Չորեքշաբթի երեկոյեան Սպիտակ տան մօտ խճողուած շրջանի մը մէջ Ազգային պահակագունդի երկու զինուորներ յարձակումի ենթարկուելով ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
Ապահովական մարմիններու շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հաղորդեցին, որ յարձակումին հեղինակը աֆղան 29-ամեայ Ռահմանուլլահ Լաքանուալն է, որ յարձակումին ընթացքին օգտագործած է ատրճանակ մը:
«Ֆոքս Նիուզ» հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆ յայտնած է, որ կասկածեալը աֆղան մըն է, որ Գանտահար շրջանին մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ ամերիկեան բանակին հետ գործած է եւ Միացեալ Նահանգներ հասած է սեպտեմբեր 2021-ին` Միացեալ Նահանգներու Աֆղանիստանէն հեռանալէն մէկ ամիս ետք:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ դէպքը «ահաբեկչական արարք» է` նշելով, որ կասկածելին Աֆղանիստանէն եկած է 2021 թուականին: Ան հրամայեց Ուաշինկթընի մէջ Ազգային պահակագունդի յաւելեալ 500 զինուորներ տեղակայել:
Ամերիկեան քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի ծառայութիւններու վարչութիւնը չորեքշաբթի ուշ գիշերին հաղորդեց, որ ցնոր տնօրինութիւն կը դադրեցնէ աֆղան քաղաքացիներու բոլոր դիմումներու ուսումնասիրութիւնը:
Նշենք, որ նախքան այդ, Թրամփ իր կառավարութեան կոչ ուղղած էր վերստին քննելու իր նախորդին` Ճօ Պայտընի օրով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած աֆղան գաղթականներու ներկայութեան հարցը:


