջ` ի նշան գիներու եւ տուրքերու աճի դէմ բողոքի: Հետագային ցուցարարներու պահանջները ուղղուեցան պետական իշխանութեան կառոյցներուն դէմ, որոնց անոնք կը մեղադրեն երկիրը անարդիւնաւէտ կառավարելու եւ աղքատութեան դէմ պայքարին մէջ բաւարար քայլերու չձեռնարկելու յանցանքով: