Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Խաղաղութեան Առաջարկներ Կը Մշակեն` Հաշուի Առնելով Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Դիրքորոշումները»
Ամերիկեան վարչակազմը Ուքրանիոյ տագնապի լուծման համար կը մշակէ առաջարկներ` հաշուի առնելով Մոսկուայի եւ Քիեւի դիրքորոշումները, եւ կը կարծէ, թէ երկու կողմերն ալ պէտք է զիջումներ կատարեն: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ: Ան կը գրէ, թէ լուծումը «կը պահանջէ լուրջ եւ իրատեսական գաղափարներու մանրամասն փոխանակում»: «Երկարատեւ խաղաղութեան հասնիլը կը պահանջէ, որ երկու կողմերն...




















