Միջազգային

Թուրքիան Կը Շարունակէ  Սպառազինութիւն Ուղարկել Իտլիպ

Թուրքիան Կը Շարունակէ Սպառազինութիւն Ուղարկել Իտլիպ

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը  արձանագրած է թրքական զինեալ ուժերու յաւելեալ շարասիւնի մը մուտքը Սուրիա «Քաֆր Լուսին» անցակէտէն, ուրկէ մեքենաները ուղղուած են Իտլիպ: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ թրքական զինուորական շարասիւնը բաղկացած է 15 փոխադրամիջոցներէ, որոնք զինուորական ու սպառազինական նշանակութեան սարքեր տեղափոխած են` շարժելով դէպի Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտի: Իտլիպի մէջ զինադադար հաստատելու եւ ռուս¬թրքական միացեալ վերահսկողութիւն կատարելու մասին...

«Քիեւի Մէջ Մտադիր Են Տոնպասի Խնդիրը Լուծել  Արցախեան Պատերազմին Օրինակով»  Կ՛ըսէ Փուշքով

«Քիեւի Մէջ Մտադիր Են Տոնպասի Խնդիրը Լուծել Արցախեան Պատերազմին Օրինակով» Կ՛ըսէ Փուշքով

Տոնպասի մէջ ղարաբաղեան բեմագրութեան իրագործումը անկարելի է: Իր «Թելեկրամ» ալիքին վրայ այս մասին գրեց Ռուսիոյ Ծերակոյտի անդամ Ալեքսէյ Փուշքով: Քաղաքական գործիչին համաձայն, Քիեւէն տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, որ այնտեղ կը նախատեսեն ղարաբաղեան բեմագրութիւնը կիրարկել Տոնպասի նկատմամբ` մտածելով, որ եթէ Ազրպէյճան յաջողած է, ապա ինչո՞ւ Ուքրանիան պիտի չյաջողի: «Այդպիսի բեմագրութիւնը պիտի չյաջողի քանի մը պատճառներով: Նախ` Տոնպասն ու Լուկանսքը հասարակաց սահման ունին...

«Լաւատես Ենք Ծոցի Տագնապի Լուծման  Առնչութեամբ. Չենք Կրնար Ըսել, Թէ Բոլոր Խնդիրները  Մէկ Օրուան Մէջ Պիտի Լուծուին»  Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Լաւատես Ենք Ծոցի Տագնապի Լուծման Առնչութեամբ. Չենք Կրնար Ըսել, Թէ Բոլոր Խնդիրները Մէկ Օրուան Մէջ Պիտի Լուծուին» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման նշեց. «Լաւատես ենք Ծոցի տագնապի լուծման նկատմամբ. չենք կրնար ըսել, թէ բոլոր խնդիրները մէկ օրուան մէջ պիտի լուծուին»: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ծոցի տագնապի որեւէ լուծում համապարփակ պէտք է ըլլայ եւ Ծոցի միասնականութիւնը պահպանէ: Պըն Ապտելռահման յոյս յայտնեց, որ հարցերը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, «սակայն չենք կրնար կանխատեսել, եթէ շարժումը անմիջական է...

Ռուհանի Էրտողանի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ղարաբաղեան  Տագնապին Մէջ Բանակցային Հոլովոյթի  Վերականգնման Աջակցելու

Էրտողան Եւ Ռուհանի Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր իրանցի պաշտօնակից Հասան Ռուհանիի հետ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Բանակցութիւններու ընթացքին Էրտողան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը մտած է նոր փուլ: Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պիտի...

Փեսքով Մեկնաբանած Է Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցային Հոլովոյթին Մասնակցելու Ձգտումը

«Ռուսիան Չէ Փոխած Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիան, ինչպէս միւս երկիրները, չէ փոխած իր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ, այդ տարածքին պատկանելիութիւնը շատոնց որոշուած է Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Այս տարածքին պատկանելիութիւնը շատոնց որոշուած է Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերով: Այդ ամէնը նշուած է Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մէջ: Ռուսիան ոչինչ...

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Եւրոպական Միութիւնը  Դուրս Մղած Են Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ  Եւ Սուրիոյ Տագնապներու Լուծման Հոլովոյթներէն»  Կ՛ըսէ Պորել

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Եւրոպական Միութիւնը Դուրս Մղած Են Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ Եւ Սուրիոյ Տագնապներու Լուծման Հոլովոյթներէն» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորելի կարծիքով` Ռուսիան ու Թուրքիան «կ՛ասթանայացնեն» (խօսքը Սուրիոյ տագնապի լուծման Ասթանայի ձեւաչափի մասին է, «Ա.») Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ խնդիրները, այսինքն` Եւրոպական Միութիւնը դուրս կը մղեն նշեալ տագնապներու լուծման հոլովոյթներէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներուն նման խնդիրներու մէջ մենք ականատեսն ենք...

Պայտըն Յայտարարած Է Ռուսիոյ, Չինաստանի  Եւ Իրանի Նկատմամբ Բազմաբեւեռ  Քաղաքական Մօտեցումի Մասին

Պայտըն Յայտարարած Է Ռուսիոյ, Չինաստանի Եւ Իրանի Նկատմամբ Բազմաբեւեռ Քաղաքական Մօտեցումի Մասին

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ, դեմոկրատական Ճօ Պայտըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի նկատմամբ բազմաբեւեռ քաղաքական մօտեցումի մասին: «Մենք պէտք է մաս կազմենք մեծ խումբի, որպէսզի գործ ունենանք ո՛չ միայն Իրանի, այլ նաեւ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ այլոց հետ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը: Միեւնոյն ժամանակ, Պայտըն ըսած է, որ մինչեւ պաշտօնը ստանձնելը չի կրնար ձեւակերպել...

Էրտողան. «Փարիզ` Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահ, Կորսնցուցած Է Վստահութիւնը»

Էրտողան. «Փարիզ` Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ, Կորսնցուցած Է Վստահութիւնը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ֆրանսան կորսնցուցած է վստահութիւնը` իբրեւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով համանախագահ, իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր  երկրին համար խնդիր է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը: «Ֆրանսան կորսնցուցած է իր վստահութիւնը` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի միջնորդ: Ֆրանսան Մաքրոնի հետ կ՛ապրի շատ վտանգաւոր ժամանակաշրջան: Ես կ՛ուզեմ, որ ան շուտ ազատի...

Շոյկու Իր Գերմանացի  Պաշտօնակիցը Համեմատած Է  «Երես Առած Աշակերտուհիի» Հետ

«Ռուս Խաղաղապահները Ամէն Ինչ Կ՛ընեն Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Պահպանման Համար» Կ՛ըսէ Շոյկու

Ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՛ընեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու համար, անոնց ջանքերով Ստեփանակերտ վերադարձած է աւելի քան 30 հազար բնակիչ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու` երէկ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին: Նախարարը նշած է, թէ տագնապի գօտի խաղաղապահներու մուտքը արտօնած է կարգաւորել շրջանի իրավիճակը: «Զինադադարի մասին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան...

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ  Տապալած Է Հակահայկական Նախագիծ Մը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Տապալած Է Հակահայկական Նախագիծ Մը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ տապալած է հակահայկական նախագիծ մը: Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամները 2021 թուականի` ազգային պաշտպանութեան հաստատման վերաբերեալ օրէնքէն վերցուցած են հակահայկական ձեւակերպումներ բովանդակող զեկուցումը, որ կը վերաբերի Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ազրպէյճանի մէջ ներքին տեղահանուածներու կարգավիճակին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, որ այդ զեկուցումը որակած էր «թշնամական ու միակողմանի» եւ աշխատանքներ տարած զայն չեղեալ...

Ազրպէյճան Թուրքիայէն Ներածած Է  256 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Զինամթերք

Ազրպէյճան Թուրքիայէն Ներածած Է 256 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Զինամթերք

Ազրպէյճան 2020 թուականի յունուարէն նոյեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին Թուրքիայէն ներածած է 256 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնք եւ սպառազինութիւն: Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ վերջին 11 ամիսներուն ընթացքին Թուրքիայէն զէնքի դէպի Ազրպէյճան արտածումը աճած է 600 առ հարիւրով: Ազրպէյճան Թուրքիայէն ներմուծած զինամթերքն ու սպառազինութիւնը օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին: Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի, Ազրպէյճանի կողմէ օգտագործուող թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան...

«Մենք Գիտենք, Թէ Ո՛վ Սպաննած Է Ֆախրիզատէն, Եւ Վրէժ Պիտի Լուծենք»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Մենք Գիտենք, Թէ Ո՛վ Սպաննած Է Ֆախրիզատէն, Եւ Վրէժ Պիտի Լուծենք» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է, որ Թեհրան իրեն իրաւունք կը վերապահէ ժամանակին պատասխանելու երկրի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ, գիտնական Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: «Կասկած չկայ, որ իրանցի գիտնականի սպանութիւնը կը վկայէ Իրանի ժողովուրդի իրական թշնամիներուն անզօրութիւնը, եւ այդ մեծ ոճիրին դէմ վրէժը Իրանի կառավարութեան...

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին  Գործոց Նախարարութենէն Բարձրաստիճան  Ներկայացուցիչի Մը.  Իրանի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի  Միջեւ Զինեալ Տագնապի Սպառնալիք Չկայ

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Բարձրաստիճան Ներկայացուցիչի Մը. Իրանի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զինեալ Տագնապի Սպառնալիք Չկայ

Ներկայիս Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ զինեալ տագնապի սպառնալիք չկայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի եւ Վենեզուելայի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Էլիոթ Ապրամս: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իրականութեան մէջ կա՞յ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի կողմէ յառաջիկային Իրանը հարուածելու եւ ատոր իբրեւ հետեւանք զինուորական բախումի իրական սպառնալիք, Ապրամս ըսած է. «Եթէ ես ստիպուած...

