Միջազգային

Խամենէի. «Ամերիկայի Կառավարութիւնը  Արժանի Չէ, Որ Իրան Անոր Հետ Համագործակցի»

Խամենէի. «Ամերիկայի Կառավարութիւնը Արժանի Չէ, Որ Իրան Անոր Հետ Համագործակցի»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի շեշտեց, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը «արժանի չէ, որ Իրան անոր հետ յարաբերութիւններ հաստատէ կամ անոր հետ գործակցի, բացարձակապէս»: Ան Իրանի, շրջանին եւ աշխարհի մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին նշեց. «Իրանի մէջ հաստատուած եւ աճած դիմադրութեան տարրերը այսօր ընդլայնուեցան ու տարածուեցան, եւ արեւմտեան պետութիւններու քաղաքներուն թաղերուն, եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը տեսնենք...

Պէյթ Ժընի Մէջ Բախումի Ընթացքին Սուրիացի  13 Զոհ Եւ Իսրայէլացի 6 Վիրաւոր

Պէյթ Ժընի Մէջ Բախումի Ընթացքին Սուրիացի 13 Զոհ Եւ Իսրայէլացի 6 Վիրաւոր

Երէկ արշալոյսին Դամասկոսի գիւղական շրջանի Պէյթ Ժըն գիւղ իսրայէլեան ուժի մը ներթափանցման ընթացքին իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով 13 անձեր մահացան: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուղղաթիռներ եւ հրետանին ռմբակոծած են Հերմոն լերան լանջին գտնուող գիւղը, այդ պատճառով ալ 9 քաղաքայիններ զոհուած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած: Ռմբակոծումը տեղի ունեցած է, երբ իսրայէլեան ուժեր գիւղ մուտք գործելով երեք երիտասարդներ ձերբակալած են,...

Լեւոն ԺԴ. Պապը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ  Կայունութեան Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ  Մերձեցման Ազդակ Ըլլալու

Լեւոն ԺԴ. Պապը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Կայունութեան Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ Մերձեցման Ազդակ Ըլլալու

Լեւոն ԺԴ. պապը երէկ իր արտաքին առաջին պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Թուրքիա` մասնակցելու Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի նշման: Ան հետեւելով փրոթոքոլին ծաղկեփունջ զետեղեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Աթաթուրքի շիրիմին: Ապա հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Լեւոն ԺԴ. պապը նախագահական համալիրին մէջ պաշտօնական դէմքերու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` «կայունութեան...

Թուրքիա. «Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղապահներու  Տեղակայումը` Միայն Զինադադարի  Հաստատումէն Ետք»

Թուրքիա. «Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղապահներու Տեղակայումը` Միայն Զինադադարի Հաստատումէն Ետք»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անդրադարձած է Ուքրանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու զօրախումբ տեղակայելու առաջարկին` նշելով, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն զինուորական գործողութիւններու դադրեցումէն ետք: «Նախ եւ առաջ, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պէտք է զինադադար հաստատուի: Ատկէ ետք միայն պէտք է խաղաղապահ առաքելութիւն ստեղծուի` յստակ լիազօրութեամբ եւ ատոր մասնակցող իւրաքանչիւր երկրի մասնակցութեան յստակ չափանիշերով», յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Յիշեցնենք, որ...

Սպիտակ Տան Մօտ Յարձակում` Ազգային  Պահակագունդէն Երկու Զինուորներու Վրայ

Սպիտակ Տան Մօտ Յարձակում` Ազգային Պահակագունդէն Երկու Զինուորներու Վրայ

Չորեքշաբթի երեկոյեան Սպիտակ տան մօտ խճողուած շրջանի մը մէջ Ազգային պահակագունդի երկու զինուորներ յարձակումի ենթարկուելով ծանրօրէն վիրաւորուեցան: Ապահովական մարմիններու շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հաղորդեցին, որ յարձակումին հեղինակը աֆղան 29-ամեայ Ռահմանուլլահ Լաքանուալն է, որ յարձակումին ընթացքին օգտագործած է ատրճանակ մը: «Ֆոքս Նիուզ» հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆ յայտնած է, որ կասկածեալը աֆղան մըն է, որ Գանտահար շրջանին մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ...

