Ռուսական զէնքը իրական մարտերու մէջ ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը, եւ Մոսկուան ՀԱՊԿ-ի իր դաշնակիցներուն կ՛առաջարկէ նման սարքաւորումներով զինուելու լայնածաւալ ծրագիր: Այս մասին ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ան նշած է, որ ՀԱՊԿ-ի յաջորդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 11 նոյեմբեր 2026-ին Մոսկուայի մէջ:
«Ռուսիան պիտի շարունակէ ՀԱՊԿ-ի զինուորական ներուժի ամրապնդման առնչուած բոլոր հարցերուն մէջ սերտօրէն համագործակցիլ իր դաշնակիցներուն հետ: Մենք մեր ջանքերը պիտի կեդրոնացնենք ազգային զօրքերու մարտական պատրաստուածութեան բարձրացման եւ հաւաքական ուժերու հրամանատարութեան ու վերահսկողութեան բարելաւման վրայ», նշած է Փութին:
Ան առաջարկած է լայնածաւալ ծրագիր ՀԱՊԿ-ն զինելու ռուսական ամէնէն արդիւնաւէտ զէնքերով եւ սպառազինութեամբ, որ իրական զինուորական գործողութիւններու մէջ ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը:
Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիան իր նախագահութեան ընթացքին ամէն ինչ պիտի ընէ` ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան հիմնական ոլորտներուն մէջ շարունակականութիւնը պահպանելու համար:
«Մոսկուան մտադիր է զարգացնել ՀԱՊԿ-ի երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը` հիմնուած իսկական դաշինքի, բարեկամութեան եւ բարի դրացնութեան, իրարու շահերը յարգելու եւ հաշուի առնելու, փոխադարձ օգնութեան եւ աջակցութեան սկզբունքներուն վրայ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:


