Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլաթ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Թուրքիոյ Համար Ռազմավարական Երազ Է»

November 26, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Էօմեր Պոլաթ թրքական «Անալիզ» թերթին ներկայացուցած է երկրի առեւտրական եւ գումակային ռազմավարական առաջնահերթութիւնները: Նախարարը, այլ հարցերու շարքին, անդրադարձած է նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:

Պոլաթ նշած է, որ Թուրքիան երեք ցամաքամասերու խաչաձեւման կէտին վրայ իր գումակային կամուրջի դիրքը այլեւս միայն իբրեւ աշխարհագրական առաւելութիւն չի դիտարկեր, այլ նաեւ զայն կը վերածէ աշխարհատնտեսական առաւելութեան:

«Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային, Մարմայլը, Եաւուլ Սուլթան Սելիմի կամուրջը, Կարս-Ստամպուլ-Եւրոպա կապուղիները, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը եւ Զարգացման ճամբու նախագիծերը վճռորոշ ենթակառուցային քայլեր են, զորս Թուրքիան կը ձեռնարկէ համաշխարհային առեւտուրի մէջ իր դիրքերը ամրապնդելու եւ յառաջ մղելու համար»:

«Ասիկա ոչ միայն ռազմավարական երազ է, այլ նաեւ առեւտրական անհրաժեշտութիւն», աւելցուցած է ան:

Անդրադառնալով ներկայիս դէպի Կեդրոնական Ասիա իրականացուող արտածումներու ճամբաներուն` Պոլաթ տեղեկացուցած է, որ անոնք Սարպի սահմանային անցակէտով կ՛անցնին շուրջ 950 քիլոմեթր հեռաւորութիւն, ապա ընդգծած, որ երբ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բացուի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ճամբու հեռաւորութիւնը պիտի կրճատուի մինչեւ 400 քիլոմեթր: Նախարարը նաեւ պնդած է, որ այդպիսով Չինաստան-Եւրոպա գիծի տարանցման ժամանակը իր կարգին պիտի կրճատուի 5-7 օրով, իսկ ծախսերը` 15-20 առ հարիւրով:

«Հակառակ անոր որ դժուար է զերոյացնել աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը, սակայն առեւտրական ներուժի գրաւչութիւնը բաւականաչափ ուժեղ է այդ խոչընդոտները յաղթահարելու համար: Երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ Զարգացման ճամբան եւ Զանգեզուրի միջանցքը նախատեսուած են ոչ միայն բազմաձեւ փոխադրումներու համար: Անոնք կը դիտարկուին նաեւ իբրեւ ռազմավարական ուժանիւթային եւ հաղորդակցութեան միջանցքներ», աւելցուցած է Թուրքիոյ նախարարը:

Ան շեշտած է, որ այդ նախագիծերը կը համարկեն քարիւղի խողովակներ ու կազատար խողովակներ, ֆիպրոփթիք ենթակառոյց, ինչպէս նաեւ ելեկտրահաղորդման գիծեր, եւ Թուրքիան կ՛երթայ ոչ միայն գումակային, այլ նաեւ արտադրական ու ուժանիւթային կեդրոն դառնալու ուղիով:

 

Նախորդը

Ըստ Մարդկային Իրաւանց Սուրիական Դիտարանին Լաթաքիոչ Մէջ Ցուցարարներուն Դէմ Կրակոց

Յաջորդը

Լաւրով. «Թրամփի Ծրագիրը Ոչ Պաշտօնական Խողովակներով Ստանձնեցինք Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Շուրջ Որոշակի Մշակումներ Քննարկելու»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.