Իտալիոյ փոխվարչապետ Մաթէօ Սալվինի յայտնեց. «Ֆրանսան չ՛ուզեր բռնարարքներէ տառապող Լիպիոյ մէջ կացութեան հանդարտեցումը, թերեւս որովհետեւ իր քարիւղային շահերը կը հակադրուին Իտալիոյ շահերուն»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ Իտալիոյ դեսպանը իր մօտ կանչած էր, երբ Իտալիոյ մէկ այլ փոխվարչապետը` Լուիճի տի Մայոն Ֆրանսան ամբաստանած էր Ափրիկէի մէջ աղքատութիւն տարածելու եւ մեծ թիւով գաղթականներ դէպի Եւրոպա մղելու յանցանքով:



