Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Թրամփի Ծրագիրը Ոչ Պաշտօնական Խողովակներով Ստանձնեցինք Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Շուրջ Որոշակի Մշակումներ Քննարկելու»

November 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Թրամփի ծրագիրը ստանձնեցինք ոչ պաշտօնական խողովակներով եւ պատրաստ ենք անոր շուրջ որոշակի մշակումներ քննարկելու»:

Նախքան այդ, Քրեմլին յայտարարեց. «Մոսկուա տակաւին ամբողջովին դրական տրամադրուած է Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութեան հոլովոյթին նկատմամբ»:

«Մոսկուա հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ Թրամփի` Ուքրանիոյ վերաբերեալ հրապարակած բնագիրին վրայ բարեփոխումներու կատարման», նշեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը:

Ուքրանիան Խաղաղութեան Հաւանական Համաձայնութեան
Պայմաններուն Համաձա՞յն Գտնուած Է

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ուքրանիան հաւանութիւն տուաւ խաղաղութեան հաւանական համաձայնութեան պայմաններուն»:

«Ուքրանացիները համաձայն գտնուեցան խաղաղութեան համաձայնութեան, եւ կան կարգ մը փոքր մանրամասնութիւններ, զորս պէտք է լուծել», աւելցուցած է պաշտօնատարը:

Ուքրանացի պաշտօնատար մը «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ին յայտնեց. «Ամերիկեան խաղաղութեան ծրագիրի կէտերը 28-էն 19-ի նուազեցան»:

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Խաղաղութեան
Ծրագիրը Բարելաւման Կը Կարօտի»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նշեց. «Եւրոպայի մէջ մեր երկիրներու գլխաւոր սպառնալիքը Ռուսիան է: Ուքրանիան ապահովական երաշխիքներու կարիքը ունի»:

«Եւրոպային կը մնայ ռուսական սառեցուած հաշիւները ինչպէս օգտագործելը որոշել», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ շեշտեց. «Ուքրանիոյ վերաբերեալ ամերիկեան ծրագիրը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, սակայն կան հարցեր, որոնք բարելաւման կը կարօտին»:

«Մենք կ՛ուզենք, որ Ուքրանիան խաղաղութիւն ունենայ, եւ ոչ թէ անձնատուր ըլլայ», աւելցուց Մաքրոն:

Ան յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք, սակայն ոչ պատերազմի ընթացքին, Ուքրանիոյ մէջ կրնան տեղակայուիլ «զսպող ուժեր», որոնք պիտի տեղակայուին ճակատէն հեռու` Քիեւի եւ Օտեսայի նման քաղաքներու մէջ:

Անոր համաձայն, առաքելութեան պիտի մասնակցին Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ զինուորներ: Անոնց խնդիրները պիտի ըլլան ուքրանական բանակը մարզելը եւ անվտանգութիւն ապահովելը` նոյնը, ինչպէս ՕԹԱՆ-ի երկիրները կ՛աջակցին դաշինքի արեւելեան թեւին մէջ գտնուող պետութիւններուն:

Մաքրոն շեշտեց, որ ատիկա պիտի ըլլայ միջկառավարական դաշինք, եւ ոչ թէ ՕԹԱՆ-ի գլխաւորած առաքելութիւն, եւ որ շուրջ 20 երկիր պատրաստ է ցամաքի վրայ, ծովու կամ օդի մէջ մասնակցելու:

 

Նախորդը

Պոլաթ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Թուրքիոյ Համար Ռազմավարական Երազ Է»

Յաջորդը

Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ Միջազգային Ընտրովի Սկզբունքներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.