Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնին. Վերջին 75 Տարուան Ընթացքին Ժողովրդավարութեան Մեծագոյն Սպառնալիքը Չինաստանն Է

Դեկտեմբեր 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ յայտնած են երկրին համար վերջին 75 տարուան մեծագոյն սպառնալիքի անունը: Կը պարզուի, որ այս բոլոր տարիներուն համաշխարհային գերակայութեան տնտեսական, զինուորական, ճարտարագիտական, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ու ազատութեան ոլորտներուն մէջ Միացեալ Նահանգներուն խանգարած է Չինաստանը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս եզրակացութեան յանգած է Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ճոն Ռետքլիֆ` «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի համար նախատեսուած իր յօդուածին մէջ:

Ռետքլիֆ բացատրած է, որ այս եզրակացութիւնը կատարած է ոչ թէ զերօ հիմքով, այլ` հետախուզական տեղեկութեան հիման վրայ: Անոր համաձայն, իրեն հասանելի եղած է բոլոր տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ ստացուած հետախուզական տուեալներու մեծագոյն չափաբաժինը: Ստացուած տեղեկութիւնը ուսումնասիրելէ ետք ան եկած է այն եզրակացութեան, որ նոյնինքն Չինաստանը ներկայիս մեծագոյն սպառնալիքն է Միացեալ Նահանգներուն համար եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր աշխարհի վրայ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան համար մեծագոյն սպառնալիքը:

«Չինաստանը մտադիր է գերիշխել Միացեալ Նահանգներուն եւ ամբողջ աշխարհին` տնտեսական, զինուորական եւ ճարտարագիտական ոլորտներուն մէջ», կը գրէ Ռետքլիֆ:

Հեղինակը իբրեւ օրինակ կը նշէ Միացեալ Նահանգներու մէջ արդիւնաբերական, ճարտարագիտական եւ գիտական լրտեսութեան համար չիներու բազմաթիւ ձերբակալութիւնները: Ամէն տարի Չինաստանի քաղաքացիները կը գողնան 500 միլիառ տոլարի ամերիկեան մտաւոր սեփականութիւն, ներառեալ զինուորական ոլորտի գիտելիքներ:

«Միացեալ Նահանգներէն զինուորական ճարտարագիտութիւններու գողութիւնը ուղղուած է Չինաստանը աշխարհի գլխաւոր զինուորական տէրութիւնը դարձնելուն: Չինական բանակի զինուորներուն վրայ փորձարկումներ կը կատարուին` կենսաբանօրէն աւելի զարգացած կարելիութիւններ ունեցող զինուորներ ստանալու յոյսով», կը նշէ Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան պետը:

Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան պետը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը այնպէս մը վերաբաշխուած է, որ հիմնական ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ Չինաստանի վրայ:

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Հիմա Հասարակութեան Միասնական Թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն Է»

Յաջորդը

«Շրջանի Բոլոր Ահաբեկիչները Կրթութիւն Կը Ստանան Սէուտական Արաբիոյ Հովանաւորած Դպրոցներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?