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ ՀԱՊԿ-ի  Զինուորական Ներուժի Ամրապնդման Առնչուած  Բոլոր Հարցերուն Մէջ Սերտօրէն Համագործակցիլ  Իր Դաշնակիցներուն Հետ»

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ ՀԱՊԿ-ի Զինուորական Ներուժի Ամրապնդման Առնչուած Բոլոր Հարցերուն Մէջ Սերտօրէն Համագործակցիլ Իր Դաշնակիցներուն Հետ»

Ռուսական զէնքը իրական մարտերու մէջ ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը, եւ Մոսկուան ՀԱՊԿ-ի իր դաշնակիցներուն կ՛առաջարկէ նման սարքաւորումներով զինուելու լայնածաւալ ծրագիր: Այս մասին ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ան նշած է, որ ՀԱՊԿ-ի յաջորդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 11 նոյեմբեր 2026-ին Մոսկուայի մէջ: «Ռուսիան պիտի շարունակէ ՀԱՊԿ-ի զինուորական ներուժի ամրապնդման առնչուած բոլոր հարցերուն մէջ սերտօրէն համագործակցիլ իր...

Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը Ուաշինկթընին  Կ՛արտօնէ Քարայիպեան Շրջանին Մէջ Գործողութիւններու  Համար Իր Օդակայաններն Ու Ռազմակայանները Օգտագործել

Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը Ուաշինկթընին Կ՛արտօնէ Քարայիպեան Շրջանին Մէջ Գործողութիւններու Համար Իր Օդակայաններն Ու Ռազմակայանները Օգտագործել

Տոմինիքեան Հանրապետութեան նախագահ Լուիս Ապի Նատեր յայտարարեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներուն պիտի արտօնէ Սանթօ Տոմինկօ միջազգային օդակայանն ու օդուժի ռազմակայան մը օգտագործել Քարայիպեան ծովու եւ Խաղաղական ովկիանոսի շրջանին մէջ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարին համար: Ան այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթի Սանթօ Տոմինկօ այցելութեան ընթացքին: «Միացեալ Նահանգներուն արտօնեցինք սահմանափակ ժամանակի համար օգտագործելու Սան Իսիստորօ օդուժի օդակայանին Լաս...

Թրամփ. «Ուքրանիոյ Պատերազմին Շուրջ  Բանակցութիւններուն Վերջնական  Թուական Գոյութիւն Չունի»

Թրամփ. «Ուքրանիոյ Պատերազմին Շուրջ Բանակցութիւններուն Վերջնական Թուական Գոյութիւն Չունի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ պատերազմին շուրջ բանակցութիւններուն վերջնական թուական գոյութիւն չունի»: «Եթէ Ուքրանիան կրնայ գործարքի հասնիլ, ապա ատիկա լաւ է: Ատիկա թէ՛ իրեն, թէ՛ Ռուսիոյ համար հոյակապ բան է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը: Թրամփ մէկ օր առաջ ալ յայտարարած էր. «Անհամբեր կը սպասեմ մօտ օրէն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումին, երբ...

Ազրպէյճանի, Իրանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ,  Հիւսիս-Հարաւ Երթուղիի Վերաբերեալ  Յուշագիր Ստորագրուած Է

Ազրպէյճանի, Իրանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ, Հիւսիս-Հարաւ Երթուղիի Վերաբերեալ Յուշագիր Ստորագրուած Է

Ազրպէյճանի, Իրանի Եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած Է փոխըմբռնման յուշագիր: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Յուշագիրի ստորագրումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ երկարաժամկէտ եռակողմ համագործակցութեան զարգացման եւ Հիւսիս-հարաւ երթուղիի արեւմտեան հատուածի արդիւնաւէտութեան բարձրացման գործին մէջ: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ սակագնային մօտեցումներու ներդաշնակեցում, միասնական համապարփակ սակագինի ձեւաւորում, կանոնաւոր պլոքային գնացքներու գործարկում եւ փոխադրամիջոցային ընթացակարգերու կատարելագործում: Այս մեքանիզմներու ներդրումը պիտի ստեղծէ աւելի կանխատեսելի, արագ...

Լաւրով. «Թրամփի Ծրագիրը Ոչ Պաշտօնական  Խողովակներով Ստանձնեցինք Եւ Պատրաստ Ենք  Անոր Շուրջ Որոշակի Մշակումներ Քննարկելու»

Լաւրով. «Թրամփի Ծրագիրը Ոչ Պաշտօնական Խողովակներով Ստանձնեցինք Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Շուրջ Որոշակի Մշակումներ Քննարկելու»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Թրամփի ծրագիրը ստանձնեցինք ոչ պաշտօնական խողովակներով եւ պատրաստ ենք անոր շուրջ որոշակի մշակումներ քննարկելու»: Նախքան այդ, Քրեմլին յայտարարեց. «Մոսկուա տակաւին ամբողջովին դրական տրամադրուած է Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութեան հոլովոյթին նկատմամբ»: «Մոսկուա հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ Թրամփի` Ուքրանիոյ վերաբերեալ հրապարակած բնագիրին վրայ բարեփոխումներու կատարման», նշեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը: Ուքրանիան Խաղաղութեան Հաւանական Համաձայնութեան Պայմաններուն Համաձա՞յն Գտնուած Է...

Պոլաթ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Թուրքիոյ  Համար Ռազմավարական Երազ Է»

Պոլաթ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Թուրքիոյ Համար Ռազմավարական Երազ Է»

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Էօմեր Պոլաթ թրքական «Անալիզ» թերթին ներկայացուցած է երկրի առեւտրական եւ գումակային ռազմավարական առաջնահերթութիւնները: Նախարարը, այլ հարցերու շարքին, անդրադարձած է նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը: Պոլաթ նշած է, որ Թուրքիան երեք ցամաքամասերու խաչաձեւման կէտին վրայ իր գումակային կամուրջի դիրքը այլեւս միայն իբրեւ աշխարհագրական առաւելութիւն չի դիտարկեր, այլ նաեւ զայն կը վերածէ աշխարհատնտեսական առաւելութեան: «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային,...

Ըստ Մարդկային Իրաւանց Սուրիական Դիտարանին  Լաթաքիոչ Մէջ Ցուցարարներուն Դէմ Կրակոց

Ըստ Մարդկային Իրաւանց Սուրիական Դիտարանին Լաթաքիոչ Մէջ Ցուցարարներուն Դէմ Կրակոց

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Հոմսի, Համայի, Ժապլէի եւ շրջակայքին մէջ հարիւրաւոր զինեալներ ներխուժած են ալեւի ցուցարարներու հաւաքավայրեր: Վերջիններս ընդառաջած էին խաղաղ ցոյցի կոչին` Ալեւի Իսլամական գերագոյն խորհուրդի ղեկավար շէյխ Ղազալ Ղազալիի, որ նման քայլի հրաւիրած էր իբրեւ պահանջ Սուրիոյ մէջ ամէն տեսակ ահաբեկչութեան ու իրաւախախտումներու կասեցման: Ան նաեւ կոչ ուղղած էր ազգային քննարկում կատարելու դաշնակցային դրութեան...

Ամերիկեան-Ուքրանական  Միացեալ Հաղորդագրութիւն.  «Ժընեւի Բանակցութիւնները Շինիչ Էին  Եւ Արդար Ու Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման  Նկատմամբ Հասարակաց Յանձնառութիւնը Ընդգծեցին»

Ամերիկեան-Ուքրանական Միացեալ Հաղորդագրութիւն. «Ժընեւի Բանակցութիւնները Շինիչ Էին Եւ Արդար Ու Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման Նկատմամբ Հասարակաց Յանձնառութիւնը Ընդգծեցին»

Սպիտակ տունը յայտնեց, թէ Զուիցերիոյ մէջ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ բանակցութիւնները «դէպի յառաջ կարեւոր քայլ» էին` վերահաստատելով, որ որեւէ վերջնական համաձայնութիւն հիմնուած պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան «ամբողջական յարգման վրայ»: Ուաշինկթըն Ժընեւի մէջ բանակցութիւններէն ետք հրապարակեց ամերիկեան-ուքրանական միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէր. «Քննարկումներուն հիմամբ երկու կողմերը մշակեցին խաղաղութեան ծրագիրի արդի եւ բարելաւուած շրջագիծ մը»: «Բանակցութիւնները շինիչ էին, կեդրոնացած, հիմնուած...

Փեսքով. «Երեւան Կը Կարծէ, Թէ Բազմաբեւեռ  Քաղաքականութիւն Կը Վարէ»

Փեսքով. «Մոսկուան Որեւէ Տեղեկութիւն Չէ Ստացած Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւններէն Ետք»

Ռուսիան տակաւին չէ ստացած Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա կարգաւորման ծրագիրի պաշտօնական բնագիրը, որ փոխուած է Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա բանակցութիւններէն ետք: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Մենք տակաւին որեւէ ծրագիր չենք տեսած: Մենք կարդացած ենք Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու յայտարարութիւնները, սակայն տակաւին որեւէ պաշտօնական տեղեկութիւն չենք ստացած»,...

Էրտողան. «Առանց 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի  Պետութեան Ստեղծման  Համաշխարհային Խաղաղութիւն Չկայ»

Էրտողան. «Առանց 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի Պետութեան Ստեղծման Համաշխարհային Խաղաղութիւն Չկայ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, կիրակի օր Ժոհանեսպուրկի մէջ Քսաններու խումբի երկօրեայ ժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Առանց 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան ազատ պետութեան ստեղծման իսկական համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի չիրագործուի»: Էրտողան նշեց, որ Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելայի ղեկավարութեամբ ցեղապաշտական խտրութեան վարչակարգին դէմ արձանագրած յաղթանակը աշխարհի վրայ արդարութեան եւ հաւասարութեան իրագործման ձգտումի ամէնէն հզօր...

Թրամփ Իսլամ Եղբայրները Օտար Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւն Պիտի Որակէ

Թրամփ Իսլամ Եղբայրները Օտար Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Պիտի Որակէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ճասթ Տը Նիուզ» կայքին փոխանցեց, թէ Իսլամ եղբայրները օտար ահաբեկչական կազմակերպութիւն պիտի որակէ, ինչ որ ծանր հարուած է խմբաւորման մը, որ միշտ ալ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը քայքայելու եւ իսլամ երիտասարդներ զինուորագրելով արմատականացնելու ամբաստանութիւններ դիմագրաւած է: «Ատիկա ամէնէն ուժեղ եւ խիստ բառերով տեղի պիտի ունենայ: Այժմ վերջնական փաստաթուղթերը կը պատրաստուին», նշեց Թրամփ: «Ճասթ Տը Նիուզ»...

Սպիտակ Տուն. «Կալանթ Եւ Հալեւի Սալիվընին Ներկայացուցին Համասը Պարտութեան Մատնելու Այլընտրանքները»

Սպիտակ Տուն. «Ամերիկեան Խաղաղութեան Ծրագիրը Թէ՛ Ռուսիոյ, Թէ՛ Ուքրանիոյ Համար Լաւ Է»

Սպիտակ տունը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութիւնը վայելող խաղաղութեան ամերիկեան ծրագիրը, որուն շուրջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, երկու կողմերուն համար ալ «լաւ» է` մերժելով այն մտավախութիւնները, թէ Մոսկուայի պահանջներէն շատերը կը բաւարարէ: Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ նշեց. «Անիկա շարունակուող եւ փոփոխուող է, սակայն նախագահը կ՛աջակցի այս ծրագիրին: Անիկա թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ուքրանիոյ համար...

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի  Ուքրանիոյ Համար Որեւէ Խաղաղութեան Ծրագիրի,  Որ Երկարատեւ Եւ Արդար Խաղաղութիւն Պիտի Բերէ»

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Ուքրանիոյ Համար Որեւէ Խաղաղութեան Ծրագիրի, Որ Երկարատեւ Եւ Արդար Խաղաղութիւն Պիտի Բերէ»

Եւրոպական Միութիւնը պիտի աջակցի Ուքրանիոյ համար որեւէ խաղաղութեան ծրագիրի, եթէ անիկա երկարատեւ եւ արդար խաղաղութիւն պիտի բերէ եւ պիտի ներառէ Ուքրանիան եւ Եւրոպական Միութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս` անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ամերիկեան նոր ծրագիրին: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու...

Փեզեշքիան. «Իրան Իսրայէլի Հետ 12-Օրեայ  Պատերազմի Ժամանակ Որեւէ Աջակցութիւն  Չէ Ստացած Այն Երկիրներէն,  Զորս Իր Դաշնակիցը Կը Նկատէ»

Փեզեշքիան. «Իրան Իսրայէլի Հետ 12-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Որեւէ Աջակցութիւն Չէ Ստացած Այն Երկիրներէն, Զորս Իր Դաշնակիցը Կը Նկատէ»

Իրան Իսրայէլի հետ 12-օրեայ պատերազմի ժամանակ որեւէ աջակցութիւն չէ ստացած այն երկիրներէն, զորս իր դաշնակիցը կը նկատէ: Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան: «Մեր բարեկամ որոշ երկիրներ պէտք է 12-օրեայ պատերազմի ժամանակ մեզի օգնէին, սակայն չօգնեցին», նշած է Իրանի նախագահը:

Թրամփ. «Հաւանական Է, Որ Իրանի Հետ  Համաձայնութիւն Գոյացնենք»

Թրամփ. «Հաւանական Է, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնենք»

Միացեալ Նահանգներ յայտնեց. «Իրան կ՛ուզէ համաձայնութիւն գոյացնել, եւ հաւանական է, որ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացնենք»: «Իրանցիները կ՛ուզեն գործարք կնքել, եւ մենք արագօրէն եւ մեծ ուժով ոչնչացուցինք անոնց երկրին հիւլէական կարողութիւնները», աւելցուց ան: Սպիտակ տան ղեկավարը սէուտական-ամերիկեան ներդրումի համախմբումին իր մասնակցութեան ընթացքին նշեց. «Վերջին ինը ամիսները Միացեալ Նահանգներու նախագահներու պատմութեան մէջ լաւագոյնն էին»: «Սէուտական Արաբիան ՕԹԱՆ-էն դուրս ռազմավարական դաշնակից է, եւ...

Page 52 of 882 1 … 51 52 53 … 882

Արխիւներ