Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ պատերազմին շուրջ բանակցութիւններուն վերջնական թուական գոյութիւն չունի»:
«Եթէ Ուքրանիան կրնայ գործարքի հասնիլ, ապա ատիկա լաւ է: Ատիկա թէ՛ իրեն, թէ՛ Ռուսիոյ համար հոյակապ բան է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ մէկ օր առաջ ալ յայտարարած էր. «Անհամբեր կը սպասեմ մօտ օրէն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումին, երբ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութիւնը պատրաստ ըլլայ կամ իր վերջին փուլերուն մէջ ըլլայ»:
«Անցնող շաբթուան ընթացքին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու ուղղութեամբ հսկայական յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ մեր մշակած խաղաղութեան սկզբնական ծրագիրը պատրաստ է, երկու կողմերէն ալ լրացումներ կատարուած են, եւ միայն քանի մը վիճելի կէտեր կը մնան», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:


