Լեւոն ԺԴ. պապը երէկ իր արտաքին առաջին պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Թուրքիա` մասնակցելու Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի նշման:
Ան հետեւելով փրոթոքոլին ծաղկեփունջ զետեղեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Աթաթուրքի շիրիմին:
Ապա հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Լեւոն ԺԴ. պապը նախագահական համալիրին մէջ պաշտօնական դէմքերու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` «կայունութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ մերձեցման ազդակ ըլլալու»` միեւնոյն ժամանակ զգուշացնելով «անոր վրայ մէկ գոյնի տիրապետութենէն»:
«Շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին ու բազմազանութեան, Թուրքիան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ կամուրջ է, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու հանդիպման վայր», նշեց պապը:
Ան Էրտողանի ներկայութեան իր արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց. «Թուրքիոյ մէջ մէկ գոյնի բռնապետութիւնը երկիրը կ՛աղքատացնէ»` շեշտելով, որ «Հասարակութիւնը միայն բազմազանութեամբ կ՛ապրի»:
«Կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել, թէ իրենք զիրենք թրքական ինքնութեան անբաժանելի մաս նկատող քրիստոնեաները նաեւ փափաք ունին դրական կերպով նպաստելու ձեր երկիրի միասնականութեան», նշեց ան:
«Թրքական հասարակութեան նման հասարակութեան մը մէջ, ուր կրօնը մեծ դեր ունի, անհրաժեշտ է յարգել Աստուծոյ բոլոր զաւակներուն` այր մարդոց եւ կիներուն, քաղաքացիներուն եւ օտարներուն, աղքատներուն ու հարուստներուն արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը», շեշտեց Լեւոն ԺԴ. պապը:
Նշենք, որ պապը կիրակի օր Թուրքիայէն Լիբանան պիտի ժամանէ:


