Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման նշեց. «Լաւատես ենք Ծոցի տագնապի լուծման նկատմամբ. չենք կրնար ըսել, թէ բոլոր խնդիրները մէկ օրուան մէջ պիտի լուծուին»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ծոցի տագնապի որեւէ լուծում համապարփակ պէտք է ըլլայ եւ Ծոցի միասնականութիւնը պահպանէ:
Պըն Ապտելռահման յոյս յայտնեց, որ հարցերը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, «սակայն չենք կրնար կանխատեսել, եթէ շարժումը անմիջական է կամ տագնապը ամբողջովին պիտի լուծէ»: