Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Ամերիկեան Խաղաղութեան Ծրագիրը Թէ՛ Ռուսիոյ, Թէ՛ Ուքրանիոյ Համար Լաւ Է»

November 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութիւնը վայելող խաղաղութեան ամերիկեան ծրագիրը, որուն շուրջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, երկու կողմերուն համար ալ «լաւ» է` մերժելով այն մտավախութիւնները, թէ Մոսկուայի պահանջներէն շատերը կը բաւարարէ:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ նշեց. «Անիկա շարունակուող եւ փոփոխուող է, սակայն նախագահը կ՛աջակցի այս ծրագիրին: Անիկա թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ուքրանիոյ համար լաւ ծրագիր է, եւ կը կարծենք, թէ երկու կողմերուն համար ալ ընդունելի պիտի ըլլայ»:

Ան յայտնեց, որ ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ «ամիսներէ ի վեր գաղտնաբար աշխատեցան» այս ծրագիրին շուրջ` «հասկնալու համար, թէ այդ երկու երկիրները ի՛նչ պատրաստ են տալու` տեւական խաղաղութեան հասնելու համար»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու ծրագիրը կը ներառէ ՕԹԱՆ-ի դաշինքին օրինակով անվտանգութեան երաշխիքներ:

28 կէտերէ բաղկացած առաջարկին հիմամբ Լուկանսք, Տոնեցք եւ Խրիմ շրջանները իբրեւ «ռուսական հողեր» պիտի ճանչցուին, իսկ ուքրանական բանակին թուաքանակը կիսով պիտի նուազի: Ռուսիան եւ Ուքրանիան նաեւ պիտի բաժնեկցին Խերսոն եւ Զապորոժիէ շրջանները, եւ Ուքրանիան պիտի հրաժարի ՕԹԱՆ-ին անդամակցելէ եւ այդ կէտը ամրագրէ իր սահմանադրութեան մէջ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա Ժոհանեսպուրկի մէջ Քսաններու խումբի ժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Եւրոպական Միութեան մէջ որեւէ ծրագիր պաշտօնապէս չստանձնեցինք»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը իր կարգին յայտնեց. «28 կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը յայտարարուեցաւ: Քսաններու խումբի ժողովի ծիրին մէջ եւրոպացի ղեկավարներուն եւ այստեղ գտնուող ղեկավարներուն հետ կացութիւնը պիտի քննարկենք»:

«Հարցը քննարկելու համար նաեւ կապ պիտի հաստատեմ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ», աւելցուց ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց, որ իրենք ամերիկեան ծրագիրը տակաւին պաշտօնապէս չեն ստացած, եւ մինչեւ անոր փոխանցուիլը «առարկայական քննարկումներ չեն կրնար ըլլալ»:

Նախորդը

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Ուքրանիոյ Համար Որեւէ Խաղաղութեան Ծրագիրի, Որ Երկարատեւ Եւ Արդար Խաղաղութիւն Պիտի Բերէ»

Յաջորդը

ԵԱՀԿ. «Մինսքի Խմբակը Իր Գործունէութիւնը Պաշտօնապէս Պիտի Աւարտէ 1 Դեկտեմբերին»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.