Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնած Սլովենիոյ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, թէ Ապահովութեան խորհուրդը երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին շարք մը արեւմտեան պետութիւններու դիմումով պիտի գումարէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ ժողով մը: Ներկայացուցչութիւնը նշեց, որ ժողովի գումարման դիմումը ներկայացուած է Դանիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հարաւային Քորէայի եւ Բրիտանիոյ կողմէ, իսկ Սլովենիան միացած է այդ դիմումին: Ժողովը պիտի գումարուի Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին:...

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ,  Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին  Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիէն որոշ չափով հիասթափուած է, որովհետեւ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու իր առաջարկած խաղաղութեան ծրագիրին յառաջ մղման մասնակից չէ: Թրամփ «Քենետի» կեդրոնի կազմակերպած ձեռնարկի ընթացքին լրագրողներու հարցումին պատասխանելով յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ուքրանացի ղեկավարներուն հետ խօսեցայ, ներառեալ Զելենսքին: Պէտք է ըսեմ, որ որոշ չափով հիասթափուած եմ, որովհետեւ...

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը  Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան,  Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Ուքրանիոյ տագնապի լուծման կողմերը հետզհետէ աւելի կը հասկնան, թէ պէտք է լռութեան մէջ աշխատին: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ակնյայտ է, որ կողմերը այժմ աւելի յստակ կը հասկնան, թէ աշխատանքը պէտք է լռութեան մէջ կատարուի: Նման աշխատանքը չի կրնար իրականացուիլ լիակատար հրապարակայնութեան մէջ: Ատիկա կառուցողական պիտի չըլլայ: Ամէնէն կարեւորը` անիկա արդիւնքի պիտի չհասնի», յայտնած է...

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի.  Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապը Կը Մօտենայ  Հաւանական Շրջադարձային Կէտի` Եւրոպայի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող  Պառակտման Պայմաններուն Մէջ

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապը Կը Մօտենայ Հաւանական Շրջադարձային Կէտի` Եւրոպայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Պառակտման Պայմաններուն Մէջ

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ տագնապը կը մօտենայ հաւանական շրջադարձային կէտին` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պառակտման պայմաններուն մէջ: Այս մասին կը գրէ «Պլումպըրկ»: Լրատու գործակալութեան տուեալներով` եւրոպացի ղեկավարները մտահոգուած են Ռուսիոյ հետ միասնաբար մշակուած խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու Միացեալ Նահանգներու փորձերով, ինչ որ խաթարած է Սպիտակ տան նկատմամբ վստահութիւնը եւ յառաջացուցած «գոյութենական հարցեր». Եւրոպան պիտի կարենայ պաշտպանուիլ, եթէ ՕԹԱՆ-ը...

«Պիտի Շարունակենք Պաղեստինցի Ժողովուրդին  Աջակցիլ, Սակայն Ուրիշներու Քանդածին  Վերակառուցումը Պիտի Չֆինանսաւորենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

«Պիտի Շարունակենք Պաղեստինցի Ժողովուրդին Աջակցիլ, Սակայն Ուրիշներու Քանդածին Վերակառուցումը Պիտի Չֆինանսաւորենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման նշեց. «Համասի հետ մեր յարաբերութիւնները սկսան 13  տարի առաջ` Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով»` աւելցնելով. «Համասի հետ մեր կապի հաստատումը յանգեցուց զինադադարի եւ գերիներու ազատ արձակման»: Ան Տոհայի ֆորումի ընթացքին նշեց. «Մեր աջակցութիւնը Կազայի բնակչութեան կը յատկացուէր, եւ ոչ թէ Համաս շարժումին: Պնդելը, թէ Քաթարը Համասը կը ֆինանսաւորէ, անհիմն է եւ պարզապէս ամբաստանութիւններ»: «Շրջանին...

