Միացեալ Նահանգներ յայտնեց. «Իրան կ՛ուզէ համաձայնութիւն գոյացնել, եւ հաւանական է, որ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացնենք»:
«Իրանցիները կ՛ուզեն գործարք կնքել, եւ մենք արագօրէն եւ մեծ ուժով ոչնչացուցինք անոնց երկրին հիւլէական կարողութիւնները», աւելցուց ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը սէուտական-ամերիկեան ներդրումի համախմբումին իր մասնակցութեան ընթացքին նշեց. «Վերջին ինը ամիսները Միացեալ Նահանգներու նախագահներու պատմութեան մէջ լաւագոյնն էին»:
«Սէուտական Արաբիան ՕԹԱՆ-էն դուրս ռազմավարական դաշնակից է, եւ ատիկա չափազանց կարեւոր է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիոյ հետ գործընկերութիւնը աշխարհի վրայ ամէնէն հզօր դաշինքներէն մէկն է»:
«Այսօր Սէուտական Արաբիոյ հետ կնքեցինք 270 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքներ», յայտնեց Թրամփ եւ յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիոյ պիտի ծախենք պատմութեան մէջ արտադրուած լաւագոյն զինուորական սարքերէն մէկ քանին, ներառեալ 300 հրասայլեր, ինչպէս նաեւ հալածիչներ»:
Միւս կողմէ, Թրամփ նշեց. «Ամերիկեան «Էֆ-47» հալածիչը աննախադէպ արագութիւն եւ գաղտագողի թռիչքի կարողութիւն ունի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց. «Սուտանի տագնապին մէջ ներքաշուիլ չէի ծրագրեր, սակայն պիտի սկսինք տագնապին վերջ տալու համար աշխատիլ»:
«Սուտանի տագնապը խելագարութիւն է եւ վերահսկողութենէ դուրս է», աւելցուց ան:
«Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման ինծի բացատրեց Սուտանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ ինծի կոչ ուղղեց այդտեղի տագնապին վերջ տալու», ըսաւ ան:
«Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգէն ստացած բացատրութիւններէս ետք Սուտանի մէջ կացութիւնը սկսայ այլ կերպ տեսնել», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը կ՛ուզէ, որ Սուտանի վերաբերեալ չափազանց ուժեղ բան մը ընեմ, եւ ատոր մէջ ներքաշուիլը ծրագիրներուս մէջ չէր»:
Անդրադառնալով Կազային` Թրամփ նշեց. «Կազայի մէջ խաղաղութիւնը տոկուն է, եւ ոչ թէ` փխրուն»:
«Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդը բացարձակապէս մեծագոյն խորհուրդը պիտի ըլլայ», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին մէջ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին ներկայութեամբ բախտաւոր պիտի ըլլանք»:


