Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Իսլամ Եղբայրները Օտար Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Պիտի Որակէ

November 25, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ճասթ Տը Նիուզ» կայքին փոխանցեց, թէ Իսլամ եղբայրները օտար ահաբեկչական կազմակերպութիւն պիտի որակէ, ինչ որ ծանր հարուած է խմբաւորման մը, որ միշտ ալ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը քայքայելու եւ իսլամ երիտասարդներ զինուորագրելով արմատականացնելու ամբաստանութիւններ դիմագրաւած է:

«Ատիկա ամէնէն ուժեղ եւ խիստ բառերով տեղի պիտի ունենայ: Այժմ վերջնական փաստաթուղթերը կը պատրաստուին», նշեց Թրամփ:

«Ճասթ Տը Նիուզ» կայքը օրեր առաջ հրապարակած էր Իսլամ եղբայրներու գործունէութեան եւ Թրամփի վարչակազմին մէջ անոր նկատմամբ հետզհետէ մագլցող մտահոգութեան մասին ծաւալուն զեկուցում մը` նշելով, որ Թրամփ այդ որոշումը որդեգրելու մասին կը մտածէր իր նախագահական առաջին ընտրաշրջանէն ի վեր:

Նշենք, որ Թեքսասի հանրապետական նահանգապետ Կրեկ Ապըթ անցեալ շաբաթ հրապարակեց Իսլամ եղբայրներն ու Իսլամական-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորհուրդը օտար ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ անդրսահմանային քրէական կազմակերպութիւններ որակող հրամանագիր մը:

Իսլամական-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորհուրդը մերժեց այդ որակումը եւ Թեքսասի կառավարութեան դէմ դատական հայց ներկայացուց:

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի, կազմակերպութիւնը նշած է, որ իր անդամներուն Թեքսասի մէջ հողեր գնել արգիլող որոշումը կ՛ոտնահարէ անոնց սահմանադրութեամբ ամրագրուած սեփականութեան եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքները:

Նախորդը

Փափուաշվիլի. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Նոր Հեռանկարներ Կը Բանայ Ամբողջ Շրջանին Համար»

Յաջորդը

Էրտողան. «Առանց 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի Պետութեան Ստեղծման Համաշխարհային Խաղաղութիւն Չկայ»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.