Ֆիտան. «Իսրայէլի Հետ Սուրիոյ Մէջ  Ճակատում Չենք Ուզեր»

Ֆիտան. «Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժի Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Ներառեալ Անոր Լիազօրութեան Եւ Գործողութիւններու Կանոններուն Շուրջ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Կազայի մէջ կայունութեան ուժի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, ներառեալ անոր լիազօրութեան եւ գործողութիւններու կանոններուն շուրջ»: «Միջազգային ուժին նպատակը պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները իրարմէ անջատելն է», նշեց Ֆիտան: «Մեր միջնորդական աշխատանքներուն նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումն է», ըսաւ ան:

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց. «Սպիտակ տունը յուսախաբ կը զգայ Ուքրանիոյ տագնապի լուծման գործարքի չհասնելու պատճառով»: Վանս ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով իբրեւ փոխնախագահ իրեն ամէնէն շատ յուսախաբութիւն պատճառող հարցի մասին հարցումի մը, նշեց. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կացութիւնը կը կարծեմ ամբողջ Սպիտակ տան համար դարձաւ տեւական յուսախաբութեան աղբիւր»: «Իրապէս կը կարծէինք, եւ Միացեալ Նահանգներու...

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հրապարակեց նոր ռազմավարութիւն մը, որուն համաձայն երկիրը իր միջազգային դերակատարութենէն պիտի անցնի Հարաւային Ամերիկայի եւ ներգաղթի դէմ պայքարին վրայ յաւելեալ կեդրոնացման: Ուրբաթ առաւօտեան հրապարակուած ռազմավարութիւնը կը բովանդակէ խոստում մը` «աշխարհի վրայ մեր զինուորական ներկայութիւնը բարեփոխման ենթարկելու` կարգաւորելու համար մեր կիսագունդին յատուկ հրատապ սպառնալիքները եւ հեռանալու բեմերէ, որոնց ամերիկեան ազգային անվտանգութեան համար կարեւորութիւնը անցնող տասնամեակներուն...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Թրամփ կը նախատեսէ Ս. Ծնունդէն առաջ յայտարարել, որ Կազայի խաղաղութեան հոլովոյթը կը մտնէ իր երկրորդ փուլ, ինչպէս նաեւ ներկայացնել շրջանի կառավարման նոր կառուցուածքը: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»-ը` յղում կատարելով ամերիկացի երկու պաշտօնատարներու եւ հոլովոյթին անմիջականօրէն մասնակից արեւմտեան աղբիւրի մը: Համաձայնագիրի երկրորդ փուլը կը նախատեսէ իսրայէլեան զօրքերու հիմնական մասի դուրսբերումը Կազայէն, միջազգային կայունացման ուժերու ներդրում եւ նոր կառավարման կառուցուածքի մեկնարկ: Այս...

Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու  Նախագահներու Միջեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւնը Որեւէ Պահու Կարելի Է»

Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Որեւէ Պահու Կարելի Է»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ այն ձեւակերպումը, թէ Փութին մերժած է Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան ծրագիրը, սխալ է: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները  պէտք է կարելի եղածին չափ լռութեան մէջ վարուին: «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որեւէ պահու կարելի է, սակայն առայժմ պէտք է փորձագիտական մակարդակով արդիւնքներու հասնիլ», նշած...

Մատուրօ. «Թրամփի Հետ Ընկերական  Հեռաձայնային Զրոյց Մը Ունեցայ»

Մատուրօ. «Թրամփի Հետ Ընկերական Հեռաձայնային Զրոյց Մը Ունեցայ»

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է: «Կրնամ ըսել, թէ զրոյցը տեղի ունեցաւ յարգալից ոճով, եւ կրնամ մինչեւ իսկ ըսել, թէ բարեկամական էր», նշեց Մատուրօ: «Ատկէ աւելի հեռու պիտի երթամ: Եթէ այս կոչով դէպի յարգալից, պետութենէ պետութիւն, երկխօսութիւն քայլեր կ՛որդեգրենք, ապա կ՛ողջունենք երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը, որովհետեւ միշտ ալ խաղաղութեան պիտի...

Ֆիտան. «Ռուսիոյ Առնչուած Քարիւղատար  Նաւերու Սեւ Ծովու Մէջ Թուրքիոյ Բացառիկ  Տնտեսական Գօտիի Մէջ Յարձակումի Ենթարկուիլը  Չափազանց Սարսափելի Է»

Ֆիտան. «Ռուսիոյ Առնչուած Քարիւղատար Նաւերու Սեւ Ծովու Մէջ Թուրքիոյ Բացառիկ Տնտեսական Գօտիի Մէջ Յարձակումի Ենթարկուիլը Չափազանց Սարսափելի Է»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշեց, որ վերջին շրջանին Ռուսիոյ առնչուած քարիւղատար նաւերու Սեւ ծովու մէջ Թուրքիոյ բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ յարձակումներու ենթարկուիլը «չափազանց սարսափելի» է, եւ ազդեց շրջանին մէջ նաւարկումի եւ առեւտուրի անվտանգութեան վրայ: Ֆիտան Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի ժողովէն ետք թրքական լրատուամիջոցներու յայտնեց, թէ Թուրքիոյ, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ նման Սեւ ծովը եզերող երկիրները նոյնպիսի դէպքերու կրկնութենէն խուսափելու համար...

Ճինփինկ. «Փեքին Պիտի Շարունակէ Ուքրանիոյ  Տագնապին Վերջ Տալու  Շինիչ Լուծումի Վրայ Աշխատիլ»

Ճինփինկ. «Փեքին Պիտի Շարունակէ Ուքրանիոյ Տագնապին Վերջ Տալու Շինիչ Լուծումի Վրայ Աշխատիլ»

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Փեքինի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը ընդունելու ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Ֆրանսայի հետ աշխատելու «որեւէ միջամտութիւն արգիլելու» եւ «Չինաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական համապարփակ գործընկերութիւնը աւելի կայուն դարձնելու համար»: «Փեքին պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալու շինիչ լուծումի վրայ աշխատիլ», ըսաւ Չինաստանի նախագահը: Ճինփինկ նաեւ նշեց, որ իր երկիրը պաղեստինցիներուն 100 միլիոն տոլար...

Փութին. «Ռուսիան Ամէն Պարագայի Տոնպասն  Ու Նովոռոսիան Պիտի Ազատագրէ, Եւ Կան Ամերիկեան  Առաջարկներ, Որոնց Համաձայն Չենք»

Փութին. «Ռուսիան Ամէն Պարագայի Տոնպասն Ու Նովոռոսիան Պիտի Ազատագրէ, Եւ Կան Ամերիկեան Առաջարկներ, Որոնց Համաձայն Չենք»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ իր վերջին ժողովին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելով յայտնեց, թէ գրեթէ ամէն կէտ քննարկած է, եւ այդ պատճառով ալ ժողովը շատ երկար տեւած է: «Ամերիկեան առաջարկներուն մէջ կան խնդիրներ, որոնց համաձայն չենք եւ զանոնք Ուիթքոֆի հետ քննարկեցինք», յայտարարեց ան: Փութին երէկ Հնդկաստան իր այցելութեան հնդկական «Ինտիա Թայմզ» օրաթերթին հետ...

Իզմիրի Մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի,  Միացեալ Նահանգներու Եւ Փաքիստանի  Մասնակցութեամբ Միացեալ Ռազմափորձեր

Իզմիրի Մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Փաքիստանի Մասնակցութեամբ Միացեալ Ռազմափորձեր

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են «Արեւելեան Միջերկրական ծով 2025» ռազմափորձերը` Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Փաքիստանի զինեալ ուժերուն մասնակցութեամբ: Ռազմափորձերուն մասնակցած են Ազրպէյճանի ծովուժի անձնակազմի խումբը, Միացեալ Նահանգներու հակաահաբեկչական անվտանգութեան խումբը եւ Փաքիստանի ծովային պարեկութեան օդանաւը:  

Ռուպիօ. «Վենեզուելան Իրանին Եւ Մինչեւ  Իսկ Հըզպալլային Յենարան Կ՛ապահովէ»

Ռուպիօ. «Վենեզուելան Իրանին Եւ Մինչեւ Իսկ Հըզպալլային Յենարան Կ՛ապահովէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ամերիկան «միակ կողմն է, որ կարող է բացերը փակել»` ընդգծելով, որ Ուաշինկթընի ուզածը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ընթացող պատերազմին վերջ տալն է: Ռուպիօ աւելցուց, որ շաբաթական 7000 ռուս զինուոր կը սպաննուի` նշելով, որ ուքրանական կողմին մօտ ալ աւեր կայ: «Այս պատերազմը պէտք է վերջ...

Թրամփ. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլ  Սուրիոյ Հետ Ուժեղ Եւ Իսկական  Երկխօսութիւնը Պահպանէ»

Թրամփ. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլ Սուրիոյ Հետ Ուժեղ Եւ Իսկական Երկխօսութիւնը Պահպանէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտեց. «Շատ կարեւոր է, որ Իսրայէլ Սուրիոյ հետ ուժեղ եւ իսկական երկխօսութիւնը պահպանէ, եւ Իսրայէլ Սուրիոյ բարգաւաճ պետութիւն վերածուելուն հակասող որեւէ բան պէտք չէ կատարէ»: Թրամփ նշեց, որ սուրիական կառավարութեան օգնած կարեւոր բաներէն մէկը Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումն է: Սպիտակ տունը ըսաւ, որ պատժամիջոցներու ջնջումը Սուրիոյ, անոր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ մեծ գնահատումի արժանացաւ:...

Քրեմլինի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան 5 Ժամ  Տեւողութեամբ Բանակցութիւններ

Քրեմլինի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան 5 Ժամ Տեւողութեամբ Բանակցութիւններ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 2 դեկտեմբերին Քրեմլինի մէջ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Թրամփի փեսայ Ճարետ Քուշները` բանակցելու համար ուքրանական պատերազմի դադրեցման շուրջ: Հինգ ժամ տեւած հանդիպումին մասնակցած են Ռուսիոյ ղեկավարի բանագնաց Քիրիլ Տմիթրիեւ եւ Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ խաղաղութեան հարցին շուրջ փոխզիջումի չեն...

Սթարմըր. «Չինաստանը Բրիտանիոյ Համար  Իրական Սպառնալիք Է»

Սթարմըր. «Չինաստանը Բրիտանիոյ Համար Իրական Սպառնալիք Է»

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Չինաստանը կոչած է Բրիտանիոյ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք, սակայն Փեքինի հետ համագործակցութեան թեր արտայայտուած է: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Այո՛, ասիկա երկիր մըն է, որ Բրիտանիոյ ազգային անվտանգութեան համար իրական սպառնալիք կը ներկայացնէ», պնդած է բրիտանական կառավարութեան ղեկավարը Լոնտոն Սիթիի լորտ-քաղաքապետին կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող աւանդական ճաշկերոյթի ընթացքին: Սթարմըր միեւնոյն ժամանակ քննադատած է Լոնտոնի եւ...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Շատ Շուտով  Պիտի Սկսին Ցամաքային Գործողութիւններու  Ճամբով Թիրախաւորել Թմրեցուցիչի  Վենեզուելացի Մաքսանենգները»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Շատ Շուտով Պիտի Սկսին Ցամաքային Գործողութիւններու Ճամբով Թիրախաւորել Թմրեցուցիչի Վենեզուելացի Մաքսանենգները»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ իր երկիրը «շատ շուտով» պիտի սկսի ցամաքային գործողութիւններու ճամբով թիրախաւորել «թմրեցուցիչի վենեզուելացի մաքսանենգները», երբ նախապէս ջանքերը կեդրոնացած էին ծովուն վրայ: Թրամփ զինեալ ուժերու անդամներու հետ Գոհաբանութեան տօնին առիթով տեսակապի ճամբով զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մարդիկ հաւանաբար այլեւս չեն ուզեր ծովու ճամբով թմրեցուցիչներ փոխադրել, եւ պիտի սկսինք նաեւ անոնց այդ մէկը ցամաքի ճամբով կատարելը արգիլել»`...

Page 51 of 882 1 … 50 51 52 … 882

Արխիւներ