«Շրջանի Բոլոր Ահաբեկիչները Կրթութիւն  Կը Ստանան Սէուտական Արաբիոյ  Հովանաւորած Դպրոցներուն Մէջ»  Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Շրջանի Բոլոր Ահաբեկիչները Կրթութիւն Կը Ստանան Սէուտական Արաբիոյ Հովանաւորած Դպրոցներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ նշած է. «Շրջանի իւրաքանչիւր ահաբեկչական խմբաւորում կրթութիւն ստացած է Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ֆինանսաւորուող կրօնական դպրոցներուն մէջ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: Այս առնչութեամբ, երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր թուիթըրեան էջին վրայ կատարած է գրառում մը, ուր մանրամասնած է. «Սէուտական Արաբիոյ ոչ մէկ խառնաշփոթ չի կրնար թաքցնել այս տգեղ իրողութիւնը»: Այլ գրառումով...

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային  Հետախուզութեան Տնօրէնին.  Վերջին 75 Տարուան Ընթացքին  Ժողովրդավարութեան Մեծագոյն  Սպառնալիքը Չինաստանն Է

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնին. Վերջին 75 Տարուան Ընթացքին Ժողովրդավարութեան Մեծագոյն Սպառնալիքը Չինաստանն Է

Միացեալ Նահանգներ յայտնած են երկրին համար վերջին 75 տարուան մեծագոյն սպառնալիքի անունը: Կը պարզուի, որ այս բոլոր տարիներուն համաշխարհային գերակայութեան տնտեսական, զինուորական, ճարտարագիտական, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ու ազատութեան ոլորտներուն մէջ Միացեալ Նահանգներուն խանգարած է Չինաստանը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս եզրակացութեան յանգած է Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ճոն Ռետքլիֆ` «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի համար նախատեսուած իր յօդուածին մէջ:...

Չաւուշօղլու. «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Կրակոցի Դադրեցման  Յայտարարութիւնը Կրնայ Դրական Ազդեցութիւն Ունենալ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Վրայ»

Չաւուշօղլու. «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Կրակոցի Դադրեցման Յայտարարութիւնը Կրնայ Դրական Ազդեցութիւն Ունենալ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Վրայ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գնահատած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ստորագրուած յայտարարութեան հաւանական ազդեցութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման մասին յայտարարութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ», ըսած է Չաւուշօղլու` ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ տեսաժողովի ձեւաչափով:

Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա Եւ Ֆրանսա  Կը Պահանջեն Օտարերկրեայ Վարձկանները  Անյապաղ Դուրս Բերել Լեռնային Ղարաբաղի Տարածքէն

Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա Եւ Ֆրանսա Կը Պահանջեն Օտարերկրեայ Վարձկանները Անյապաղ Դուրս Բերել Լեռնային Ղարաբաղի Տարածքէն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան Միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով կոչ ուղղեցին Լեռնային Ղարաբաղի շրջանէն անյապաղ դուրս բերելու օտարերկրեայ վարձկանները: Այս մասին կը նշուի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ: Միջնորդ երկիրները Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն շարունակելու լիարժէքօրէն կատարել 9 նոյեմբերին եռակողմ...

«Ռուսիան Կ՛ակնկալէ, Որ ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւնները  Աւելի Շատ Պիտի Օժանդակեն Լեռնային Ղարաբաղի  Հարցով Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւններու  Կեանքի Կոչման»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Կ՛ակնկալէ, Որ ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւնները Աւելի Շատ Պիտի Օժանդակեն Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւններու Կեանքի Կոչման» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) անդամ պետութիւնները աւելի աշխուժ պիտի օժանդակեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման ուղղուած եռակողմ յայտարարութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: «Տագնապներու լուծման հարցին մէջ կազմակերպութեան ունեցած...

«Զինուորական Գերիներու Եւ Զոհերու  Մարմիններու Փոխանակման Հարցը Ռուս Խաղաղապահ  Առաքելութեան Ղեկավարութեան  Վերահսկողութեան Տակ Է»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Զինուորական Գերիներու Եւ Զոհերու Մարմիններու Փոխանակման Հարցը Ռուս Խաղաղապահ Առաքելութեան Ղեկավարութեան Վերահսկողութեան Տակ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին եւ զինադադարի դրութեան պահպանման: «Անցեալ շաբթուան ընթացքին շարունակուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման ուղղուած ջանքերը, զինադադարի դրութեան խախտում չէ արձանագրուած: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ 30 նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի...

«Ֆրանսան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրէ`  Ղարաբաղեան Տագնապի Քաղաքական Լուծման Համար»  Կ՛ըսէ Լը Տըրիան

«Ես, Լաւրովն Ու Պիկընը Մտադիր Ենք Շարունակել Աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Շուրջ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան, անոր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրով ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սիթըն Պիկըն մտադիր են շարունակել ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման որոնման աշխատանքները: Այս յայտարարութիւնը Լը Տրիան կատարած է ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենայ Թիրանայի մէջ: Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, ռուս եւ ամերիկացի...

Page 399 of 883 1 … 398 399 400 … 883

Արխիւներ